Մայր եկեղեցիէ ներս նոր կանխամիջոցներ

Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ մէջ Սուրբ Պա­տարագ­նե­րը պի­տի չմա­տու­ցո­ւին հա­մավա­րակի պատ­ճա­ռաւ։ Յուղարկա­ւորու­թեան, հար­սա­նիքի եւ մկրտու­թեան խորհրդա­կատա­րու­թիւննե­րը պի­տի կա­յանան ըստ սո­վոր­կա­կան եղա­նակի։ Սուրբ Պա­տարագ­նե­րու չե­ղեալ հա­մարո­ւելու որո­շու­մը առ­նո­ւած է եկե­ղեց­ւոյ անձնա­կազ­մէն մէ­կուն վա­րակո­ւած ըլ­լա­լու յայտնա­բերու­մէն ետք։ Այս մա­սին Պատ­րիար­քա­րանի քար­տուղա­րու­թիւնը ըրած է յեյ­տե­ւեալ յայ­տա­րարու­թիւնը.

«Ծա­նօթ է թէ, Քո­րոնա­յի Հա­մավարակի պատ­ճա­ռաւ նկա­տի ու­նե­նալով առող­ջա­պահա­կան շրջա­նակ­նե­րու թե­լադ­րութիւննե­րը մեր եկե­ղեցի­ները վե­րաբա­ցուած էին հա­ւաքա­կան պաշ­տա­մունքի, նաեւ Ս. Պսա­կի եւ Ս. Մկրտու­թեան Խորհրդա­կատա­րու­թեանց ու Յու­ղարկա­ւորու­թեանց արա­րողու­թիւննե­րուն՝ հնա­զանդ մնա­լու պայ­մա­նաւ նա­խասահ­մա­նուած պաշ­տօ­նական եւ առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րուն՝ առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի գոր­ծա­ծու­թեան եւ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թեան ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան։

Հա­կառակ անոր, որ սկզբնա­կան շրջա­նին կը յար­գո­ւէին առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րը, դժբախ­տա­բար վեր­ջերս զգա­լի դար­ձած են զան­ցա­ռումներ՝ յատ­կա­պէս Ս. Պսա­կի եւ Յու­ղարկա­ւորու­թեանց արա­րողու­թիւննե­րու ըն­թացքին, որ­պէս թէ հա­մավա­րակը վեր­ջա­ցած ըլ­լար։

Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը վե­րահա­սու դար­ձած է, թէ ան­ցեալ Կի­րակի՝ 11 Հոկ­տեմբեր 2020 թո­ւակա­նին հա­մավա­րակէն ազ­դո­ւած է Աթո­ռանիստ Մայր Տա­ճարի սպա­սաւոր­նե­րէն մին։

Առ այդ, Աթո­ռոյս տնօ­րինու­թեամբ, Աթո­ռանիստ Մայր Տա­ճարը ցնոր տնօ­րինու­թիւն փակ կը մնայ Կի­րակ­նօ­րեայ պաշ­տա­մունքի եւ կը կա­տարո­ւին միայն Ս. Պսա­կի եւ Ս. Մկրտու­թեան Խորհրդա­կատա­րու­թիւններ ու Յու­ղարկա­ւորու­թեանց արա­րողու­թիւններ։

Այս պա­րագա­յին, խստիւ կը թե­լադ­րո­ւի, որ­պէսզի Սուրբ Պսա­կի արա­րողու­թիւննե­րը կա­տարո­ւին առա­ջին աս­տի­ճանի ազ­գա­կան­նե­րու եւ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու մաս­նակցու­թեամբ միայն եւ միշտ նկա­տի ու­նե­նալով նա­խասահ­մա­նուած պաշ­տօ­նական եւ առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րը՝ առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թիւնն ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը։ Խնդակ­ցութիւն յայտնե­լու հա­մար կը թե­լադ­րո­ւի բա­ւարա­րուիլ լոկ ներ­կա­յու­թեամբ՝ հե­ռու մնա­լով ձեռ­նո­ւելէ։

Խստիւ կը թե­լադ­րո­ւի նաեւ, որ­պէսզի Եկե­ղեցի­ներուն մէջ Ս. Մկրտու­թեան խորհրդա­կարու­թիւննե­րը կա­տարո­ւին առա­ջին աս­տի­ճանի ազ­գա­կան­նե­րու եւ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու մաս­նակցու­թեամբ՝ կրկին առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ ըն­կե­րային հե­ռաւորու­թիւնն ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը ապա­հովե­լով։

Խստիւ կը թե­լադ­րո­ւի նաեւ, որ­պէսզի Եկե­ղեցի­ներուն մէջ Յու­ղարկա­ւորու­թեան արա­րողու­թիւննե­րը կա­տարո­ւին առա­ջին աս­տի­ճանի ազ­գա­կան­նե­րու եւ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու մաս­նակցու­թեամբ՝ կրկին առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թիւնն ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը ապա­հովելով։ Այս բա­ցառիկ օրե­րուն, կը թե­լադ­րո­ւի, ցա­ւակ­ցութիւն յայտնե­լու հա­մար բա­ւարա­րուիլ հե­ռակայ դրու­թեամբ կամ ներ­կա­յու­թեամբ միայն, հե­ռու մնալ նաեւ ձեռ­նո­ւելէ։ Նոյ­նը կը թե­լադ­րենք որ առտնին կա­տարե­լի արա­րողու­թեանց ըն­թացքին եւս յար­գո­ւին եւ պա­հուին առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րը։ Այս պա­րագա­յին, նկա­տի ու­նե­նալով առող­ջա­պահա­կան ան­պա­տեհու­թիւնը, ար­տօ­նելի չէ ցա­ւակ­ցա­կան տո­մարի ար­ձա­նագ­րութիւ­նը ան­ձամբ կա­տարել (մա­տիտի ձեռ­քէ ձեռք պտը­տիլը), այլ՝ կազ­մա­կեր­պիչ հաս­տա­տու­թեան պաշ­տօ­նէին ձե­ռամբ։

Կը յի­շեց­նենք, թէ ար­տօ­նելի չէ սրահ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը, ըն­դունե­լու­թեան կամ այլ նպա­տակ­նե­րով։

Կու գանք մե­րազն հա­ւատա­ցելոց ազ­նիւ ու­շադրու­թեան յանձնել, թէ ի սէր իրենց եւ ընդհա­նու­րի առող­ջութեան բծախնդրու­թեամբ կի­րար­կեն վե­րոյի­շեալ թե­լադ­րութիւննե­րը։ Կ’աղօ­թենք որ Աս­տո­ւած իր հո­վանին ան­պա­կաս ընէ մեր բո­լորին վրա­յէն ու այս ար­տա­կարգ վի­ճակը իր վեր­ջը գտնէ եւ մենք վե­րագտնենք մեր բնա­կանոն հո­գեւոր կեան­քը շա­րու­նա­կել ըստ նա­խընթացի»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ