Կողմերէն մէկուն ոչնչացումը յաղթանակ չի բերեր

Յատկապէս Միջին Արեւելքի անցուդարձներով մասնագիտացած լրագրող Ֆեհիմ Թաշթեքին «Կազեթէ Տուվար»ի մէջ հրատարակած 19 Հոկտեմբեր թուակիր յօդուածով կը ներկայացնէր ռուսական «Քոմմերսանդ» թերթի լրատուութիւնը։ «Քոմմերսանդ» կը գրէր թէ Թուրք-Ատրպէյճանական համատեղ ռազմավարժութիւններէ ետք Թուրքիա տեղւոյն վրայ թողած էր շուրջ 600 զինուոր 6 ինքնաթիռ 8 ուղղաթիռ, 20 ԱԹՍ, 28 ցամաքային ռազմամեքենայ եւ 1 ալ հրթիռային սարք։ Թերթը մանրամասնօրէն կ՚ընդգծէր 4, 18, 25, 30 Սեպտեմբեր, 1 եւ 3 Հոկտեմբեր թուականներուն դէպի Ատրպէյճան փոխադրուած զէնքերու, դեղորայքի եւ անձնակազմի մասին մանրամասնութիւններ։ Այս մասին «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Ֆեհիմ Թաշթեքինի հետ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

«Կազե­թէ Տու­վա­րի» ձեր գրու­թեան մէջ ման­­րա­­­մաս­­նօ­­­րէն փո­­խան­­ցած էիք «Քոմ­­մերսանդ» թեր­­թի հրա­­պարա­­կած տո­­ւեալ­­նե­­­րը։ Ինչպէ՞ս կա­­րելի է մեկ­­նա­­­բանել ռու­­սա­­­կան մա­­մու­­լի այս հրա­­պարա­­կու­­մը։

«Ըրած­­նե­­­րէդ տե­­ղեակ եմ» ըսել կ՚ուզէ։ Հա­­րաւա­­յին Կով­­կա­­­սը 1810-էն այս կողմ Ռու­­սաստա­­նի հսկո­­ղու­­թեան եւ ազ­­դե­­­ցու­­թեան տակ կը գտնո­­ւի։ Յատ­­կա­­­պէս Վրաս­­տան եւ Ատրպէյ­­ճան վեր­­ջին 30 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին որ­­քան ալ հե­­ռանալ ձգտին Ռու­­սաստա­­նի ստո­­ւերէն, ան այս տա­­րած­­քը կը դի­­տէ իբ­­րեւ իր անվտան­­գութեան գօ­­տին։

Միւս կող­­մէ Թուրքիա իտ­­տի­­­հատա­­կան նկրտումնե­­րով 1918-ին «Կով­­կա­­­սեան Իս­­լամ Բա­­նակ»ի վե­­րակազ­­մութեան նման ար­­կա­­­ծախնդրու­­թիւննե­­րու որ դի­­մէ ան­­շուշտ որ Ռու­­սաստան ու­­շադրու­­թեամբ պի­­տի հե­­տեւէր այդ զար­­գա­­­ցումնե­­րուն։ Մա­­նաւանդ Սու­­րիայէն փո­­խադ­­րո­­­ւած ճի­­հատա­­կան­­նե­­­րուն տա­­րած­­քաշրջան տե­­ղադ­­րումը լուրջ սադ­­րանք մըն է Ռու­­սիոյ հաշ­­ւոյն։ Ռու­­սիոյ 2015-ի Սու­­րիոյ դէպ­­քե­­­րուն մի­­ջամուխ ըլ­­լա­­­լու մղող կա­­րեւոր գոր­­ծօննե­­րէն մէկն ալ Կով­­կասնեան երկիրներէն եկած ահա­­բեկիչ­­նե­­­րուն դէ­­պի Սու­­րիա հոս­­քը եւ անոնց ալաւե­­լի մար­­զո­­­ւած կեր­­պով վե­­րադառ­­նա­­­լու վտանգն էր։ Ան­­շուշտ որ կար ու­­րիշ գոր­­ծօններ եւս։ Սու­­րիա դաշ­­նա­­­կից եր­­կիր էր Խորհրդա­­յին տա­­րինե­­րէն ի վեր։ Էր­­տո­­­ղանի այս քայ­­լե­­­րը քա­­ջու­­թե­­­նէ աւե­­լի մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի։ Ռու­­սաստան Իս­­լամ Պե­­տու­­թեան քա­­րիւ­­ղի վա­­ճառ­­քը եւ ԻՊ- Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը հրա­­պարա­­կելով Թուրքիան պար­­տադրած էր իր հետ հա­­մագոր­­ծակցե­­լու։ Այժմ ալ կը փոր­­ձէ Ար­­ցա­­­խեան պա­­տերազ­­մը ծրագ­­րող եւ քրքրող դե­­րակա­­տար մը ըլ­­լա­­­լով Ան­­գա­­­րայի պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը շեշտել։ Այս հրա­­տարա­­կու­­թիւնները իր մէջ կը պա­­րու­­նա­­­կէ նաեւ «Եթէ ըն­­թացքը այսպէս շա­­րու­­նա­­­կուի աւե­­լի սուր մի­­ջոց­­նե­­­րու կրնամ դի­­մել» սպառ­­նա­­­կան պատ­­գա­­­մը։ Սա թէ ազ­­գա­­­յին եւ թէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թիւնը իրա­­զեկ դարձնե­­լու աշ­­խա­­­տու­­թիւն մըն է։

-Երբ խնդի­­րը կը վե­­րաբե­­րի Հա­­յաս­­տան-Ատրպէյ­­ճան բա­­խումնե­­րու Ռու­­սաստան միշտ ու­­նի իր ծան­­րակշիռ դե­­րը։ Այժմ ար­­դեօք այդ հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րի վրայ փո­­փոխու­­թիւն մը կա՞յ։ Ար­­դեօք Թուրքիա Կով­­կասնե­­րու մէջ տա­­րած­­քա­­­յին նոր ուժ մը ըլ­­լա­­­լով յայտնո­­ւի՞լ կը ծրագ­­րէ։ Եթէ այդ է ծրա­­գիրը ո՞ր աս­­տի­­­ճան կրնայ հա­­կադ­­րո­­­ւիլ Ռու­­սաստա­­նին։

Ռու­­սաստա­­նի իրա­­ւարա­­րի դե­­րը ան­­շուշտ իր ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը կոր­­սունցու­­ցած է բաղ­­դատմամբ 1990-ական­­նե­­­րուն։ Անվտան­­գութեան առու­­մով Ռու­­սաստա­­նի են­­թա­­­կայ Հա­­յաս­­տանն իսկ 2018 Թաւ­­շեայ յե­­ղափո­­խու­­թեան հետ կը մեր­­ձե­­­նայ արեւ­­մուտքին։ Ատրպէյ­­ճան թէեւ յա­­ջող տնտե­­սական յա­­րաբե­­րու­­թիւններ ու­­նի Ռու­­սաստա­­նի հետ, բայց ՆԱ­­ԹՕ-ի մեր­­ձե­­­նալով ԱՄՆ-ի եւ միւս կող­­մէ ալ Իս­­րա­­­յէլի հետ եւս զար­­գա­­­ցուց իր յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը։ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը բնա­­կանո­­նաց­­նե­­­լու ուղղեալ ար­­ձա­­­նագ­­րութիւննե­­րուն ի սպառ ելած 2010-էն ետք Թուրքիոյ հետ յա­­րաբե­­րու­­թիւններն ալ ու­­րիշ հու­­նի մը մտած են։ Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն ուշագրաւ է զի­­նուո­­րական մեր­­ձե­­­ցումնե­­րը։ Շնոր­­հիւ նաւ­­թա­­­տոլար­­նե­­­րու Ատրպէյ­­ճան զի­­նուե­­ցաւ այ­­սօ­­­րուայ հա­­մար։ Թէեւ Ատրպէյ­­ճան եւ Հա­­յաս­­տան առանց եր­­րորդ կող­­մի կա­­րիք զգա­­լու պա­­տերազ­­մե­­­լու հա­­մար ու­­նին յստակ պատ­­ճառներ։ Սա­­կայն Թուրքիոյ դե­­րակա­­տարու­­թիւնը Ատրպէյ­­ճա­­­նը խրա­­խու­­սեց պա­­տերազ­­մե­­­լով ար­­դիւնք ձեռքբե­­րելու ուղղու­­թեամբ։ Ան­­շուշտ Թուրքիա Կով­­կա­­­սի մէջ կրա­­կին վրայ բեն­­զին թա­­փելուն հա­­մար կրնայ զա­­նազան ակնկա­­լու­­թիւններ ու­­նե­­­նալ։ Ռու­­սիոյ կրնայ առա­­ջար­­կել թէ մէկ կողմ թո­­ղուլ Ֆրան­­սան ու ԱՄՆ-ն եւ մենք Ռուս-Թրքա­­կան հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնով խնդիր­­նե­­­րը լու­­ծենք Կով­­կա­­­սի մէջ։ Այս ակնկա­­լու­­թեան կող­­քին կրնայ Ռու­­սաստա­­նը Կովկա­­սի մէջ դժո­­ւար կա­­ցու­­թեան մատ­­նե­­­լով ու­­րիշ վայ­­րե­­­րու մէջ ձեռքբե­­րումներ ապա­­հովել։ Ծա­­նօթ է որ Փու­­թին Սու­­րիոյ եւ Լի­­պիոյ մէջ խոր­­տա­­­կեց Էր­­տո­­­ղանի երա­­զանքնե­­րը։ Ճնշոց Թուրքիոյ վրայ Իտ­­լի­­­պի մէջ յի­­շեց­­նե­­­լով որ գոր­­ծե­­­րը այ­­լեւս այսպէս պի­­տի չեր­­թան։ Այ­­սինքն Էր­­տո­­­ղան Թէլ Ռիֆ­­թատ եւ Մենպի­­չէն սկսե­­լով Եփ­­րա­­­տի արե­­ւել­­քին Քո­­պանիէն Տիգ­­րի­­­սի արեւ­­մուտքի Տէ­­րիք մին­­չեւ թրքա­­կան հսկո­­ղու­­թեան մէջ տա­­րածք մը գո­­յաց­­նե­­­լու նպա­­տակէն չէ հրա­­ժարած։ Յա­­րատեւ սա­­կար­­կութիւն մը կայ այստեղ։ Երե­­ւոյ­­թը նման է Լի­­պիոյ մէջ։ Թէեւ կար­­միր գի­­ծը գծո­­ղը Եգիպ­­տոսն է, բայց տեղ­­ւոյն վրայ Թուրքիոյ եւ դաշ­­նա­­­կից­­նե­­­րու յա­­ռաջըն­­թա­­­ցը կա­­սեց­­նո­­­ղը Ռու­­սաստանն է։ Ռու­­սաստան կա­­սեցուց Էր­­տո­­­ղանին նաւ­­թի մա­­հիկ մը կազ­­մե­­­լու ծրա­­գիրը։ Ոխ մը կայ։ Կով­­կասնե­­րը Մուսկո­­ւան շատ զգուշ ըլ­­լա­­­լու պար­­տադրող հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւններ կը պա­­հէ իր մէջ։ Էր­­տո­­­ղան կը գի­­տակ­­ցի այս բո­­լորին եւ խա­­ղը կ՚ընդլայ­­նէ։

Եր­­րորդ գոր­­ծօն մը ըլ­­լա­­­լով յայտնո­­ւած է նոր իտ­­տի­­­հատա­­կանու­­թիւն մը, որ կը սնա­­նի կրօ­­նամո­­լու­­թեան եւ ազ­­գայնա­­մոլու­­թեան խառ­­նոյթէ մը։ Սու­­րիոյ մէջ Ճե­­մալ Փա­­շայի Կով­­կասնե­­րու մէջ Էն­­վեր Փա­­շայի եւ Արեւմտեան Տրի­­պոլիի մէջ Քե­­մալ Փա­­շայի կեր­­պարնե­­րը կար­­ծես վե­­րակեն­­դա­­­նացած ըլ­­լան։ Աւե­­լին ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն վե­­րապ­­րող հա­­յերու դէմ ալ Թա­­լեաթ Փա­­շայի ոգին կը թե­­ւածէ կար­­ծես։ Էր­­տո­­­ղան փո­­խար­­ժէ­­­քը շատ աժան, նոյ­­նիսկ հա­­տու­­ցո­­­ւած զօ­­րախումբ մը ըլ­­լա­­­լով ահա­­բեկիչ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը շա­­հագոր­­ծե­­­լու, անոնց մի­­ջոցաւ ապօ­­րէն ար­­շաւներ կա­­տարե­­լու փոր­­ձութիւն մը ու­­նե­­­ցաւ։ Զգլխե­­ցու­­ցիչ հա­­ճոյք մըն է իր հա­­մար։ Տե­­սան որ Թուրքիոյ խարսխո­­ւած ռազ­­մա­­­վարա­­կան առանձնա­­յատ­­կութիւննե­­րը նման ար­­կա­­­ծախնդրու­­թեան մը հա­­մար ան­­ձեռնմխե­­լու­­թիւն կ՚ապա­­հովէ։ Իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն միտ­­քե­­­րը թու­­նա­­­ւորող­­ յատկու­­թիւն մըն է այս։ Այսպէ­­սով իրո­­ղու­­թեան հետ կա­­պերը կրնայ խզել։

Յա­­ւելեալ կէտ մը եւս Էր­­տո­­­ղան իր իշ­­խա­­­նու­­թիւնը պա­­հելու հա­­մար եր­­կի­­­րը ընդմիշտ սրո­­ւած իրա­­վիճա­­կի մէջ պա­­հելու կա­­րիքը կը զգայ։ Ազ­­գայնա­­կան­­նե­­­րու հետ կնքած դա­­շինքն ալ նոյն բա­­նը կը պա­­հան­­ջէ։ Ան­­շուշտ պա­­տերազմնե­­րը իրենց շատ կա­­րեւո­­րած զէն­­քի ար­­տադրու­­թեան հա­­մար ալ շու­­կայ մը կը պատ­­րաստեն։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր պա­­տերազմ վա­­ճառ­­քի ելած զէք­­նե­­­րու հա­­մար ցու­­ցա­­­փեղկ մըն է նաեւ։ Պէտք է ցո­­ցադ­­րո­­­ւի «Պայ­­րաքթար» ԱԹՍ-նե­­րու կոր­­ծա­­­նիչ յատ­­կութիւ­­նը։

Այս բո­­լորը դի­­տելով կը կար­­ծէ՞ք թէ շու­­տով կ՚ապա­­հովո­­ւի հրա­­դադար մը ապա թէ ոչ 90-ական­­նե­­­րու կրկնու­­թեան նման եր­­կա­­­րատեւ ըն­­թացք մը կը սպա­­սէ մեզ։

Պարզ է թէ կող­­մե­­­րը վճռա­­կամ են պա­­տերազ­­մե­­­լու հա­­մար։ Ատրպէյ­­ճանցիկ կը հա­­ւատան թէ կը պա­­տերազ­­մին գրա­­ւեալ հայ­­րե­­­նի հո­­ղը ազա­­տագ­­րե­­­լու հա­­մար։ Հա­­սարա­­կու­­թիւնը ընդ միշտ ճնշում ու­­նե­­­ցաւ իշ­­խա­­­նու­­թեան վրայ այս մա­­սին։ Հա­­յաս­­տանն ալ պաշտպա­­նու­­թեան դիր­­քե­­­րուն մէջ գո­­յատեւ­­ման պայ­­քար մը կը մղէ։ Վճռա­­կամու­­թիւնը իր մէջ կը պա­­հէ նաեւ բա­­խումնե­­րու նե­­րու­­ժը։ Ղա­­րաբա­­ղեան խնդի­­րը եւ շրջա­­կայ տա­­րածքնե­­րը դիւ­­րին լու­­ծե­­­լի հարց մը չեն։ Ատրպէյ­­ճան կը հա­­ւատայ, թէ Մինսկեան խմբա­­կի ձգձգումնե­­րը պա­­տերազ­­մին պատ­­ճառ դար­­ձան։ Եր­­կար տա­­րինե­­րու ընդհա­­տու­­մէն ետք հրթիռ­­ներ եւ անօ­­դաչու մա­­հաբեր սար­­քեր կրկին ան­­գամ գոր­­ծա­­­ծուե­­ցան։ Ձեռքբե­­րուա­­ծը մահ ու աւեր է։ Այս ալ բո­­լորին կը թե­­լադ­­րէ հաշ­­տութեան սե­­ղան նստիլ։ Խել­­քի, խղճի եւ պատ­­մութե­­նէն քա­­ղուած դա­­սերու հրա­­մայա­­կանը այս է։ Պա­­տերազ­­մի մէջ յա­­մառի­­լը, թէ Հա­­յաս­­տա­­­նէ եւ թէ Ղա­­րաբա­­ղի ու շրջա­­կայ ռա­­յոն­­նե­­­րէն ան­­դին Ատրպէյ­­ճա­­­նական քա­­ղաք­­նե­­­րը ռազ­­մա­­­դաշ­­տի պի­­տի վե­­րածէ։ Այսպէ­­սով կ՚իրա­­կանա­­նայ պա­­տերազ­­մի լայն տա­­րած­­քի մը վրայ ապ­­րուելու վտան­­գը։ Պա­­տերազ­­մին տե­­ղի տո­­ւող պատ­­ճառնե­­րէն մէկն ալ հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թեան բա­­ցակա­­յու­­թիւնն է։ ԵՄ տա­­րան­­ջա­­­տուած է եւ մխրճուած իր հո­­գերուն։ ԱՄՆ նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւննե­­րու ըն­­դա­­­ռաջ ան­­տարբեր կը մնայ աշ­­խարհի ան­­ցուդարձնե­­րուն։ Այս պայ­­մաննե­­րու տակ աչ­­քա­­­ռու կը դառ­­նայ Ռու­­սաստա­­նի դե­­րակա­­տարու­­թիւնը։ Ռու­­սաստան կը շա­­րու­­նա­­­կէ Հա­­յաս­­տա­­­նի ու Ատրպէյ­­ճա­­­նի մի­­ջեւ միջ­­նորդու­­թեան հա­­մար անհրա­­ժեշտ չէ­­զոքու­­թիւնը պա­­հելու։ Բայց Թուրքիոյ դե­­րակա­­տարու­­թեան աշ­­խուժա­­ցու­­մը Ռու­­սաստանն ալ կը պար­­տադրէ նոր այ­­լընտրանքներ որո­­նելու։ Այս բա­­ցասա­­կան կան­­խա­­­տեսումնե­­րը կը պար­­տադրեն մնայուն զի­­նադա­­դար եւ Մինսկեան խմբա­­կի կազ­­մե­­­րից բա­­նակ­­ցութեան լուրջ սե­­ղան մը։ Կող­­մե­­­րէն մէ­­կուն ոչնչա­­նալով ապա­­հովո­­ւած յաղ­­թա­­­նակ մը խնդրոյ առար­­կայ չի կրնար ըլ­­լալ։ Այդ թու­­նա­­­ւոր տրա­­մաբա­­նու­­թեան պար­­տադրան­­քէն ել­­լե­­­լու հա­­մար մի­­ջազ­­գա­­­յին դե­­րակա­­տար­­նե­­­րը պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն ստանձնե­­լով խա­­ղաղու­­թիւնը պար­­տադրե­լու են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ