Յուղարկաւորութիւն Մարգար Էսայեանի

Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի ԱՔՓ կու­սակցու­թեան շար­քե­րէն ընտրո­ւած Մար­գար Էսա­յեանի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը կը կա­յանայ 22 Հոկ­տեմբեր Հինգշաբ­թի ժա­մը 14.00-ին Գումգա­բուի Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Մար­գար Էսա­յեան մի­ջոցէ մը ի վեր կը տա­ռապէր քաղցկե­ղէ, որու հե­տեւան­քով մա­հացաւ 16 Հոկ­տեմբեր Ուրբաթ օր իր դար­մա­նուած հի­ւան­դա­նոցին մէջ։ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Ռե­ճեփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այս մա­սին սոց­ցանցե­րու մէջ յայտնեց իր կսկի­ծը եւ ցա­ւակ­ցութիւ­նը յայտնեց 51 ամեայ Էսա­յեանի մեր­ձա­ւոր­նե­րուն։

Էսա­յեան ծնած է 1969-ին Իս­թանպուլ։ Նախ­նա­կան ու­սումը ստա­ցած էր Պո­մոն­թիի Մխի­թարեան վար­ժա­րանը եւ ապա աւար­տած Կեդ­րո­նակա­նը։ 1995-ին աւար­տեց Անա­տոլու Հա­մալ­սա­րանի Գոր­ծա­կալու­թեան բա­ժինը եւ «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րանի Մշա­կու­թա­յին Ու­սումնա­սիրու­թեան բաժ­նի մէջ աւար­տեց բարձրա­գոյն կրթու­թիւնը։ Որ­պէս յօ­դուա­ծագիր 2001-2008 տա­րեթի­ւերուն աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ «Ակօս»ին։ Ապա որ­պէս սիւ­նա­կագիր 2008-ին սկսաւ գրել «Թա­րաֆ» թեր­թի մէջ։ Նոյն պաշ­տօ­նը շա­րու­նա­կեց նաեւ «Եէնի Շա­ֆաք» եւ «Տէյ­լի Սա­պահ» թերթերու էջե­րուն վրայ։ 2015-ին Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան շար­քե­րէն պատ­գա­մաւոր ընտրո­ւեցաւ։ Ըն­տա­նիքի փա­փաքին հա­մաձայն Ան­գա­րայի մէջ արա­րողու­թիւն մը պի­տի չկա­տարո­ւի։ Յու­ղարկա­ւորու­թիւնը պի­տի կա­յանայ Աթոռա­նիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ մէջ միայն ընտանեկան­ պա­րագա­ներու եւ պե­տական աւա­գանիի մաս­նակցութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ