Վաքըֆներու Խորհուրդէ ներս պաշտօնի փոխանակում

Վաքըֆ­­նե­­­րու խոր­­հուրդի մէջ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Մո­­րիս Լե­­ւի 65 տա­­րեկա­­նը ան­­ցած ըլ­­լա­­­լով աւար­­տած է իր պաշ­­տօ­­­նավա­­րու­­թեան շրջա­­նը։

Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն կա­­տարո­­ւած կար­­գադրու­­թեան մը հա­­մաձայն Վա­­քըֆ­­նե­­­րու խոր­­հուրդը իր կազ­­մին մէջ կ՚ու­­նե­­­նայ երկրի փոք­­րա­­­մաս­­նութեան հա­­մայնքնե­­րէն ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ մը։ Այդ առու­­մով այս պաշ­­տօ­­­նը առա­­ջին ան­­գամ ստանձնած էր յոյն հա­­մայնքէն առա­­ջադ­­րո­­­ւած Լա­­քի Վին­­կաս։ Իրեն յա­­ջոր­­դեց հայ հա­­մայնքէն Փրոֆ. Թո­­րոս Ալ­­ճան։ 2018-ին այս ան­­գամ հրեայ հա­­մայնքէն առա­­ջադ­­րո­­­ւած Մո­­րիս Լե­­ւին էր, որ խորհրդի մէջ պի­­տի ներ­­կա­­­յաց­­նէր ազ­­գա­­­յին փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու հիմ­­նարկնե­­րը։ Լե­­ւի նա­­խորդ օր հրա­­պարա­­կած յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը իմա­­ցուց, որ 65 տա­­րեկա­­նը աւար­­տած ըլ­­լա­­­լուն պատ­­ճա­­­ռաւ կը հե­­ռանայ պաշ­­տօ­­­նէն իր տե­­ղը փո­­խան­­ցե­­­լով ասո­­րի՝ հա­­մայնքէն Ս. Ճան Ուսթա­­պաշըին։

Լե­­ւի այս պաշ­­տօ­­­նափո­­խու­­թեան առ­­թիւ ըսած է թէ ինք ար­­դէն կ՚աշ­­խա­­­տէր իբ­­րեւ պա­­հես­­տի ան­­դամ եւ վստահ է թէ ար­­ժա­­­նի կեր­­պով պի­­տի վա­­րէ իրեն յանձնո­­ւած պար­­տա­­­կանու­­թիւնը։

Մո­­րիս Լե­­ւի նաեւ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց պաշ­­տօ­­­նավա­­րու­­թեան շրջա­­նին իր հան­­դէպ ցու­­ցա­­­բերուած վստա­­հու­­թեան եւ զօ­­րակ­­ցութեան հա­­մար։

Նո­­րան­­շա­­­նակ Ս. Ճան Ուսթա­­պաշը ալ յայտնեց թէ այս պա­­տուա­­բեր պար­­տա­­­կանու­­թիւնը պի­­տի տա­­նի փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն հա­­մագոր­­ծակցու­­թեամբ եւ զօ­­րակ­­ցութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ