Վտանգ համատեղ կեցութեան դիմաց

Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի յա­­րատեւ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րէն է մա­­մու­­լի մի­­ջոցով կա­­տարո­­ւած ատե­­լու­­թեան ցան­­կագրու­­մը։ Վեր­­ջերս հրա­­պարա­­կուե­­ցաւ 2019 թո­­ւի մա­­մու­­լի մէջ ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րու տե­­ղեկա­­գիրը։ Տե­­ղեկագ­­րին մէջ տեղ գտած են լու­­րե­­­րու կամ յօ­­դուած­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ կա­­տարո­­ւած ատե­­լու­­թիւննե­­րը իրենց որա­­կային եւ քա­­նակա­­յին ու­­սումնա­­սիրու­­թեամբ։ Բացի այդ տե­­ղեկագ­­րին կցո­­ւած է նաեւ քիւրտե­­րու դէմ ատե­­լու­­թեան մա­­սին թղթած­­րար մը, որ հիմք կ՚ու­­նե­­­նայ 2019-ի Շրջա­­նային Վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թեան պա­­հուն կա­­տարո­­ւած ատե­­լու­­թիւննե­­րը։

Հիմ­­նարկը այս ցան­­կագրու­­մը կը կա­­տարէ ու­­սումնա­­սիրե­­լով երկրի տա­­րած­­քին ըն­­թերցո­­ւող բո­­լոր թեր­­թե­­­րը եւ շրջա­­նային տա­­րածու­­թիւն ու­­նե­­­ցող մօտ 500 մա­­մուլ։ Տե­­ղեկա­­գիրը կը մատ­­նանշէ որ կա­­տարո­­ւած աշ­­խա­­­տու­­թեան ար­­դիւնքին պար­­զո­­­ւած է թէ ամէն օր կը կա­­յանայ մի­­ջին հա­­շուոյ 17 ատե­­լու­­թեան պատ­­գամ։ Այդ պատ­­գամնե­­րը ուղղո­­ւած կ՚ըլ­­լան ընդհա­­նուր առ­­մամբ 80 ազ­­գա­­­յին կամ կրօ­­նական խմբակ­­նե­­­րու։ Անոնց մէջ առա­­ջին հնգեակը կը կազ­­մեն հա­­յերը, ասո­­րինե­­րը, յոյ­­նե­­­րը, հրեանե­­րը եւ հո­­ռոմ­­նե­­­րը։

Մա­­մու­­լի հե­­տապնդման աշ­­խա­­­տանքնե­­րը նաեւ կը պար­­զեն ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րու գոր­­ծա­­­ծու­­թեան հա­­մեմա­­տական տո­­ւեալ­­ներ։ 2017 եւ 2018-ին ստու­­գո­­­ւած ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րուն մէջ թշնա­­մու­­թիւնը եւ պա­­տերազ­­մի սպառ­­նա­­­լիքը կը կազ­­մէին ընդհա­­նու­­րի 12 եւ 16 տո­­կոս­­նե­­­րը։ Իսկ այս տա­­րի նոյն սահ­­մա­­­նու­­մով գնա­­հատո­­ւած ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րը կը գե­­րազան­­ցեն %18։ Գրա­­ւոր մա­­մու­­լի մէջ ստու­­գո­­­ւած խտրա­­կանու­­թիւնը եւ ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րը ափ­­սոս որ կը վտան­­գեն տար­­բեր ազ­­գութիւննե­­րու կամ հա­­ւատքնե­­րու հա­­մատեղ գո­­յադ­­րութիւ­­նը եւ կը սրեն ըն­­կե­­­րու­­թեան մէջ բե­­ւեռա­­ցու­­մը։ Կը մաղ­­թենք որ նոյն աշ­­խա­­­տու­­թիւնը այս ուղղու­­թեամբ գի­­տակ­­ցութիւն մը յառա­­ջաց­­նէ։ Տե­­ղակա­­գիրը ու­­սումնա­­սիրե­­լու հա­­մար կա­­րելի է այ­­ցե­­­լել. http://redrand.ly/2019YillikRapor

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ