Տիրիլ ամոլի սպանութեան նոր ծալքերը

Բազում հարցումներ կան, որոնք անպատասխան մնացած են։ Ո՞վ կամ որո՞նք առեւանգեցին Շրնաք քաղաքիի Պէյթիւլշեպափ գաւառի Մեղր (Քովանքայա) գիւղի բնակիչ Հիւրմիւզ եւ Շիմունի Տիրիլ ամոլը։ Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս։ Ո՞ւր սպաննուեցաւ Շիմունի Տիրիլ։ Այս հարցումներէն ոչ մէկը յստակ պատասխան ունի։ Միակ յստակ իրողութիւնը Շիմունի Տիրիլի անշունչ մարմնի յայտնութիւնն է։ Իսկ ամուսինէն՝ Հիւրմիւզէն մինչեւ օրս ոչ մէկ լուր։ Այս մասին զրուցեցինք իրենց որդւոյն՝ Հայր Ռեմզի Տիրիլի հետ։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Նախ սկսինք ձեր ման­­կութանն ալ ան­­ցած Մեղր գիւ­­ղը նկա­­րագ­­րե­­­լով։

Ինչպէս անունն ալ կը վկա­­յէ մեր գիւ­­ղը բնու­­թագրող կա­­րեւո­­րագոյն ար­­տադրու­­թիւնը մեղրն է։ Անոր բնա­­կիչ­­նե­­­րը ան­­ցեալին եղած են հա­­յերը։ Մենք այդ գիւ­­ղը հաս­­տա­­­տուած ատեն հա­­յերը ար­­դէն չկա­­յին։ Իմ ըն­­տա­­­նիքը Հա­­քարիի Թիարի գիւ­­ղէն է։ Մեզ քաղ­­դէացի կը կո­­չեն։ Իսկ մենք մեզ ասո­­րի, մայ­­րե­­­նի լե­­զուն ալ ասո­­րերէն կը կո­­չենք։ Մեղ­­րը իմ ծննդա­­վայրն է, ուր ապ­­րած եմ մին­­չեւ ու­­թը տա­­րեկան։ 1989-ին գիւ­­ղը եւ հա­­րեւան բո­­լոր գիւ­­ղե­­­րը տե­­ղահան եղան պե­­տական որո­­շու­­մով։ Մեր հե­­ռանա­­լէն ետք զի­­նուոր­­նե­­­րը գիւ­­ղը հրկիզ­­ե­­­ցին։ Իս­­թանպուլ փո­­խադ­­րո­­­ւեցանք։ Յատ­­կա­­­պէս տա­­րեց­­նե­­­րը դժկա­­մեցան գիւ­­ղը լքե­­լու։

Իսկ ե՞րբ վե­­րադար­­ձաք։

1992-ին էր, որ պատ­­կան մար­­միննե­­րէ թոյլտո­­ւու­­թիւն ստա­­նալով վե­­րադար­­ձանք մեր գիւ­­ղը։ Ափ­­սո­­­սան­­քով տե­­սանք, որ մեծ հա­­ռեւան­­նե­­­րը չէին վե­­րադար­­ձած։ Վե­­րակեր­­տե­­­ցինք մեր հրկի­­զուած տու­­նե­­­րը։ Այդ տա­­րինե­­րուն գիւ­­ղը ոչ ճամ­­բայ ու­­նէր, ոչ ելեկտրա­­կան հո­­սանք, ոչ ալ ըմ­­պե­­­լի ջու­­րի ցանց։ Նոյն տաուայ աշ­­նան ու­­սա­­­նելու հա­­մար կրկին Իս­­թանպուլ եկայ։ Ար­­դէն ըն­­տա­­­նիքս ալ չէր ու­­զեր որ գիւ­­ղը մնա­­յի։ Այդ տա­­րինե­­րը թէժ կրիւ­­ներ կը կա­­յանար զի­­նուոր­­նե­­­րու եւ քիւրտ ազա­­տամար­­տիկնե­­րու մի­­ջեւ։ Գիւ­­ղը այդ կռիւ­­նե­­­րու առանցքին կը գտնո­­ւէր։ Կա­­րելի չէր զի­­նեալ ազա­­տամար­­տիկնե­­րը գիւ­­ղէն վտա­­րել։ Աւե­­լի վերջ զի­­նուոր­­նե­­­րը կու գա­­յին եւ մեզ կը տան­­ջէին ազա­­տամար­­տիկնե­­րը կե­­րակ­­րե­­­լու պնդու­­մով։ Թէ հայրս եւ թէ մեր հա­­րեւան­­նե­­­րէն շա­­տեր բա­­զում ան­­գամներ այդ պնդումնե­­րով ձեր­­բա­­­կալուեցան եւ բան­­տարկո­­ւեցան։ 1993-ին մեր գիւ­­ղէն եր­­կու երի­­տասարդներ ան­­յայտ կո­­րան։ Անոնց որուն ձեռ­­քով սպան­­նո­­­ւելուն մա­­սին ակա­­նատես­­նե­­­րու վկա­­յու­­թիւններ կան, բայց փաս­­տե­­­րու ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թեան պատ­­ճա­­­ռաւ ոչ ոք դա­­տուե­­ցաււ։ 1994-ին գիւ­­ղը կրկին ան­­գամ դա­­տար­­կո­­­ւեցաւ։ «Այժմ հե­­ռացէք, ամ­­ռան կրկին կու գաք» ըսած էին, բայց մենք դեռ բլու­­րին չէինք հա­­սած, երբ ծու­­խը սկսաւ բարձրա­­նալ գիւ­­ղի վե­­րեւ։ Փո­­խադ­­րո­­­ւեցանք Կեզ­­նաղ գիւ­­ղը, ուր հա­­զիւ մէկ տա­­րի կրցանք մնալ։ Ապա այդ գիւ­­ղի բնա­­կիչ­­նե­­­րու հետ միասին կրկին վտա­­րուե­­ցանք ու վե­­րադար­­ձանք Իս­­թանպուլ։

2004-ին կրկին դիմում կա­­տարե­­ցինք գիւղ վե­­րադառ­­նա­­­լու հա­­մար։ Հայրս նա­­խաձեռ­­նողն էր գիւղ վե­­րադառ­­նա­­­լու որո­­շու­­մին, բայց շա­­տեր հա­­մամիտ չէին իրեն հետ։ 2010-ին մեր ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րը ամառ­­նե­­­րը գիւղ կ՚եր­­թա­­­յինք։ Աւե­­լի ետք հօրս զար­­մի­­­կը Ապ­­րօ Տի­­րիլ եւս գիւղ գալ սկսաւ։ Մե­­ղուա­­բու­­ծութեամբ կը զբա­­ղէր։ Յե­­տոյ Ֆրան­­սա­­­յէն մէ­­կը եւս եկաւ եւ հօր­­սեղբայրս ու որ­­դի­­­ները։ 2014-ին երբ ես քա­­հանայ ձեռ­­նադրո­­ւեցայ, ծնող­­ներս ալ ամ­­բողջո­­վին գիւղ հաս­­տա­­­տուե­­ցան։ Երբ որ գիւղ եր­­թամ եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ պա­­տարագ կը մա­­տու­­ցեմ։ Եթէ այս դէպ­­քը չպա­­տահէր այս տա­­րի գիւ­­ղի բնա­­կիչ­­նե­­­րու թի­­ւը 50-ի հա­­սած կ՚ըլ­­լար։ Խա­­ղաղու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցի շրջա­­նին յոյ­­սեր ծաղ­­կած էին, որոնց հե­­տեւան­­քով ար­­դիաշունչ տու­­ներ սար­­քո­­­ւեցան եւ հո­­ղածածկ ճամ­­բայ ալ ու­­նե­­­ցանք։

Վեր­­ջին ան­­գամ ե՞րբ խօ­­սած էք ձեր ծնո­­ղաց հետ։

Կա­­ղան­­դի օրն էր, որ խօ­­սեցայ մօրս հետ եւ անոր ըսի թէ Յու­­նո­­­ւարի 8-ին իրենց մօտ պի­­տի ըլ­­լամ։ Սա­­կայն կիսատ մնաց մեր այդ զրոյ­­ցը, յան­­կարծ հե­­ռախօ­­սակա­­պը խզո­­ւեցաւ։ Ափ­­սոս որ ես ծան­­րա­­­բեր­­նո­­­ւած աշ­­խա­­­տան­­քի բե­­րու­­մով ամ­­սուն 8-ին չէի կրցած եր­­թալ։ Վեր­­ջին ան­­գամ Յու­­նո­­­ւարի 7-ի երե­­կոյեան եղ­­բայրս խօ­­սեցաւ իրենց հետ։ Այդ օրէն ետք իրենցմէ լուր չենք ստա­­ցած։ Երբ ամ­­սուն 12-ին գիւղ գա­­ցի իրենք չկա­­յին։ Տան մէջ ամէն ինչ տեղն ու տե­­ղին էր։ Հօրս զար­­մի­­­կին Ապ­­րո­­­յին հար­­ցուցի, յայտնեց թէ «Մենք պի­­տի եր­­թանք, անա­­սուննե­­րը դուն խնա­­մէ» ըսած են։ Ազ­­գա­­­կան­­ներս հետս էին, քա­­նի մը օր սպա­սելէ ետք շրջա­­կայ­­քի Ոս­­տի­­­կան Զօ­­րաց հրա­­մանա­­տարու­­թեան լուր տո­­ւինք։ Ապ­­րոն մե­­զի տե­­ղեակ չէր պա­­հած մօրս եւ հօրս ան­­հե­­­տացու­­մէն։ Ես երբ 12 Յունուարին գիւղ հա­­սայ, ըսաւ որ 11 Յու­­նո­­­ւար շա­­բաթ օր 3 հո­­գի զի­­րենք տա­­րած է։

Ու­­րեմն կ՚ըսէք որ հա­­կասու­­թիւններ կայ Ապ­­րո­­­յի պատ­­մածնե­­րուն մէջ։

Ճիշդ էք։ Իր բո­­լոր հայ­­ցե­­­րը հա­­կասա­­կան են։ Շատ բար­­կա­­­ցած եմ իրեն, որով­­հե­­­տեւ մայրս Նո­­յեմ­­բեր ամ­­սու մէջ էր, որ ին­­ծի պատ­­մեց թէ Ապ­­րոն իրենց սպառ­­նա­­­ցած է։

Բայց ին­­չո՞ւ։

1993-ին իրենց որդւոյն կո­­րուստէն հայրս պա­­տաս­­խա­­­նատու կը հա­­մարէր։ Հայրս պատ­­մած էր թէ Ապ­­րո­­­յի կնոջ Մեր­­յէ­­­մի խնդրան­­քով ինք զան­­գա­­­հարած էր Պո­­լիս եւ ու­­զած էր որ գիւղ վե­­րադառ­­նայ։ Եր­­կու պա­­տանի զար­­միկներ վե­­րադար­­ձի ճամ­­բուն կոր­­սո­­­ւեցան։ Հայրս էր որ փաս­­տա­­­բան­­ներ բռնեց, դա­­տերուն հե­­տեւե­­ցաւ եւ խնդի­­րը մին­­չեւ ԵՄԻԱ փո­­խան­­ցեց։

Խնդիր մը եւս կայ։ Հո­­ղի ան­­հա­­­մաձայ­­նութիւն մըն ալ կայ մեր մի­­ջեւ։ 2019-ի Մա­­յիսին Ապ­­րօ Տի­­րիլ ծնող­­նե­­­րուս բնա­­կած տան ուղղու­­թեամբ հինգ ան­­գամ կրա­­կեց։ Աւե­­լի վերջ ըսաւ թէ հար­­բած էր։

Ձեր այս պատ­­մածնե­­րով խնդի­­րը այլ հան­­գա­­­մանք կը ստա­­նայ։ Ի՞նչ ըսել կ՚ու­­զէք։

Հար­­ցազրոյ­­ցը ըն­­դունե­­ցի որ­­պէսզի խնդրին այս երե­­սակին ալ ու­­շադրու­­թիւն դարձնէք։ Կը պնդո­­ւի թէ 7 Յու­­նուարէն ետք գիւ­­ղի հե­­ռախօ­­սացան­­ցին մէջ խան­­գա­­­րումներ եղած են։ Կը պա­­հան­­ջեմ որ ստու­­գո­­­ւին այդ խան­­գա­­­րումնե­­րը։ Տա­­կաւին կը պա­­հան­­ջեմ որ Ապ­­րօ Տի­­րիլի հե­­ռախօ­­սի հա­­ղոր­­դումնե­­րը վեր­­ծա­­­նուին։ Հար­­ցաքննո­­ւի իր բա­­րեկա­­մը Իս­­մաիլը։ Ապ­­րո­­­յի յայ­­տով մայրս ու հայրս դէ­­պի ներ­­քեւ ուղղո­­ւած են։ Մենք ալ այդպէս կը կար­­ծենք։ Մօրս դիակը իր մատ­­նա­­­ցոյց ըրած տե­­ղէն ջու­­րը նե­­տուած ըլ­­լա­­­լու է եւ շուրջ 500 մերթ ջու­­րի հետ քշուած։ Դիազնման տե­­ղեկագ­­րին մէջ կը նշո­­ւի թէ մայրս խոշ­­տանգո­­ւած է։ Որո՞ւ կող­­մէ եւ ին­­չո՞ւ։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի այս ու նման հար­­ցումնե­­րու պա­­տաս­­խա­­­նը Ապ­­րո­­­յի լուրջ հար­­ցաքննու­­մով մը միայն կրնայ յստա­­կանա­­նալ։

Յ.Գ.- Ապ­­րօ Տի­­րիլ եւ ըն­­տա­­­նիքը այս պա­­դումնե­­րէն ետք բնա­­կանա­­բար կ՚ու­­նե­­­նան պա­­տաս­­խա­­­նելու իրա­­ւունք։ Ամե­­նայն ան­­կեղծու­­թեամբ կը յայտնեմ թէ եթէ այդ առու­­մով դի­­մում կա­­տարեն ես պատ­­րաստ եմ իրենց պատ­­մածնե­­րը եւս ընթեր­­ցող նե­­րուն փո­­խան­ցե­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ