Համախմբող է ազգային եկեղեցւոյ կոչը

Արցախեան պատերազմը անգամ մը եւս առիթ ընդձեռեց, որ ապացուցուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ազգային դիմագիրծը։ Ամբողջ ազգի համար լինել-չլինելու խնդրի վերածուած Արցախեան պաշտպանութիւնը համախմբած է նաեւ հայ հոգեւորականութիւնը։ Ուստի էջի վրայ հրճուանքով կը ներկայացնենք մեր եկեղեցւոյ առաջնորդներու պատգամները յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան։

«Արցախ հայրենի մեր երկիրը կը կանչէ մեզ բոլորիս՝ պաշտպանելու մեր ազգի իրաւունքները»

«Այ­սօր վաղ առա­­ւօտեան ատրպէյ­­ճա­­­նական զի­­նուած ու­­ժե­­­րը` վերստին խախ­­տե­­­լով զի­­նադա­­դարը, ուխտադ­­րուժ կեր­­պով նա­­խայար­­ձակ են եղել շփման գծի ողջ եր­­կայնքով՝ ռմբա­­կոծե­­լով Ար­­ցա­­­խի խա­­ղաղ բնա­­կավայ­­րեր, այդ թւում եւ մայ­­րա­­­քաղաք Ստե­­փանա­­կեր­­տը։

Ար­­ցախ հայ­­րե­­­նի մեր եր­­կի­­­րը վերստին կան­­չում է մեզ ամեն­­քիս՝ պաշտպա­­նելու մեր ազ­­գի իրա­­ւունքնե­­րը, մեր սրբա­­զան հո­­ղը, մեր ապա­­գան ու ազ­­գա­­­յին ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թիւնը։

Կոչ ենք անում մեր ժո­­ղովրդին միաս­­նութեան եւ քա­­ղաքա­­կան բո­­լոր ու­­ժե­­­րին՝ ստո­­րադա­­սելու հա­­կասու­­թիւննե­­րը յա­­նուն հայ­­րե­­­նիքի պաշտպա­­նու­­թեան կա­­րիք­­նե­­­րի։

Այս պա­­հին, այ­­ցով գտնո­­ւելով Իտա­­լիայում, որի ըն­­թացքում պէտք է հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­նայինք Մեր սի­­րեցեալ եղ­­բայր Հռո­­մի Սրբա­­զան Քա­­հանա­­յապետ Ֆրան­­ցիսկոս Պա­­պի հետ, ընդհա­­տում ենք այն եւ ան­­հա­­­պաղ վե­­րադառ­­նում հայ­­րե­­­նիք։

Աս­­տո­­­ւած պա­­հապան Ար­­ցախ աշ­­խարհին, զօ­­րավիգ ու ապա­­ւէն՝ մեր քա­­ջազուն զի­­նուոր­­նե­­­րին ու հրա­­մանա­­տար­­նե­­­րին». Գա­­րեգին Բ, Ամե­­նայն հա­­յոց կա­­թողի­­կոս:

Սեպ­­տեմբե­­րի 27-ին հայ­­րա­­­պետա­­կան այ­­ցով Իտա­­լիայի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնում գտնո­­ւող Գա­­րեգին Երկրորդ Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսը հե­­ռախօ­­սազ­­րոյց է ու­­նե­­­ցել ՀՀ վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեանի հետ։ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը շեշ­­տել է աշ­­խարհաս­­փիւռ հա­­յու­­թեան նե­­րու­­ժի հա­­մախմբման կա­­րեւո­­րու­­թիւնը եւ իր զո­­րակ­­ցութիւ­­նը յայտնել ՀՀ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րին:

Ինչպէս աւե­­լի վաղ տե­­ղեկա­­ցուել է, Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետն ընդհա­­տել է իր այ­­ցը Իտա­­լիա ու Վա­­թիքան եւ վե­­րադառ­­նում է Հայ­­րե­­­նիք։

Գա­­րեգին Բ. Կա­­թողի­­կոս ու­­ղերձեց Հայ­­րա­­­պետա­­կան մաղ­­թանքի ըն­­թացքին

Սեպ­­տեմբե­­րի 29-ին, նա­­խագա­­հու­­թեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Բ. Կա­­թողի­­կոսի, Սուրբ Գա­­յանէ վան­­քի մէջ կա­­տարո­­ւեցաւ Հայ­­րա­­­պետա­­կան մաղ­­թանք մեր հայ­­րե­­­նիքի՝ Հա­­յաս­­տան եւ Ար­­ցախ աշ­­խարհի խա­­ղաղու­­թեան եւ ան­­սա­­­սանու­­թեան հա­­մար։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միած­­նի միաբան­­նե­­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­տարո­­ւած մաղ­­թանքի աւար­­տին Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսը իր ու­­ղերձը յղեց աշ­­խարհասփյիւռ մեր ժո­­ղովրդին։

«Սի­­րելի բա­­րեպաշտ զա­­ւակ­­ներ Մեր ի Հա­­յաս­­տան, Ար­­ցախ եւ ի սփիւռս,

Այ­­սօր սրբա­­զան այս տա­­ճարի նո­­ւիրա­­կան կա­­մար­­նե­­­րի ներ­­քոյ հա­­մախմբո­­ւել ենք մեր հո­­գեւոր դա­­սի եւ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րի հետ`աղօթք առ Աս­­տո­­­ւած բարձրաց­­նե­­­լու մեր հայ­­րե­­­նիքի խա­­ղաղու­­թեան ու անվտան­­գութեան եւ մեր ժո­­ղովրդի ապա­­հով կեան­­քի հա­­մար։

Ար­­ցախ աշ­­խարհի ազա­­տու­­թիւնն ու ան­­կա­­­խու­­թիւնը, խա­­ղաղ ու ստեղ­­ծա­­­գործ կեան­­քը, մեր սրբա­­զան ար­­ժէքնե­­րը պաշտպա­­նելու գո­­յամարտն ենք վերստին մղում այս օրե­­րին, նո­­րօրեայ մեր պատ­­մութեան այս վճռա­­կան պա­­հին։

Ան­­կախ ու ազատ ապ­­րե­­­լու իրա­­ւունքը աս­­տո­­­ւածա­­պար­­գեւ շնորհ է, ան­­վի­­­ճար­­կե­­­լի եւ ան­­ձեռնմխե­­լի։ Այդ իրա­­ւունքի պաշտպա­­նու­­թեան հա­­մար մեր ժո­­ղովուրդը վճռա­­կան է ու հաս­­տա­­­տակամ։ Ինչպէս յա­­ճախ մեր պատ­­մութեան ըն­­թացքին, այ­­սօր էլ ազգս հա­­յոց այ­­լընտրանք չու­­նի, քան զի­­նուած դի­­մակա­­յու­­թեամբ ար­­ժա­­­նապա­­տուօ­­րէն պաշտպա­­նելու իր կեանքն ու ազա­­տու­­թիւնը։ Մենք մեր ժո­­ղովրդի հետ խստօ­­րէն դա­­տապար­­տում ենք Ատրպէյ­­ճա­­­նի սան­­ձա­­­զեր­­ծած ռազ­­մա­­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան դէմ, ինչպէս եւ ոտնձգու­­թիւննե­­րը Հա­­յաս­­տա­­­նի սահ­­մաննե­­րի նկատ­­մամբ։ Ատրպէյ­­ճա­­­նի ռազ­­մա­­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը, որ ըն­­թա­­­նում են Թուրքիայի ան­­վե­­­րապահ աջակ­­ցութեամբ, կա­­սեց­­կում են աննկուն ոգով եւ աս­­տո­­­ւածա­­պաւի­­նու­­թեամբ հա­­յոց քա­­ջարի բա­­նակի մեր խի­­զախ զօ­­րական­­նե­­­րի եւ զի­­նուոր­­նե­­­րի։ Ար­­դարեւ, «Տէրն է մեր օգ­­նա­­­կանն ու փրկու­­թիւնը …եւ Տէրն է խոր­­տա­­­կում պա­­տերազմնե­­րը» (hմմտ. Ելից 15.2-3) Սի­­րելի­­ներ, ճշմար­­տութիւնն ու ար­­դա­­­րու­­թիւնը մեր կողմն են, եւ մեր հայ­­րե­­­նիքի պաշտպա­­նու­­թեան սուրբ գոր­­ծը Աստծոյ օգ­­նա­­­կանու­­թեամբ եւ ողջ հա­­յու­­թեան միաս­­նա­­­կանու­­թեամբ վերստին պսա­­կելու ենք յաղ­­թա­­­նակով։ Մեզ ոգեշնչում է հայ­­րե­­­նասի­­րական եւ յաղ­­թա­­­կան այն ոգին, որով մեր ժո­­ղովրդի զա­­ւակ­­նե­­­րը շտա­­պում են լրաց­­նել հայ­­րե­­­նիքի պաշտպան­­նե­­­րի շար­­քե­­­րը եւ միաւո­­րել ու­­ժերն ու հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րը ի խնդիր անշրջե­­լի յաղ­­թա­­­նակի։ Այ­­սօր պահն է, որ­­պէսզի ազ­­գո­­­վի ան­­վե­­­հեր պայ­­քա­­­րով մեր հայ­­րե­­­նիքը պաշտպա­­նենք թշնա­­մուց եւ վկա­­յենք մեր միաս­­նա­­­կանու­­թեան ուժն ու ոգու ան­­պարտե­­լիու­­թիւնը։ Մեր հե­­րոսա­­կան մա­­քառումնե­­րը՝ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած հա­­յոց պատ­­մութեան փա­­ռաւոր էջե­­րին, ապա­­ցու­­ցել են, որ ազ­­գա­­­յին հա­­մախմբումն ու միաս­­նա­­­կանու­­թիւնն են յաղ­­թա­­­նակ­­ներ կեր­­տում եւ պար­­զում լու­­սա­­­ւոր հո­­րիզոն­­նե­­­րը մեր գա­­լիքի։

Սի­­րելի զա­­ւակ­­ներ Մեր, Հայ­­րա­­­պետիս յոր­­դորն ու պատ­­գամն է՝ ամուր պա­­հել հայ­­րե­­­նանո­­ւիրու­­մի եւ ազ­­գա­­­նուի­­րու­­մի ոգին, հա­­մախմբել հա­­մազ­­գա­­­յին մեր ողջ նե­­րու­­ժը՝ պաշտպա­­նելու մեր հայ­­րե­­­նիքը եւ թոյլ չտա­­լու ոտ­­նա­­­հարու­­մը մեր ազ­­գա­­­յին ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թեան, թանկ գնով ձեռք բե­­րուած մեր ազա­­տու­­թեան ու ան­­կա­­­խու­­թեան եւ ազ­­գա­­­յին մեր իրա­­ւունքնե­­րի։

Մեր ժո­­ղովրդի առ­­ջեւ հառ­­նած այս փոր­­ձութեան յան­­դի­­­ման։ Մենք ու­­ղերձներ ենք յղել պե­­տու­­թիւննե­­րի ղե­­կավար­­նե­­­րին, մեր քոյր Եկե­­ղեցի­­ների առաջ­­նորդնե­­րին, կրօ­­նապե­­տերին եւ մի­­ջեկե­­ղեցա­­կան տար­­բեր կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րի ղե­­կավար­­նե­­­րին։ Ատրպէյ­­ճա­­­նի բռնա­­տիրա­­կան ու յար­­ձա­­­կողա­­կան ըն­­թացքնե­­րի դէմ կա­­րեւոր են քա­­ղաքա­­կիրթ աշ­­խարհի ջան­­քե­­­րը տա­­րածաշրջա­­նում իրա­­վիճա­­կի կա­­յու­­նացման, խա­­ղաղու­­թեան եւ ստեղ­­ծա­­­գործ ու ապա­­հով կեան­­քի վե­­րահաս­­տատման հա­­մար։ Մարդկա­­յին կեան­­քե­­­րը սուրբ են ու աս­­տո­­­ւածա­­պար­­գեւ, եւ դրանց նկատ­­մամբ ոտնձգու­­թիւնը՝ աս­­տո­­­ւածա­­մեր­­ժութիւն։ Խո­­րապէս ցա­­ւում ենք մեր ամէն մի զո­­հի եւ վի­­րաւո­­րի հա­­մար։ Կո­­րով ու քա­­ջասրտու­­թիւն ենք մաղ­­թում մեր զին­­ծա­­­ռայող­­նե­­­րի ծնող­­նե­­­րին, շու­­տա­­­փոյթ ապա­­քինում՝ բո­­լոր վի­­րաւոր­­նե­­­րին, Սուրբ Հո­­գու մխի­­թարու­­թիւնը՝ զո­­հուած­­նե­­­րի հա­­րազատ­­նե­­­րին։

Ի խո­­րոց սրտի հայ­­ցում ենք Աստծոյ Սուրբ Աջի հո­­վանին ու զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը մեր բա­­նակի քա­­ջարի զի­­նուոր­­նե­­­րին, ար­­ցա­­­խահայ մեր խրոխտ զա­­ւակ­­նե­­­րին, աշ­­խարհաս­­փիւռ մեր ողջ ժո­­ղովրդին։ Թող Տի­­րոջ պահ­­պա­­­նու­­թիւնն ու օրհնու­­թիւնը տա­­րածեալ լի­­նեն մեր հայ­­րենյեաց եւ հա­­մայն հա­­յու­­թեան վրայ», - ասաց Ամե­­նայն Հա­­յոց Հայ­­րա­­­պետը։

Վեր­­ջում Նո­­րին Սրբու­­թիւնը հրա­­ւիրեց ներ­­կա­­­ներին վերստին միաս­­նա­­­կան աղօթք բարձրաց­­նե­­­լու առ Աս­­տո­­­ւած հայ­­րե­­­նիքի խա­­ղաղու­­թեան ու անվտան­­գութեան, հա­­յոց բա­­նակի յաղ­­թա­­­նակի, հա­­մայն մեր ժո­­ղովրդի ապա­­հով կեան­­քի ու բա­րօրու­թեան, նաեւ յա­նուն հայ­րե­նիքի պաշտպա­նու­թեան զո­հուած մեր հե­րոս զա­ւակ­նե­րի հո­գինե­րի խա­ղաղու­թեան ու հանգստու­թեան հա­մար։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ
Ա. կաթողիկոս հայ ազգին
ուղղեց հետեւեալ կոչը

Վերջին եր­կու օրե­րու ըն­թացքին Ազրպէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի վրայ կա­տարո­ւած զի­նուո­րական յար­ձա­կու­մը ողջ հա­յու­թիւնը կը հրա­ւիրէ իր ամ­բողջա­կան զօ­րակ­ցութիւ­նը յայտնե­լու հա­յոց բա­նակին, Ար­ցա­խին ու Հա­յաս­տա­նին: Խոր գո­հու­նա­կու­թեամբ կ’ու­զենք հաս­տա­տել, որ հա­յոց բա­նակը ամուր վճռա­կամու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ հա­կադար­ձել Ազրպէյ­ճա­նի յար­ձա­կումնե­րուն:

Այս վճռադ­րոշմ պա­հուն, երբ մեր հայ­րե­նիքին ան­բա­ժան մա­սը կազ­մող Ար­ցա­խը վտան­գի են­թարկո­ւած է, մեր ժո­ղովուրդը Հա­յաս­տա­նի թէ սփիւռքի մէջ չի կրնար սոսկ զգա­ցական սահ­մաննե­րուն մէջ իր զօ­րակ­ցութիւ­նը յայտնել: Անհրա­ժեշտ է, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ իր արեան կան­չով եւ իր հայ­րե­նիքին նկատ­մամբ ու­նե­ցած ան­խախտ հա­ւատար­մութե­նէն մղո­ւած, գործնա­պէս իր օժան­դա­կու­թիւնը բե­րէ հա­յոց բա­նակի առա­ւել հզօ­րաց­ման:

Մենք մնա­յուն կա­պի մէջ ենք Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի պե­տական իշ­խա­նու­թեան, ինչպէս նաեւ Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց կա­թողի­կոսին հետ: Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ զօ­րակոչ յայ­տա­րարո­ւած է: Մենք եւս Մեր կար­գին, հայ­րա­կան կոչ կ՛ուղղենք իւ­րա­քան­չիւր հա­յու ըն­դա­ռաջե­լու հա­մահայ­կա­կան զօ­րակո­չին` ինքզինք նկա­տելով Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի պաշտպա­նու­թեան զի­նուոր: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր բո­լոր թե­մերուն, կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն, ըն­տա­նիք­նե­րուն ու զա­ւակ­նե­րուն, «Հա­յաս­տան» հա­մահայ­կա­կան հիմ­նադրա­մին ճամ­բով իրենց օժան­դա­կու­թիւնը բե­րելու հա­յոց բա­նակի ու Ար­ցա­խի հզօ­րաց­ման:

Մեր ջերմ թե­լադ­րութիւնն է միան­գա­մայն, որ մեր աղօթքնե­րուն մէջ յի­շենք հայ­րե­նիքի պաշտպա­նու­թեան ու հայ ժո­ղովուրդի յա­ւեր­ժութեան հա­մար իրենց արիւ­նը թա­փելու պատ­րաստ մեր զի­նուոր­նե­րը: Հայ­ցենք Բարձրեալն Աս­տուծմէ, որ շու­տա­փոյթ ապա­քինում պար­գե­ւէ մեր վի­րաւոր զի­նուոր­նե­րուն ու հա­յոր­դի­ներուն, լու­սա­ւորէ հո­գինե­րը նա­հատակ զի­նուոր­նե­րուն եւ Իր երկնա­յին հո­վանիին ներ­քեւ պա­հէ ու պահ­պա­նէ Ար­ցա­խը, Հա­յաս­տա­նը եւ մեր հա­մայն ազ­գը:

Հայ­րա­պետա­կան օրհնու­թեամբ եւ հայ­րա­կան սի­րով`

Աղօ­թարար`

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈՂԻ­ԿՈՍ

ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿԻՈՅ

Պատրիարքական Աթոռոյ Յայտարարութիւնը Ի Մասին Ղարապաղի Հարցին

Իսկապէս ցա­­ւառիթ պա­­րագայ մըն է, թէ Ատրպէյ­­ճա­­­նի եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի պե­­տու­­թիւննե­­րը չեն կա­­րողա­­ցած շուրջ երե­­սուն տա­­րիէ ի վեր շա­­րու­­նա­­­կուող Ղա­­րապա­­ղի հար­­ցը սե­­ղանի վրայ լու­­ծել։

Եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ զի­­նեալ բաղ­­խումներն ու պա­­տերազմնե­­րը կող­­մե­­­րուն եւ մարդկու­­թեան հա­­մար կը յայտնո­­ւին ահա­­ւոր կոր­­ծանման եւ կո­­րուստի նշա­­նակու­­թեամբ։ Ըստ մեր կրօն­­նե­­­րու հրա­­մայա­­կանին, կ՚աղօ­­թենք որ ժամ առաջ խա­­ղաղու­­թիւնը հաս­­տա­­­տուի, զէն­­քե­­­րը լռեն եւ կա­­րելի ըլ­­լայ ար­­դար եւ մնա­­յուն հա­­մաձայ­­նութիւն մը գո­­յաց­­նել։

Այս խա­­ղաղու­­թեան հաս­­տա­­­տու­­թեան մէջ Թուրքիոյ ստանձնե­­լիք դե­­րը անժխտե­­լի կա­­րեւո­­րու­­թիւն կը զգե­­նու։ Որ­­պէսզի Կով­­կա­­­սեան եր­­կիրնե­­րու աշ­­խարհագ­­րա­­­կան շրջա­­նը խա­­ղաղու­­թեան վայ­­րի մը վե­­րածո­­ւի, հար­­կա­­­ւոր է շա­­հագրգռո­­ւող պե­­տու­­թիւննե­­րու եւ ժո­­ղովուրդնե­­րու փո­­խադարձ զո­­հողու­­թիւններն ու ներդրու­­մը։

Ատրպէյ­­ճա­­­նի եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի ժո­­ղովուրդնե­­րը եր­­կար դա­­րեր խա­­ղաղու­­թեան մէջ միաս­­նա­­­բար ապ­­րե­­­լու եւ գո­­յատե­­ւելու փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը ու­­նին։ Մեր ամե­­նամեծ մաղ­­թանքն ու աղօթքն է որ «Եղ­­բայր Ազե­­րի եւ Հայ ժո­­ղովուրդնե­­րը» ասու­­թիւնը ներ­­կայ սե­­րունդնե­­րու կող­­մէ եւս վե­­րահաս­­տա­­­տուի։

Յի­­շեց­­նե­­­լով Մեր Տի­­րոջ Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի «Երա­­նի անոնց, որոնք խա­­ղաղու­­թեան հաս­­տա­­­տու­­մին հա­­մար կ՚աշ­­խա­­­տին, որով­­հե­­­տեւ անոնք Աս­­տուծոյ որ­­դի­­­ներ պի­­տի կո­­չուին» խօս­­քը, խա­­ղաղու­­թիւն հաս­­տա­­­տելու իշ­­խա­­­նու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րը կը քա­­ջալե­­րենք, որ­­պէսզի այս ուղղու­­թեամբ իրենց ջան­­քե­­­րը բազ­­մա­­­պատ­­կեն։

Ան­­կասկած, կո­­րու­­սեալ իւ­­րա­­­քան­­չիւր անձ թան­­կա­­­գին է եւ պա­­տերազ­­մի իւ­­րա­­­քան­­չիւր օրը ան­­փո­­­խարի­­նելի կո­­րուստնե­­րու ծնունդ կու տայ եւ կը բա­­նայ՝ ան­­դարմա­­նելի վէր­­քեր։ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մի­­ջեւ հետզհե­­տէ սաստկա­­ցող պա­­տերազ­­մին ժամ առաջ դա­­դար­­ման եւ խա­­ղաղու­­թեան հա­­մար վերստին առիթ ըն­­ծա­­­յելու հար­­կա­­­ւորու­­թեան նկատ­­մամբ սնու­­ցած մեր հա­­ւատ­­քով, մա­­հացած զի­­նուոր­­նե­­­րուն եւ ժո­­ղովրդա­­յին ան­­հատնե­­րուն կը հայ­­ցենք Աս­­տուծոյ ողոր­­մութիւ­­նը եւ մնա­­ցողաց կը մաղ­­թենք համ­բե­րու­թիւն։

Դի­ւան Պատ­րիար­քա­րանի

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ