Դեմոկլեան Թուրը կը ճօճուի ՀՏՓ-ականներու գլխուն

5Սեպտեմբեր ուրբաթ առաւօտ Անգարայի դատախազութեան որոշումով հարցաքննութեան ենթարկուեցան ՀՏՓ կուսակցութեան 82 քաղաքական գործիչներ։ Անոնց մէջ կան ինչպէս նախկին նաեւ այժմու երեսփոխաններ, քաղաքապետներ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ այլն։ Նոյն օր բերման ենթարկուեցան աւելի քան 20 գործիչներ, որոնց մէջ կան Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր կամ Այհան Պիլկենի նման հանրածանօթ անուններ։ Բերման ենթարկուածներուն համար առաջին հերթին արգիլուեցաւ իրենց իրաւապաշտպաններուն հետ տեսակցիլը։ Կարսի համաքաղաքապետ Այհան Պիլկեն եւ քանի մը այլ անձեր իրենց տրուած սնունդէն թունաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցան։ Պիլկեն որոշեց բերման ենթարկուած շրջանին միայն ջուրով սնանիլ։

30 Սեպտեմբերին մեղադրեալները առանջնորդուեցաւ դէպի դատախազութիւն ձերբակալման պահանջով։ Այդ հանգրուանին Այհան Պիլկեն յայտարարեց, որ որոշած է պաշտօնէն հրաժարիլ պայմանաւ որ կառավարութիւնը իր տեղ տեղապահ մը չնշանակէ եւ իրեն փոխանակող անձը ընտրուի քաղաքապետարանի խորհրդարանի կողմէ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ