Պաշտպանեալը պաշտպանել պաշտպանողէն

7Ապ­րիլ թո­ւակիր «Ճումհու­րի­յէթ» թեր­թի մէջ լոյս տես­նող լրա­տուու­թեան հա­մաձայն կա­շառ­քի մե­ղադ­րանքով պաշ­տօ­նազրկո­ւած են եր­կու բարձրաս­տի­ճան ոս­տի­կան­ներ։ Թեր­թի լրա­տուու­թեան հա­մաձայն ոս­տի­կան­նե­րը Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լո­ւէն 500 հա­զար ԹԼ կա­շառք պա­հան­ջած են։ Շի­րինօղ­լու խնդի­րը փո­խան­ցած է Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րին, որ­մէ ետք ոս­տի­կան­նե­րէն մէ­կը հրա­ժարած է իր պաշ­տօ­նէն, իսկ միւ­սը դի­մած թո­շակա­ռու դառ­նա­լու հա­մար։

Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի հրա­տապ օրե­րուն Շի­րինօղ­լո­ւի անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու հա­մար պաշ­տօ­նակո­չուած ոս­տի­կանը խոր­հուրդ տո­ւած է ու­նե­նալ անվտան­գութեան ծա­ռայու­թեան յա­տուկ հա­մարա­նիշ­ներ, որոնք իբ­րեւ թէ պի­տի կան­խեն հա­ւանա­կան որեւէ վտան­գա­ւոր զար­գա­ցու­մը։ Սա­կայն նոյն թի­կանա­պահը կը յայտնէ թէ որոշ ոս­տի­կան­ներ 500 հա­զար լի­րա կը պա­հան­ջեն այդ գոր­ծո­ղու­թեան հա­մար։ Այս լսե­լով Շի­րինօղ­լու կապ կը հաս­տա­տէ կա­շառք պա­հան­ջող ոս­տի­կան­նե­րուն հետ, սա­կայն այս վեր­ջիննե­րը կը հեր­քեն այդ պնդու­մը ըսե­լով որ իրենք պար­զա­պէս կա­տակած են թիկ­նա­պահ­նե­րուն հետ։ Շի­րինօղ­լո­ւի Նա­խարար Սոյ­լո­ւի դի­մու­մով պար­զո­ւած է գայ­թակղու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ