Համավարակը կը խանգարէ հասարակութեան հոգեբանութիւնը

Պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը բա­ցի բնակ­­չութեան առող­­ջութե­­նէ, կա­­րեւոր սպառ­­նա­­­լիք մը դար­­ձած է նաեւ ան­­հատնե­­րու հո­­գեվի­­ճակի առու­­մով։ Ար­­դէն իսկ բռնու­­թեան հա­­կում ու­­նե­­­ցող Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­ցինե­­րը, վեր­­ջերս սկսած են բռնո­­թեան սահմռկե­­ցու­­ցիչ նոր դէպ­­քե­­­րու պատ­­ճառ դառ­­նալ։

Բժիշկնե­­րը եւ առ­­հա­­­սարակ բու­­ժաշխա­­տող­­նե­­­րը իրենց պար­­տա­­­կանու­­թեան բեր­­մամբ կը գտնո­­ւին վա­­րակո­­ւելու առա­­ջին գծին վրայ։ Ար­­դա­­­րեւ ամէն որ կը լսո­­ւի մա­­հացող բժիշ­­կի մը բօ­­թը։ Հե­­տեւա­­բար Թուրք Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառն ալ ահա­­զանգ հնչե­­ցուց իր ան­­դամնե­­րուն անու­­նով, կա­­ռավա­­րու­­թե­­­նէն պա­­հան­­ջե­­­լով յա­­ւելեալ խնամք ու ու­­շադրու­­թիւն իր ան­­դամնե­­րուն հան­­դէպ։

Ազ­­գա­­­յին Շար­­ժում Կու­­սակցու­­թեան պետ Տեւ­­լեթ Պահ­­չե­­­լի խիստ անար­­գա­­­կան նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րով մե­­ղադ­­րեց Թուրքիոյ Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառը։ Պահ­­չե­­­լի կը պնդէր թէ այդ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը նպա­­տակ ու­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան հա­­մավա­­րակի դէմ վա­­րած պայ­­քա­­­րը նսե­­մաց­­նե­­­լու։

Յա­­ջորդ օր Ան­­գա­­­րայի մէջ պա­­տահա­­ծը շատ աւե­­լի լուրջ զար­­գա­­­ցում մըն էր, երբ խու­­ժա­­­նը կը յար­­ձա­­­կէր հի­­ւան­­դա­­­նոցի շտա­­պօգ­­նութեան բա­­ժինը եւ բու­­ժաշխա­­տող­­նե­­­րը իրենց կեան­­քը փրկե­­լու հա­­մար կը փա­­խէին սե­­նեակ մը եւ սե­­նեակի մուտքը փա­­կելու հա­­մար պատ­­գա­­­րակ­­նե­­­րով պա­­րիքաթ­­ներ կը կազ­­մէին։ Ինչպէս ըսինք վե­­րեւ, հետզհե­­տէ սո­­վորա­­կան ու ամե­­նօրեայ դար­­ձած են այս տե­­սակի ան­­հա­­­ւատա­­լի վայ­­րա­­­գու­­թիւննե­­րը, որոնց մէկ օրի­­նակն ալ պար­զո­ւեցաւ Պրուսայի մէջ։ Պրու­սա­յի քա­ղաքա­պետա­րանի պատ­կա­նող հան­րա­շար­ժէն օգ­տուիլ ու­զող քա­ղաքա­ցի մը զգու­շա­ցուե­ցաւ վա­րոր­դին կող­մէ դի­մակ չկրե­լուն պատ­ճա­ռաւ։ Այսքա­նը բա­ւարար էր որ այդ զգու­շա­ցու­մը վե­րածո­ւէր ծեծկռտու­քի եւ վա­րոր­դը դա­շու­նա­հարեր ու­ղե­ւորը։

Այս պայ­մաննե­րու մէջ է որ սկսաւ ուսման նոր տա­րեշրջա­նը, իր հետ բե­րելով անո­րոշու­թեան բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ։ Այդ խնդիր­նե­րու կա­րեւո­րագոյնն է հե­ռակայ ուսման գոր­ծադրման մէջ տե­ղի ու­նե­ցող կա­ղացումնե­րը։ Այդ կա­ղացումնե­րէն կա­րեւո­րագոյնն է բա­ւակա­նին մեծ թի­ւով աշա­կերտնե­րու հա­մակար­գիչ եւ հե­տեւա­բար ալ հա­մացան­ցի կա­րելիու­թիւն չու­նե­նալը։ Միւս կող­մէ Կրդու­թեան նա­խարա­րու­թեան «ԷՊԱ» կա­յանն ալ կը դժո­ւարա­նայ մի­լիոնա­ւոր աշա­կեր­տութեան նոյն պա­հուն հա­ղոր­դո­ւելով գո­յացած ծան­րա­բեռ­նո­ւածու­թեան դիմաց։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ