Մուսա Լերան Ծաղկազարդը, Մեծ Պահքը Եւ Զատիկը

ՄԻՍԱՔ ՀԵՐԿԵԼ

Աւան­­դութին­­նե­­­րու վե­­րաբե­­րեալ այս յօ­­դուա­­ծաշար­­քին սկսած պա­­հուն խոս­­տա­­­ցած էինք գրա­­ւոր ու բա­­նաւոր աղ­­բիւրնե­­րէ, մերթ ընդ մերթ ալ սե­­փական վկա­­յու­­թիւննէ­­րէ քա­­ղուած այս գի­­տելիք­­նե­­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նել եկե­­ղեցա­­կան տո­­մարի զու­­գա­­­հեռա­­կանու­­թեամբ։

Զա­­նազան պատ­­ճառնե­­րով սայ­­թա­­­քեցաւ այդ հեր­­թա­­­կանու­­թիւնը եւ առա­­ջին ան­­գամ Սուրբ Զատ­­կի այս յօ­­դուա­­ծով ապա­­հոված կ՚ըլ­­լանք զայն։

Ու­­րեմն այ­­սօր կ՚անդրա­­դառ­­նանք հա­­յոց նա­­խաք­­րիստո­­նէական եւ ապա քրիս­­տո­­­նեայ հա­­ւատ­­քի մէջ մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցող Մեծ Պահ­­քի, Ծաղ­­կա­­­զար­­դի, Աւագ Շա­­բաթի եւ Զատ­­կի հետ կա­­պուած սո­­վորոյթնե­­րուն ու աւան­­դութիւննե­­րուն Մու­­սա Լե­­րան կի­­րար­­կումին։

Շի­­նիֆիւր Զար­­զարդուր ու Մինծ Զա­­տակ, այ­­սինքն Շնոր­­հա­­­ւոր Ծաղ­­կա­­­զարդ ու Մեծ Զա­­տիկ։ Նա­­խորդ գրու­­թիւննե­­րուն մէջ նշած էինք թէ Մու­­սա Լե­­րան բար­­բառնե­­րու մէջ զա­­տիկ բա­­ռը կը բնորոշէ տօն, ար­­դա­­­րեւ Յի­­սու­­սի Յա­­րու­­թիւնը խորհրդան­­շող տօ­­նը կը կո­­չուէր «Մինծ Զա­­տակ»։ Նա­­խոր­­դող եօթ­­շա­­­բաթա­­նի շրջանն ալ «Պըհք», այ­­սինքն պահք։ Կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւէր նաեւ «Աղ­­ցուց» բա­­ռը, որ իբ­­րեւ բարդ բառ կազ­­մո­­­ւած է «աղ» ու «հաց» բա­­ռերով։ Այս եզ­­րը կը ներ­­կա­­­յանայ նաեւ Մի­­ջին­­քը բնու­­թագրող «Կիս Աղ­­ցուց» ձե­­ւով։

Մեծ պահ­­քի սկզբնա­­կան շրջա­­նի աւան­­դութիւնն էր հա­­տիկը։ Ան կը պատ­­րաստո­­ւէր ցո­­րենի, սի­­սեռի, լո­­բիի, բակ­­լա­­­յի նման ըն­­դե­­­ղէն­­նե­­­րով եւ բա­­ցի տնե­­ցինե­­րէն, կը մա­­տու­­ցո­­­ւէր նաեւ հիւ­­րե­­­րուն։

Ծաղ­­կա­­­զար­­դը ինչպէս կրօ­­նական հա­­մարեա բո­­լոր ծի­­սակա­­տարու­­թիւննե­­րը, աւան­­դա­­­բար ժա­­ռան­­գո­­­ւած է հե­­թանո­­սական սո­­վորոյթնե­­րէն։ Հին հա­­ւատ­­քով սրբա­­դասո­­ւած էին կարգ մը ծա­­ռեր՝ ինչպէս խնկի ծա­­ռը, ու­­ռե­­­նին, կաղ­­նին, սօ­­սին։ Գար­­նա­­­նամու­­տին այդ ծա­­ռերը կը զար­­դա­­­րուէին ճիւ­­ղե­­­րուն գու­­նա­­­ւոր քուրչեր կա­­պելով։ Այդ սո­­վորոյ­­թը յետքրիս­­տո­­­նէական շրջա­­նին խորհրդան­­շեց Յի­­սու­­սի Երու­­սա­­­ղէմ մուտքը, ուր դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ ձի­­թենիի ճիւ­­ղե­­­րով։ Սո­­վորոյ­­թի ներ­­կայ կի­­րար­­կումը, Զատ­­կին նա­­խոր­­դող Կի­­րակի մա­­տու­­ցո­­­ւած պա­­տարա­­քէ ետք տուն վե­­րադար­­ձին իր հետ ու­­նե­­­նալ ձի­­թենիի ճիւղ մը, որ պի­­տի ապա­­հովէ տան առա­­տու­­թիւնը եւ շա­­բաթ օրերն ալ տե­­րեւ­­նե­­­րը պի­­տի մխան իբ­­րեւ խունկ։

Նախ­­քան 1939, երբ ժո­­ղովուրդը դեռ չէր գաղ­­թած եւ ամէն գիւղ ու­­նէր իր քա­­հանան, Աւագ Շա­­բաթի օրե­­րը կը նշո­­ւէին իրենց բո­­լոր խոր­­հուրդնե­­րով։ Գի­­ւղացիք երես­­նին «ութնուս»ի ջրով լո­ւալով կ՚եր­­թա­­­յին ժամ։ Յի­­սու­­սի հա­­մես­­տութիւ­­նը կ՚ըն­­դօ­­­րինա­­կէին տէր­­տէրներն ալ եւ ոտնլո­­ւայի պա­­հուն կը լո­­ւային տղոց ոտ­­նե­­­րը ու կը խա­­չակնքէին միւ­­ռո­­­նով։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ Մու­­սա Լեռ­­ցիք ոտնլո­­ւայի փո­­խարէն կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծէին «Վըտ­­տը խի­­չըց­­նիլ» այ­­սինքն ոտ­­քը խա­­չակնքել տալ բա­­ռը։ Աւագ Հինգշաբ­­թիի աւան­­դութիւննե­­րէն մէկն ալ ոսպն է, որ կը խորհրդան­­շէ Մա­­րիամ Աս­­տուածած­­նի ար­­ցունքնե­­րը։ Ար­­դա­­­րեւ Աւագ Հինգշաբ­­թիի երե­­կոն նկա­­րագ­­րող եզ­­րե­­­րէն մէկն ալ Լա­­ցի Գի­­շեր է՛ որ Մու­­սա Լե­­րան բար­­բա­­­ռով «Քրիս­­տոյս ու­­լի­­­լը գի­­շիր», այ­­սինքն Քրիս­­տո­­­սի հա­­մար լա­­լու գի­­շերի վե­­րածո­­ւած է։ Օրը ամ­­բողջո­­վին յատ­­կա­­­ցուած է ապաշ­­խարհու­­թեան, հե­­տեւա­­բար առտնի գոր­­ծե­­­րը, մագ­­րութիւն կամ լո­­ւաց­­քի նման զբա­­ղումնե­­րը կը դադ­­րին մին­­չեւ խթում։ Գի­­շերո­­ւայ ուշ ժա­­մերուն կա­­տարո­­ւոծ Խա­­ւարու­­մի աղօթքնե­­րով կ՚աւար­­տի Աւագ Հինգշաբ­­թին, որու լու­­սա­­­բացով կ՚ապ­­րո­­­ւի Աւագ Շա­­բաթի ամե­­նածանր օրը՝ Աւագ Որ­­բա­­­թը։

Քրիս­­տո­­­սի խա­­չելու­­թեան օրն է Աւագ Ուրբա­­թը եւ նոյ­­նիսկ կ՚այ­­պա­­­նուին ոեւէ երե­­ւոյ­­թի դի­­մաց ժպտող­­նե­­­րը իսկ։

Մու­­սա Լե­­րան եօթ գիւ­­ղե­­­րուն ան­­ծա­­­նօթ է մեծ քա­­ղաք­­նե­­­րու սո­­վորոյթ դար­­ձած աւան­­դութիւ­­նը՝ Զատ­­կի կար­­կանդա­­կը։ Անոր փո­­խարէն կը պատ­­րաստո­­ւի «պան­­րուհուց», այ­­սինքն պա­­նիրով հաց, «կաթ­­նը­­­հուց» կա­­թով հաց, «կաթ­­նը­­­բիկիղ» կա­­թով բո­­կեղ, «ձի­­թը բի­­կիղ» ձէ­­թով բո­­կեղ եւ «պաք­­լա­­­ւի»։ Սո­­խի կ՚եղեւ­­նե­­­րով լե­­ցուն չու­­րի մէջ կը խա­­շուին եւ այսպէ­­սով գոյն կը ստա­­նան հաւ­­կիթնե­­րը, որոնց ամ­­րո­­­թեան մրցումն ալ Զատ­­կի ու­­րա­­­խու­­թիւննե­­րու յա­­տուկ երանգնե­­րէն մէ­­կը կը կազ­­մէ։ Խթման սե­­ղանի պայ­­մաննե­­րէն մէկն ալ խո­­րովո­­ւած կամ տա­­պակած ձկնե­­ղէնն է որ վերջ կը դնէ եօթ­­շա­­­բաթա­­նի մսե­­ղէնի ար­­գելքին։

Այսպէս է Յա­­րու­­թեան տօ­­նը մեր գիւ­­ղե­­­րուն, որ Վա­­քըֆի մէջ կը շա­­րու­­նա­­­կուի մին­­չեւ օրս։

Աղ­­բիւրներ՝

Https։//www. houshamadyan.org

«Յու­­շա­­­մատեան Մու­­սա Լե­­րան», Մար­­տի­­­րոս Քու­­շաքճեան- Պօ­­ղոս Մաու­­րեան, Պէյ­­րութ 1970

«Մու­­սա Տա­­ղի պա­­պենա­­կան ար­­ձա­­­գանգներ», Թով­­մաս Հա­­պեշեան, Պէյ­­րութ 1986

«Մու­­սա Տա­­ղի դի­­մադ­­րութիւ­­նը», Ֆլա­­ւիա Ամա­­պիլէ- Նար­­կօ Թո­­սաթ­­թի, Իս­­թանպուլ 2017, Արաս հրա­­տարակ­չատուն

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ