Երբ նիւթը Հայաստանն է…

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Կիրա­­կի առա­­ւօտ արթնցանք Ար­­ցախ Ատրպէյ­­ճան սահ­­մա­­­նագ­­ծի զի­­նեալ բա­­խումնե­­րու մա­­սին լու­­րե­­­րով։ Ատրպէյ­­ճան իս­­կոյն յայ­­տա­­­րարեց, որ բա­­խումնե­­րը սկսած են հայ­­կա­­­կան կող­­մի յար­­ձա­­­կումնե­­րով։ Թուրքիոյ լրա­­տուա­­միջոց­­նե­­­րու թղթա­­կից­­նե­­­րուն յար­­ձա­­­կու­­մին սկսած պա­­հուն սահ­­մա­­­նագ­­ծին ըլ­­լա­­­լը եւ ատրպէյ­­ճա­­­նական դիր­­քե­­­րուն ամ­­բողջ սահ­­մա­­­նի տա­­րած­­քին պատ­­րաստ գտնո­­ւիլը կ՚ապա­­ցու­­ցէ թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի առա­­ջին յար­­ձա­­­կող ըլ­­լա­­­լու վար­­կա­­­ծը այդքան ալ իրա­­ւացի չէր։

Օրո­­ւայ ըն­­թացքին զի­­նուոր­­նե­­­րու կող­­քին խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­նե­­­րու կո­­րուստնե­­րու վրեաբե­­րեալ ալ լու­­րեր կը հաս­­նէր։ Հայ­­կա­­­կան աղ­­բիւրնե­­րու հա­­մաձայն Ստե­­փանա­­կեր­­տի մէջ աւե­­լի քան տա­­սը քա­­ղաքա­­ցիներ վի­­րաւո­­րուած էին։ Ատրպէյ­­ճան կը յայ­­տա­­­րարէ թէ իր հսկո­­ղու­­թեան տակ առած է վեց գիւ­­ղեր սա­­կայն այս պնդու­­մը հեր­­քո­­­ւեցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի կող­­մէ։

Ռու­­սիոյ դաշ­­նութիւ­­նը, ԵԱՀԿ, Եւ­­րո­­միու­­թիւնը, կող­­մե­­­րուն կը յանձրա­­րարէին զի­­նադա­­դար մինչ Թուրքիա ամ­­բողջա­­կան զօ­­րակ­­ցութիւ­­ն կը խոստնար Ատրպէյ­­ճա­­­նին եւ բեն­­զին կը լեց­­նէր կրա­­կին վրայ։

Այ­­սօ­­­րուայ զար­­գա­­­ցումնե­­րը հասկնա­­լու հա­­մար պար­­տա­­­ւոր ենք բա­­խումնե­­րուն նա­­խոր­­դող շրջա­­նը քննե­­լու։ Յու­­լի­­­սեան բա­­խումնե­­րէն ետք Հա­­յաս­­տան յա­­ճախ կը նշէր սու­­րիացի ռազ­­միկնե­­րուն ատրպէյ­­ճան փո­­խադ­­րո­­­ւելու մա­­սին։ Նոյն Յու­­լի­­­սեան բա­­խումնե­­րէն ետք Թուրքիա Ատրպէյ­­ճա­­­նի հետ միատեղ ռազ­­մա­­­փոր­­ձեր կա­­տարեց եւ զի­­նուորական պա­­տուի­­րակու­­թիւններ յա­­ճախակի բա­­նակ­­ցութիւններ ու­­նե­­­ցան։ Շուրջ տա­­սը օր առաջ Թու­­րիոյ մա­­մու­­լին մէջ առանց աղ­­բիւր նշե­­լու լրա­­տուու­­թիւններ յայտնուեցան, ըստ որոնց ՓՔՔ-ական­­ներ Ղա­­րաբա­­ղի մէջ էին։ Թէեւ այդ պնդումնե­­րը հեր­­քո­­­ւեցան Ար­­ցա­­­խի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու կող­­մէ սա­­կայն այդ հեր­­քումնե­­րը եր­­բեք տեղ չգտան թրքա­­կան մե­­տիայի մէջ։ Մինչ այդ Թուրքիոյ կա­­ռավա­­րու­­թիւնն ալ իր բո­­լոր յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն մէջ թի­­րախ կ՚ընտրէր Հա­­յաս­­տա­­­նը։

Կի­­րակի առա­­ւօտո­­ւայ բա­­խումնե­­րը այս են­­թա­­­հողի վրայ տե­­ղի ու­­նե­­­ցան։ Խնդիր­­նե­­­րուն աւե­­լի զուսպ մեր­­ձե­­­ցող Արեւմտեան եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի դի­­տորդնե­­րը տա­­րինե­­րէ ի վեր շա­­րու­­նա­­­կուող լա­­րուա­­ծու­­թեան մէջ միշտ պաշտպա­­նու­­թեան մէջ գտնո­­ւող Հա­­յաս­­տա­­­նին նա­­խայար­­ձակ ըլ­­լա­­­լու պնդու­­մը անտրա­­մաբա­­նական կը գտնէին։

Սա­­կայն Թուրքիոյ Ռա­­տիոյի եւ Հե­­ռուստաըն­­կե­­­րու­­թեան հաս­­տա­­­տաթու­­նը (ԹՌԹ), Անա­­տոլու Աժանս լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թեան եւ թրքա­­կան մե­­տիայի «Հա­­յաս­­տան յար­­ձա­­­կեցաւ Ատրպէյ­­ճա­­­նին» ձե­­ւով ներ­­կա­­­յացու­­ցած լու­­րը իս­­կոյն իւ­­րա­­­ցուց։

Աւե­­լին՝ ան­­տե­­­սուե­­ցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հրա­­պարա­­կած կո­­րուստնե­­րը եւ այն տպա­­ւու­­րութիւ­­նը ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ, թէ միայն ատրպէյ­­ճանցի­­ներ կո­­րուստներ ու­­նե­­­ցած են։ Իշ­­խա­­­նամէտ «Եէնի Շա­­ֆաք» թեր­­թի խմբա­­գիր Իպրահիմ Գա­­րակիւ­­լի «Հրթիռ մը սխալ­­մամբ իյ­­նա­­­լու է Երե­­ւանի կեդ­­րո­­­նին» Թո­­ւիթ­­րեան գրա­­ռու­­մը մեծ թո­ւով գնա­­հատան­­քի ար­­ժա­­­նացաւ։ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան ալ իր «Թո­­ւիթր»եան հա­­շիւէն «Ատրպէյ­­ճա­­­նի ուղղեալ յար­­ձա­­­կումնե­­րուն նոր օղակ մը աւելցնող Հա­­յաս­­տան ան­­գամ մը եւս ապա­­ցու­­ցեց թէ տա­­րած­­քաշրջա­­նի մէջ խա­­ղաղու­­թեան դի­­մաց մե­­ծագոյն սպառ­­նա­­­լիքն է։ Թուրք ազ­­գը ինչպէս միշտ այ­­սօր ալ իր բո­­լոր կա­­րելիու­­թիւննե­­րով ատրպէյ­­ճանցի եղ­­բայրնե­­րու կող­­քին է» ըսաւ։ Զար­­մա­­­նալի չէր որ այս կա­­րավանին միանար նաեւ Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թիւնը։ Իս­­թանպու­­լի քա­­ղաքա­­պետ Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լու նոյն ժա­­մերուն «Թո­­ւիթըր»ի մէջ կը գրէր «Կը պա­­խարա­­կեմ Հա­­յաս­­տա­­­նի Լեռ­­նա­­­յին Ղար­­բա­­­ղեան յար­­ձա­­­կումնե­­րը, որուն զո­­հերը եղած են խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­նե­­­րը։ Կը ցա­­ւակ­­ցիմ զո­­հերուն հա­­մար եւ եղ­­բայր եր­­կիր Ատրպէյ­­ճա­­­նի թուրքե­­րուն ցա­­ւակ­­ցութիւններս կը յայտնեմ»։ Բազ­­մա­­­թիւ հան­­րա­­­պետա­­կան­­ներ եւս ու­­նե­­­ցան նման բնոյ­­թի յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ։ Ազ­­գա­­­յին Շար­­ժում Կու­­սակցու­­թեան շրջա­­նակ­­ներնուն գրա­­ռումնե­­րը չեմ թո­­ւեր ան­­գամ։

Այս ընդհա­­նուր պատ­­կե­­­րը կը պար­­զէ թէ, նիւ­­թը վե­­րաբե­­րի Հա­­յաս­­տա­­­նին, երբ մա­­նաւանդ կը խօ­­սինք պա­­տերազ­­մին, խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­նե­­­րու սպա­­նու­­թեան Թուրքիոյ շրջա­­նակ­­նե­­­րը եր­­բեք չեն խոր­­հիր անխտիր բո­­լոր կո­­րուստնե­­րու հա­­մար ձայն հա­­նելու մա­­սին։ Ընդ հա­­կառա­­կը հա­­սարա­­կու­­թիւնն ալ դիւ­­րաւ կը միանայ պե­­տու­­թեան թե­­լադ­­րած բո­­լոր միտ­­քե­­­րուն։ 30 տա­­րուայ ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող այդ խնդրին մէջ ան­­շուշտ որ Հա­­յաս­­տան ալ ու­­նե­­­ցած է սխալ մեր­­ձե­­­ցումներ կամ որո­­շումներ։ Սա­­կայն ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րուն Թուրքիոյ մէջ տի­­րողը առանց հար­­ցուփոր­­ձի հա­­յատեացու­­թիւն եւ ռազ­­մա­­­տեն­­չութիւն է։

Դի­­տելով Լի­­պիոյ, Սու­­րիոյ, Եգէական ծո­­վու մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած­­նե­­­րը նա­­խապէս ալ նշած էինք որ Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը խիստ կա­­րիքը կը զգան երկրէ դուրս նոր ջո­­կատի մը։ Հե­­տաքրքրա­­կան է, թէ ընդդի­­մադիր­­ներ Լի­­պիոյ, Սու­­րիոյ կամ Յու­­նաստա­­նի հետ տա­­րակար­­ծութիւննե­­րու պա­­հուն որոշ հե­­ռաւո­­րուը­­թիւն մը կը պա­­հեն իշ­­խա­­­նու­­թեան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւննե­­րուն դէմ, երբ նիւթկ վե­­րաբե­­րի Հա­­յաս­­տա­­­նին կը վե­­րաց­­նեն այդ հե­­ռաւո­­րու­­թիւնը եւ դիւ­­րաւ կը նոյ­­նա­­­նան իշ­­խա­­­նու­­թեան հետ։ Ոչ մէ­­կը կը փոր­ձէ խօ­սիլ երկխօ­սու­թեան կամ բա­նակ­ցութիւննե­րու մա­սին։

Երե­ւոյ­թը մտա­հոգիչ է։

(28.09.2020)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ