Կարօ Փայլան խորհրդարանի ամպիոնէն

Նման բնոյ­թով Խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն ելոյթ ու­նե­ցաւ նաեւ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան, որ իր կար­գին քննա­դատեց գւ դա­տապար­տեց Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն այս հա­կամար­տութեան կողմ ըլ­լա­լու ցան­կութիւ­նը։ «Երբ արար աշ­խարհ պատ­գամներ կը փո­խան­ցէ առ­կայ տա­րակար­ծութեան խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով վե­րացու­մը ապա­հովե­լու հա­մար Թուրքիա կ՚ու­զէ բեն­զին լցնել կրա­կին վրայ» ըսաւ Կա­րօ Փայ­լան։

Միւս կող­մէ մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­ներ անընդհատ կոչ կ՚ընեն կող­մե­րուն բա­նակ­ցութեան սե­ղան վե­րադառ­նա­լու մա­սին։ Ան­շուշտ որ բա­ւական ծի­ծաղե­լի կը թո­ւի մի­ջազ­գա­յին հա­սարա­կու­թեան այդ կո­չը, երբ կող­մե­րու մի­ջեւ որոշ հա­ւասա­րու­թիւն պա­հելով կը կա­տարո­ւի։ Այստեղ ան­գամ մը եւս ակա­նատես կ՚ըլ­լանք «Դի­ւանա­գիտու­թիւն» կո­չուած խաբ­կանքին վրայ։ Հա­յաս­տան ինչպէ՞ս ետ կանգնի զի­նեալ պաշտպա­նու­թե­նէ, երբ հա­կառա­կոր­դը իր բո­լոր մար­տա­կան մի­ջոց­նե­րով ձեռ­նարկած է յար­ձա­կու­մի մը։ Ու­րեմն բա­նակ­ցութիւննե­րու կո­չը պէտք է ուղղո­ւած ըլ­լայ ոչ թէ կող­մե­րուն հա­ւասա­րապէս, այլ նախ եւ առաջ մե­ղադ­րել ու դա­տապար­տել նա­խայար­ձա­կը։

Այս մա­սին Ալիեւ նա­խապայ­ման դրաւ Ղա­րաբա­ղի վե­րադար­ձը, եւ ըսաւ որ մին­չեւ այդ պա­հը պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ, ազա­տագ­րե­լու հա­մար իր հո­ղերը։ Միւս կող­մէ վար­չա­պետ Բա­շինեան ալ իր կար­գին մեր­ժեց Բու­թի­նի միջ­նորդու­թիւնը։

ՄԱԿ-ի անվտան­գութեան խոր­հուրդը ար­տա­կարգ նիստ մը գու­մա­րեց խնդրին խա­ղաղ լու­ծում մը գտնե­լու նպատակով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ