Սխալներու հաշուեփակը կը վիճակի նոր խորհրդարանին

20Յու­­նի­­­սի ար­­տա­­­հերթ խորհրդա­­րանա­­յին ընտրու­­թիւննե­­րէ ետք Կեդ­­րո­­­նական Ընտրա­­կան Յանձնա­­խումբը երկրի տա­­րած­­քի 2008 ընտրա­­կան տե­­ղամա­­սերէն ստա­­ցած տո­­ւեալ­­նե­­­րով հրա­­պարա­­կած է ընտրու­­թեան նախ­­նա­­­կան ար­­դիւնքնե­­րը։

Վար­­չա­­­պետի տե­­ղակալ Նի­­կոլ Փա­­շինեանի գլխա­­ւորած «Քա­­ղաքա­­ցիական Պայ­­մա­­­նագիր» կու­­սակցու­­թիւնը ընտրու­­թեան յաղ­­թողն է, որ ինքնին ստա­­ցած է ձայ­­նե­­­րու մօտ 54 տո­­կոսը։ Իր ամե­­նամօտ մրցա­­կից Ռո­­պերտ Քո­­չարեանի Հայ Յե­­ղափո­­խական Դաշ­­նակցու­­թեան եւ այլ մի քա­­նի քա­­ղաքա­­կան շար­­ժումնե­­րու հետ ընտրու­­թիւննե­­րու մաս­­նակցող «Հա­­յաս­­տան» դա­­շին­­քը ապա­­հոված է ձայ­­նե­­­րու 21,4 տո­­կոսը։

Հան­­րա­­­պետու­­թեան Գ. Նա­­խագահ Սերժ Սար­­գի­­­սեանի շուրջ հա­­ւաքո­­ւած «Պա­­տիւ Ու­­նեմ» դա­­շին­­քը թէեւ չէ յաղ­­թա­­­հարած ան­­ցո­­­ղիկ շե­­մը, բայց խորհրդա­­րան պիտի մտնէ իրա­­ւունքի ու­­ժով։

Աթոռ­­նե­­­րը պի­­տի բաժ­­նո­­­ւին հե­­տեւեալ ձե­­ւով՝

Քա­­ղաքա­­ցիական պայ­­մա­­­նագիր 71 աթոռ,

«Հա­­յաս­­տան» դա­­շինք 29 աթոռ,

«Պա­­տիւ ու­­նե­­­մ» դա­­շինք 7 աթոռ։

4 մե­­ծագոյն ազ­­գա­­­յին փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու 4 աթոռ­­նե­­­րէն 3-ը Քա­­ղաքա­­ցիական պայ­­մա­­­նագի­­րի բա­­ժինէն է, 1-ը՝ «Հա­­յաս­­տան» դա­­շին­­քին։ Այսպի­­սով՝ «Հա­­յաս­­տան» դա­­շին­­քի աթոռ­­նե­­­րը կը դառ­­նան 27։

Ատ­­կէ բա­­ցի, «Հա­­յաս­­տան» դա­­շին­­քը կը ստա­­նայ լրա­­ցու­­ցիչ 2 աթոռ, որ­­պէսզի խորհրդա­­րանին մէջ ապա­­հովէ սահ­­մա­­­նադ­­րութեան պա­­հան­­ջը. ընդդի­­մու­­թեան կազ­­մը խորհրդա­­րանին մէջ պէտք է 1/3-էն պա­­կաս չըլ­­լայ։

Նոր խորհրդա­­րանը իր դէմ կը գտնէ բազ­­մա­­­թիւ եւ բազ­­մաբնոյթ խնդիր­­ներ, որոնց լու­­ծումը անհրա­­ժեշ­­տութիւն մըն է երկրէ ներս 9 Նո­­յեմ­­բեր թո­­ւակա­­նէն այս կողմ գո­­յացած բեոեռա­­ցումնե­­րը վե­­րաց­­նե­­­լու առու­­մով։ Նման ար­­դիւնքի հա­­մար պայ­­ման է ողջմտու­­թեան եւ բա­­րեացա­­կամու­­թեան ներ­­կա­­­յու­­թիւնը։ Բան մը՝ որ ամե­­նապի­­տանին է եւ զգա­­լիօրէն կը բա­­ցակա­­յի Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­կան դաշտնի վրայ։

Ի վեր­­ջոյ Թաւ­­շեայ Յե­­ղափո­­խու­­թիւնը, որ ամ­­բողջ Հա­­յաս­­տա­­­նի կամ­­քի դրսե­­ւորումն էր, այժմ կը կա­­րօտի պող­­պա­­­տեայ կամ­­քի մը, որուն շնոր­­հիւ կրնայ հաս­­տա­­­տուիլ ժո­­ղովուրդի ակնկա­­լու­­թիւնը։ Այդ ակնկա­­լու­­թեան գլխա­­ւոր տար­­րերն են երկրի անվտան­­գութեան հաս­­տա­­­տու­­մը, օրի­­նակա­­նու­­թեան եւ ար­­դա­­­րու­­թեան հան­­դէպ վստա­­հու­­թիւնը եւ տնտե­­սու­­թեան մե­­նաշ­­նորհներ ապա­­հոված օլ­­կարխա­­կան հա­­մակար­­գէն ձեր­­բա­­­զատու­­մը։ Ար­­դէն իսկ հիաս­­թա­­­փած եւ երկրի ապա­­գայի նկատ­­մամբ վստա­­հու­­թիւնը կորսնցու­­ցած Հա­­յաս­­տա­­­նի բնակ­­չութեան եւ նաեւ սփիւռքա­­հայու­­թեան գօ­­տեպնդու­­մը երաշ­­խիքն է այն պայ­­ծառ տես­­լա­­­կանին, որուն ար­­ժա­­­նի է հայ ան­­հա­տը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ