Լուսանկարչական մրցում Նիկոլաս Մանկինասի յիշատակին

Իսթան­պուլի յոյն հա­մայնքի վաս­տա­կաւոր լու­­սանկա­­րիչ Նի­­կոլաս Ման­­կի­­­լաս Ապ­­րիլ ամ­­սո­­­ւայ մէջ մա­­հացած էր վար­­ակո­­­ւելով պսա­­կաձեւ ժահ­­րէն։ Ան եր­­կար տա­­րիներ աշ­­խա­­­տած էր, որ­­պէս Բար­­թո­­­ղիմէոս Տիեզե­­րական Պատ­­րիար­­քի պաշ­­տօ­­­նական լու­­սանկա­­րիչը։ Իր այդ առա­­քելու­­թեամբ կեր­­տած էր պատ­­մութեան յա­­տուկ շեր­­տի մը վա­­ւերագ­­րա­­­կան յի­­շողու­­թիւնը։ Իր մա­­հը մեծ յու­­զում յա­­ռաջա­­ցու­­ցած էր յատ­­կա­­­պէս պաշ­­տօ­­­նակից­­նե­­­րու շրջա­­նակին մէջ։

Ենի­­գիւ­­ղի Փա­­նայիա Յոյն Ուղղա­­փառ Եկե­­ղեց­­ւոյ վար­­չութիւ­­նը որո­­շած է Ման­­կի­­­նասի յի­­շատա­­կին լու­­սանկար­­չութեան մրցում մը կազ­­մա­­­կեր­­պել «Մենք եւ մեր աւան­­դութիւննե­­րը» խո­­րագ­­րով։ Այս խո­­րագ­­րէն մեկ­­նե­­­լով եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղակա­­նու­­թիւնը կը նպա­­տակադ­­րէ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու ըն­­կե­­­րային կեան­­քէն առ­­նո­­­ւած դրո­­ւագ­­նե­­­րը ծա­­նօթաց­­նել երկրի հա­­սարա­­կու­­թեան։

Թա­­ղակա­­նու­­թիւնը իր այս նա­­խագ­­ծին հա­­մար ապա­­հոված է Թուրքիոյ Լու­­սանկա­­րիչ­­նե­­­րու Դաշ­­նութեան (TFSF) գոր­­ծակցու­­թիւնը։

15 Յու­­նի­­­սին մեկ­­նարկած նա­­խաձեռ­­նութեան մաս­­նակցե­­լու հա­­մար կա­­րելի է դի­­մում կա­­տարել մին­­չեւ 1 Դեկ­­տեմբեր 2021, իսկ մրցման ար­­դիւնքնե­­րը պի­­տի յայ­­տա­­­րարո­­ւին 21 Դեկ­­տեմբեր թո­­ւակա­­նին։

Այս մրցու­­մին հա­­մար դա­­տակազմ մը գո­­յացած է հե­­տեւեալ անուննե­­րէ՝

Ճոշ­­կուն Արալ, Իզ­­զեթ Քե­­րիպար, Ալ­­պերթո Մո­­տիանօ, Պերճ Արա­­պեան, Էմի­­նէ Իւլքե­­րիմ, Մկրտիչ Ար­­ծի­­­ւեան եւ Եոր­­կօ Տե­­միր։

Մրցման առա­­ջինը կը պար­­գե­­­ւատ­­րո­­­ւի 7 հա­­զար 500ԹԼ-ով։ Երկրոր­­դը կը ստա­­նայ 5 հա­­զար, իսկ եր­­րորդը կը ստա­­նայ 2 հա­­զար 500 ԹԼ.։ 2 հա­­զար ԹԼ. Կը տրա­­մադ­­րո­­­ւի դա­­տակա­­զին յա­­տուկ մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նացո­­ղին։ Երեք գոր­­ծեր կը ստա­­նան խրա­­խուսման հա­­մար շնոր­­հո­­­ւած 500ԹԼ., իսկ ցու­­ցադրու­­թեան ար­­ժա­­­նի գտնո­­ւած առա­­ւելա­­գոյն 30 գոր­­ծե­­­րու իւ­­րա­­­քան­­չիւրին հա­­մար ճշդո­­ւած է 250ԹԼ պար­­գեւ։

Մրցու­­մը բաց է ար­­հեստա­­վարժ, թէ սի­­րողա­­կան բո­­լոր լու­­սանկա­­րիչ­­նե­­­րու հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ