ԵՄԻԱ հատուցման վճռեց

«Ակօս»ի բազմամեայ յօդուածագիր փրոֆ. Պասքըն Օրան եւ փրոֆ. Իպրահի Քապօղլուի դիմումները քննարկուեցան եւ ԵՄԻԱ Թուրքիան դատապարտեց երկու ակադէմականներու հատուցում տալու համար։ Երկու ակադէմականները 2003 թուականին այդ ժամանակուայ վարչապետարանի կազմին մէջ հիմնուած «Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդակցաւան Մարմին»ի կազմին մէջ պատրաստած էին տեղեկագիր մը։ 2004-ին հրապարակուող տեղեկագիրը կը նշէր թէ «Թուրք» եզրը կը բնութագրէ երկրի բնակչութեան մաս կազմող բազմաթիւ ազգային ինքնութիւններէն միայն մէկը։ Անոնք կ՚առաջարկէին երկրի քաղաքացիները բնութագրելու համար թուրքի փոխարէն «թուրքիացի» եզրին որդեգրումը։ Այս առաջարկը տեղի տուաւ ազգայնական շրջանակներու սուր քննադատութեան եւ երկու ակադէմականներու դէմ դատական հարցաքննութեան կիրարկումին։ Օրան եւ Քապօղլու այդ ճնշումներուն դէմ երկրէ ներս արդարութիւն չկրնալ գտնելով 2008-ին դիմած էին ԵՄԻԱ։ ԵՄԻԱ վճռեց թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ոտնակոխած են Օրանի եւ Քապօղլուի արտայայտութեան իրաւունքը եւ խօսքի ազատութիւնը։ Պետութիւնը 2 հազարական Եւրօ պիտի հատուցէ զոյգ ակադէմականներուն

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ