Կը կազմուի դպրոցներու յատուկ յանձնախումբ մը

Յուլիսի 1-ին, հինգշաբ­­թի երե­­կոյ Ֆե­­րիգիւ­­ղի եկե­­ղեց­­ւոյ Նա­­զար Շի­­րինօղ­­լու սրա­­հին մէջ ժո­­ղով մը կա­­յացաւ դպրոց ու­­նե­­­ցող թա­­ղական խոր­­հուրդնե­­րու եւ խնա­­մակա­­լու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ։ Ժո­­ղովին ներ­­կայ էր Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիար­­քը, Պատ­­րիար­­քա­­­կան Փո­­խանորդ Գրի­­գոր Աւագ Քա­­հանայ Տա­­մատեանը եւ Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի Հո­­գաբար­­ձութեան Ատե­­նապետ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու։

Ժո­­ղովի գլխա­­ւոր օրա­­կարգն էր հա­­մայնքա­­յին վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու առ­­կայ տնտե­­սական դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու յաղ­­թա­­­հար­­ման որո­­նու­­մը։ Ին­­չէ­­­պէս ծա­­նօթ է Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու մի­­ջոցէ մը ի վեր կը թե­­լադ­­րէ կարգ մը դպրոց­­նե­­­րու իրա­­րու հետ միացու­­մը եւ այս եղա­­նակով ալ ծախ­­սե­­­րու կրճա­­տում։ Սա­­կայն դպրոց ու­­նե­­­ցող թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րը մե­­ծաւ մա­­սամբ հա­­մակար­­ծիք չեն այս առա­­ջար­­կին։

Ժո­­ղովի ըն­­թացքին Պատ­­րիարք Մա­­շալեան ընդգծեց միացեալ միտ­­քեր ածե­­լով խնդիր­­նե­­­րը լու­­ծե­­­լու կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։ Այդ առու­­մով ալ առա­­ջար­­կեց Պատ­­րիար­­քա­­­րանի հո­­վանա­­ւորու­­թեան ներ­­քեւ ան­­կախ յանձնա­­խումբի մը կազ­­մութիւ­­նը, որուն բա­­ղադ­­րիչնե­­րը պի­­տի ըլ­­լան դպրոց ու­­նե­­­ցող հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը։

Ժո­­ղովի աւար­­տին նման յանձնա­­խումբի մը կազ­­մութեան հա­­մար նա­­խագիծ մը ձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ։ Այդ նա­­խագ­­ծի հա­­մաձայն իւ­­րա­­­քան­­չիւր վար­­ժա­­­րանի վար­­չութեան ատե­­նապե­­տը յանձնա­­խումբի լիակա­­տար ան­­դա­­­մը պի­­տի հա­­մարո­­ւի։ 13 ան­­դամնե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող յանձնա­­խումբը իր անդրա­­նիկ ժո­­ղովին պի­­տի կազ­­մէ նաեւ դի­­ւանը։ Այս կազ­­մին պի­­տի կցո­­ւին նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանէ հո­­գեւո­­րական մը եւ Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութե­­նէն ան­­դամ մը, որոնք պի­­տի ու­­նե­­­նան դի­­տոր­­դի հան­­գա­­­մանք, պի­­տի կրնան կար­­ծիք յայտնել, բայց քո­­ւէար­­կութեան իրա­­ւունք պի­­տի չու­­նե­­­նան։

Յանձնա­­խումբը նաեւ պի­­տի ձե­­ւաւո­­րէ ուսման, լե­­զուի, գե­­ղարո­­ւես­­տի, մարմնա­­մար­­զութեան, երկրա­­շար­­ժի դի­­մադ­­րութեան եւ դպրոց­­նե­­­րու տա­­րողու­­թեան նման նիւ­­թե­­­րով զբա­­ղող են­­թա­­­յանձնա­­խումբեր։ Յանձնա­­խումբը ման­­րա­­­մաս­­նութեամբ պի­­տի ստու­­գէ դպրոց­­նե­­­րու ելմտա­­կան ցու­­ցակնե­­րը, պի­­տի վե­­րաքննէ ծախ­­սե­­­րը եւ պի­­տի աշ­­խա­­­տի պիւտճէի հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու։

Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. Մա­­շալեան 3 Յու­­լիս շա­­բաթ առա­­ւօտ «Աչըք Ռա­­տիօ»ի կա­­յանէն սփռո­­ւող «Ռա­­տիօ Ակօս» հա­­ղոր­­դումին մաս­­նակցե­­լով բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ ըն­­թա­­­ցող աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ «Հա­­ւանա­­բար յա­­ռաջի­­կայ տա­­րի աւե­­լի ծանր պի­­տի զգանք տնտե­­սակն ճգնա­­ժամի ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րը։ Ու­­րեմն պար­­տա­­­ւոր ենք այժմէն կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րու մա­­սին մտա­­ծելու։ Նախ պէտք էր դպրոց­­նե­­­րու մի­­ջեւ երկխօ­­սու­­թիւնը ապա­­հովող հար­­թա­­­կի մը գո­­յու­­թիւնը»։

Պատ­­րիարք Սրբա­­զանը կարգ մը դպրոց­­նե­­­րու փակ­­ման մա­­սին հար­­ցումին ըսաւ հե­­տեւեալը. «Մենք նա­­խատե­­սած ենք ան­­կախ յանձնա­­խումբ մը։ Կը տես­­նենք որ փա­­կենք կամ չփա­­կենք, միաց­­նենք կամ չմիաց­­նենք ըսող­­նե­­­րը նիւ­­թին մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րը չեն։ Պէտք է նիւ­­թը քննար­­կեն ուղղա­­կի են­­թա­­­կանե­­րը։ Իսկ անոնց քննար­­կումը ի՞նչ ար­­դիւնքի կը յան­­գի ճիշդն ասած ես ալ չեմ գի­­տեր»։ Ան նաեւ նշեց որ Պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքը իր դպրոց­­նե­­­րը մա­­տակա­­րարե­­լու կա­­րողու­­թիւն ու­­նի, բայց այդ կամ­­քը դրսե­­ւորե­­լու դրու­­թիւնը կը բա­­ցակա­­յի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ