Վճիռէն վեց օր վերջ Կերկերլիօղլու ազատ արձակուած

Մարդու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան եւ Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան Կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Էօմեր Ֆա­­րուք Կեր­­կերլիօղ­­լու 6 Յու­­լի­­­սի գի­­շերուայ ուշ ժա­­րերուն ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցաւ բան­­տարկո­­ւած Սին­­ճա­­­նի ար­­գե­­­լանո­­ցէն։

Կեր­­կերլիօղ­­լու ամիս­­ներ առաջ իր կրկնօրինա­­կած «Թո­­ւիթը»եան գրա­­ռու­­մի մը պատ­­ճա­­­ռաւ մե­­ղադ­­րո­­­ւած էր ահա­­բեկ­­չութեան քա­­րոզու­­թիւն ընե­­լով։ Ամ­­բողջո­­վին յե­­րիւ­­րա­­­ծոյ եւ քա­­ղաքա­­կան մի­­տումնե­­րով վե­­րագ­­րո­­­ւած այդ մե­­ղադ­­րանքին հա­­մար ան­­ դա­­­տապար­­տո­­­ւած էր 2,5 տա­­րուայ ազա­­տազրկու­­մի։ Դա­­տարա­­նի վճի­­ռէն ան­­մի­­­ջապէս վերջ Խորհրդա­­րանի մէջ վե­­րացո­­ւեցաւ իր երես­­փո­­­խանա­­կան ան­­ձեռնմխե­­լիու­­թիւնը եւ բժիշկ Կեր­­կերլիօղ­­լու բան­­տարկո­­ւեցաւ։ Ան փոր­­ձած էր իր իրա­­ւունքը պաշտպա­­նել Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանի մօտ եւ այս վեր­­ջինն ալ միաձայ­­նութեամբ հաս­­տա­­­տեց որ յափշտա­­կուած է երես­­փո­­­խանի խօս­­քի իրա­­ւունքը եւ պա­­հան­­ջեց շու­­տա­­­փոյթ կեր­­պով ազատ ար­­ձա­­­կու­­մը։ Այդ «շու­­տա­­­փոյթ»ն իսկ գոր­­ծադրո­­ւեցաւ վճի­­ռէն հա­­զիւ վեց օր ետք։ Կեր­­կերլիօղ­­լու ազատ ար­­ձա­­­կուե­­լէն ան­­մի­­­ջապէս վերջ ուղղո­­ւեցաւ իր կու­­սակցու­­թեան կեդ­­րո­­­նը, ուր լրագ­­րողնե­­րուն բա­­ցատ­­րեց շա­­րու­­նա­­­կուած գոր­­ծընթա­­ցը եւ աւար­­տը։ «Զիս բան­­տարկող­­նե­­­րը կար­­ծե­­­ցին թէ նման քայ­­լով մը դիւ­­րաւ պի­­տի լռեց­­նեն զիս։ Վճի­­ռի միաձայ­­նութիւ­­նը իր մէջ շատ բան կը խօ­­սի։ Խորհրդա­­րանի ան­­դա­­­մակ­­ցութիւնս չե­­ղեալ հա­­մարո­­ւած պա­­հուն գո­­ռացած էի –Կեց­­ցէ ժո­­ղովուրդնե­­րու եղ­­բայրու­­թիւնը-ըսե­­լով։ Այս պա­­հուն կը կրկնեմ նողն կար­­գա­­­խօսը յայ­­տա­­­րարե­­լու հա­­մար թէ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կեմ նոյն պայ­­քա­­­րը ուր որ թո­­ղած էի»։

Այժմ կը սպա­­սուի թէ Խորհրդա­­րանի նա­­խագա­­հու­­թիւնը հե­­տեւե­­լով Էնիս Պեր­­պե­­­րօղ­­լո­­­ւի փոր­­ձին վե­­րահաս­­տա­­­տէ Կեր­­կերլիօղ­­լո­­­ւի ալ երես­­փո­­­խանու­­թիւնը։

Նոյն ժա­­մերուն ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցաւ նաեւ Կեր­­կերլիօղ­­լո­­­ւի որ­­դին Սա­­լիհ Կեր­­կերլիօղ­­լուն,որ բեր­­ման են­­թարկո­­ւած էր Սի­­ճանի բան­­տին առ­­ջեւ հօ­­րը ազատ ար­­ձա­­­կու­­մը պա­­հան­­ջող բո­­ղոքի ցոյց կա­­տարե­­լուն հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ