Տիրիլ ամոլի հարցաքննութիւնը թափ ստացաւ

Շրնաքի Պէյթուլշեպափ գաւառի Քո­վան­քա­յա կամ պատ­մա­կան անու­նով Մեղ­րի գիւ­ղի բնա­կիչ­ներ Հիւրմիւզ եւ Շի­մու­նի Տի­րիլ ամո­լը 8 Յու­նո­ւար 2020 թո­ւակա­նին առե­ւան­գո­ւած էին։ Շի­մու­նի Տի­րիլի տան­ջա­մահ եղած դիակը 70 օր ետք յայտնա­բերո­ւեցաւ իր տան մօ­տակայ­քի Հե­զիլ առուակի եզ­րին։ Հիւրմիւզ Տի­րիլի մա­սին մին­չեւ այ­սօր ոչ մէկ տե­ղեկու­թիւն։ Այս խորհրդա­ւոր պա­տահա­րը 20 Յու­նի­սին նոր հու­նի մը մէջ մտաւ Աբ­րօ Տի­րիլի եւ այլ եր­կու ան­ձե­րու բեր­ման են­թարկո­ւելով։ Ոս­տի­կանա­կան հայ­ցե­րու լսու­մէն ետք բե­րան են­թարկո­ւած­նե­րը յանձնո­ւեցան Շրնա­քի դա­տախա­զին։ Դա­տարա­նը կան­խազգու­շացման մի­տու­մով ձեր­բա­կալեց Աբ­րօ Տի­րիլը։ Իսկ միւս ամ­բաստա­նեալ­նե­րը ազատ ար­ձա­կուե­ցան դա­տական հսկո­ղու­թեան պայ­մա­նով։ Գիւ­ղի միակ բնա­կիջը Աբ­րօ Տի­րիլ այս հար­ցաքննու­թեան շրջա­նակով ան­ցեալին ալ բեր­ման են­թարկո­ւած, բայց ոս­տի­կանա­կան հայ­ցը ստա­նալէ ետք ազատ ար­ձա­կուած էր։ Աբ­րօ Տի­րիլի անու­նը մեր ըն­թերցող­նե­րուն ծա­նօթ է երբ որ Շի­մու­նի եւ Հիւրմիւզ Տի­րիլ ամո­լի հա­րազատ­նե­րը «Ակօս»ի հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նելու պա­հուն նշած էին իր անու­նը եւ կաս­կածներ յայտնած։ Աւե­լի ետք Աբ­րօ Տի­րիլ ալ «Ակօս»ին յայ­տա­րարու­թիւններ ըրած եւ մեր­ժած էր իրեն ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րը։

Տի­րիլ ըն­տա­նիքի իրա­ւապաշտպան Օր­հան Քե­մալ Ճեն­կիզ «Ակօս»ին յայ­տա­րարու­թիւններ ընե­լով ըսաւ թէ դա­տախա­զու­թիւնը սկսած է խնդի­րը լուրջի առ­նել։ «Լիար­ժէք կեր­պով տե­ղեակ չենք հար­ցաքննու­թեան թղթած­րա­րի բո­վան­դա­կու­թե­նէն։ Ան­շուշտ որ Աբ­րօ Տի­րիլի ձեր­բա­կալու­թիւնը կա­րեւոր հանգրո­ւան մըն է։ Դէպ­քի մա­սին նախ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րը ան­գամ կը յու­շեն թէ ան առան­ձին չէ գոր­ծած։ Այստեղ հար­ցա­կան է նաեւ այն թէ դա­տախա­զու­թիւնը ին­չո՞ւ հա­մար այսքան ուշ շարժման ան­ցած է։ Վա­ղուց պէտք է դա­տը յա­րու­ցո­ւած ըլ­լար։ Հար­ցաքննու­թիւնը ան­կա­տար ըն­թա­ցաւ նախ պի­տի փոր­ձենք ամ­բաստա­նագի­րը տես­նել եւ ապա այդ հի­ման վրայ ալ իրո­ղու­թիւնը հաս­տա­տել» ըսաւ Փաս­տա­բան Օր­հան Քե­մալ Ճենկիզ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ