Ի Տէր հանգչեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարք

25Մա­յիս Երեք­­շաբթի, Պէյ­­րութ Հայ կա­­թողի­­կէ պատ­­րիար­­քա­­­րանին մէջ վախ­­ճա­­­նեցաւ Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կէ Ամե­­նապա­­տիւ Առաջ­­նորդ Տէր Գրի­­գոր Պետ­­րոս Ի. կա­­թողի­­կոս պատ­­րիար­­քը։

Եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ կա­­թողի­­կոսին թաղ­­ման կար­­գը եւ յու­­ղարկա­­ւորու­­թիւնը պի­­տի կա­­տարո­­ւին Շա­­բաթ, 29 Մա­­յիսին, եւ մար­­մի­­­նը պի­­տի ամ­­փո­­­փուի Զմմա­­ռու կա­­թողի­­կոս պատ­­րիարքնե­­րու դամ­­բա­­­րանին մէջ։

Եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ պատ­­րիար­­քը 87 տա­­րեկան էր։

Ստո­­րեւ կու տանք Գրի­­գոր Պետ­­րոս Ի. Կապ­­րո­­­յեան կա­­թողի­­կոս պատ­­րիար­­քին հա­­կիրճ կեն­­սագրա­­կանը, առ­­նո­­­ւած Վա­­տիկա­­նի ձայ­­նասփիւ­­ռի հայ­­կա­­­կան բա­­ժինի կայ­­քէն.

Ծնած է Հա­­լէպ, 15 Նո­­յեմ­­բեր 1934ին, տաս­­նե­­­րոր­­դը 12 զա­­ւակ­­նե­­­րով ըն­­տա­­­նիքի մը։ Ծնող­­քը ապաս­­տա­­­նած էին Հա­­լէպ, Մար­­տին քա­­ղաքի ջար­­դե­­­րէն ետք։ Ըն­­տա­­­նիքը վերջնա­­կանա­­պէս կը հաս­­տա­­­տուի Լի­­բանան 1938ին։

Ան Կը մտնէ Զմմա­­ռու պատ­­րիար­­քա­­­կան կղե­­րի միաբա­­նու­­թեան փոքր ըն­­ծա­­­յարա­­նը, ապա կը յա­­ճախէ Մա­­րիստ Ֆրեր­­նե­­­րու վար­­ժա­­­րանը։

Պա­­քալո­­րեան առ­­նե­­­լէ ետք կ՚ու­­ղարկուի Քա­­հանա­­յապե­­տական Լե­­ւոնեան Հայ վար­­ժա­­­րանը, Հռոմ եւ վեց տա­­րի կը յա­­ճախէ Քա­­հանա­­յապե­­տական Գրի­­գորեան հա­­մալ­­սա­­­րանը, ստա­­նալով սքո­­լաս­­թիք փի­­լիսո­­փայու­­թեան պա­­քալո­­րէեան եւ աս­­տուածա­­բանու­­թեան վկա­­յակա­­նը։

Ան Կը վե­­րադառ­­նայ Լի­­բանան, ուր կը ձեռ­­նադրո­­ւի Զմմա­­ռու միաբան կու­­սակրօն վար­­դա­­­պետ 28 Մարտ 1959-ին։ Մէկ տա­­րի պաշ­­տօ­­­նավա­­րելէ ետք, Ճու­­նիի մէջ՝ իբ­­րեւ փոխ­­տե­­­սուչ փոքր ըն­­ծա­­­յարա­­նին՝ կը նշա­­նակո­­ւի տնօ­­րէն Պուրճ Հա­­մու­­տի Մես­­րո­­­պեան Հայ կա­­թողի­­կէ վար­­ժա­­­րանին. Ան այդ պաշ­­տօ­­­նը կը վա­­րէ 9 տա­­րիներ։

3Յու­­նո­­­ւար 1977-ին՝ Պօ­­ղոս Զ. պա­­պը զայն կ՚անո­­ւանէ տիտ­­ղո­­­սաւոր եպիս­­կո­­­պոս Ամի­­տայի (Տիգ­­րա­­­նակերտ) հա­­յոց։ Եպիս­­կոպոս կ՚օծո­­ւի 13 Փետ­­րո­­­ւար 1977-ին, Պուրճ Հա­­մու­­տի Սուրբ Փրկիչ եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։

20 Յու­­նիս 1986-ին, Յով­­հաննէս Պօ­­ղոս Բ. պա­­պը կը ստեղ­­ծէ Փա­­րիզի Սուրբ Խաչ թե­­մը, Ֆրան­­սա­­­յի հայ կա­­թողի­­կէնե­­րուն հա­­մար եւ զայն կ՚անո­­ւանէ առա­­ջին եպիս­­կո­­­պոսը այդ թե­­մին։ 15 Հոկ­­տեմբեր 1988-ին ան կը նշա­­նակո­­ւի Առա­­քելա­­կան այ­­ցե­­­լու Արեւմտեան Եւ­­րո­­­պայի հա­­յոց, որոնք զուրկ էին տե­­ղական առաջ­­նորդէ։

1997-ին կ՚աւար­­տէ «Քրիս­­տո­­­նէական Կա­­թողի­­կէ Եկե­­ղեց­­ւոյ» արեւմտա­­հայե­­րէն թարգմա­­նու­­թեան հրա­­տարա­­կու­­թիւնը, որուն թարգմա­­նու­­թիւնը եւ տպագ­­րութիւ­­նը վա­­րած էր ինք։

2005-ին եւ 2009-ին կը կազ­­մա­­­կեր­­պէ Հռո­­մի եւ Լի­­բանա­­նի մէջ, այժմ Ընդհան­­րա­­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ վար­­դա­­­պետ՝ սուրբ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցիի նո­­ւիրո­­ւած եր­­կու գի­­տաժո­­ղով­­ներ, որոնց ըն­­թացքին ներ­­կա­­­յացո­­ւած նիւ­­թե­­­րուն հրա­­տարա­­կու­­թիւններն ալ կը հո­­գայ։

1997-էն 2014 կը վա­­րէ Հռո­­մի Քա­­հանա­­յապե­­տական Լե­­ւոնեան Հայ վար­­ժա­­­րանի ընդհա­­նուր մա­­տակա­­րարի պաշ­­տօ­­­նը։ 7 Ապ­­րիլ 2013-ին, երբ կը հաս­­տա­­­տուի իր յա­­ջոր­­դը՝ Յով­­հաննէս եպս. Թէյ­­րուզեան, իբ­­րեւ թե­­մին առաջ­­նորդ, ան կը դառ­­նայ վաս­­տա­­­կաւոր եպիս­­կո­­­պոս Ֆրան­­սա­­­յի թե­­մին։

25 Յու­­նիս 2015-ին, յետ մա­­հու, եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ Ներ­­սէս Պետ­­րոս ԺԹ. պատ­­րիար­­քին, ան դար­­ձաւ պատ­­րիար­­քա­­­կան կա­­ռավա­­րիչ Հայ Կա­­թողի­­կէ եկե­­ղեց­­ւոյ։

25 Յու­­լիս 2015-ին Հայ Կա­­թողի­­կէ պատ­­րիար­­քա­­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ սիւնհո­­դոսա­­կան հայ­­րե­­­րը զինք կ՚ընտրեն 20-րդ կա­­թողի­­կոս պատ­­րիարք Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կէ Հա­­յոց եւ ան կ՚առ­­նէ Գրի­­գոր Պետ­­րոս Ի. անու­­նը

Նո­­րըն­­տիր Պատ­­րիար­­քի գա­­հակա­­լու­­թեան արա­­րողու­­թիւնը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ նոյն տա­­րուայ օգոս­­տո­­­սի 9-ին Զմմա­­ռու Տի­­րամօր վան­­քի շրջա­­փակին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ