15 ռազմագերիներ վերադարձած

Նախորդ շա­բաթ օր Ատրպէյ­ճան ազատ ար­ձա­կեց 15 հայ ռազ­մա­գերի­ներ, որոնք պա­տանդ վեր­ցո­ւած էին զի­նադա­դարի յա­ջոր­դող օրե­րուն։ Յայտնի է որ անոնց ազատ ար­ձա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է որոշ սա­կար­կութիւննե­րու հե­տեւան­քով, քա­նի որ Հա­յաս­տան ալ նոյն օր Ատրպէյ­ճա­նին յանձնած է ակա­նապա­տուած տա­րածքնե­րու քար­տէ­զը։ Ամէն պա­րագա­յի ռա­զագե­րինե­րու տուն դար­ձը մեծ ոգե­ւորու­թիւն յա­ռաջա­ցու­ցած է, ոչ միայն անոնց ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներուն, այ­լեւ ամ­բողջ հայ աշ­խարհի մէջ եւ սա­կայն կը շա­րու­նա­կէ որ­պէս խո­չըն­դոտ մնալ այն իրո­ղու­թիւնը, ըստ որուն Ատրպէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ խու­սա­փիլ իր մօտ գտնո­ւած գե­րինե­րու ստոյգ թի­ւը յայ­տա­րարե­լէ։ Այլ խօս­քով Ատրպէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ ռազ­մա­գերի­ները որ­պէս պա­տանդ շա­հագոր­ծե­լու անըն­դունե­լի քա­ղաքա­կանու­թիւնը։

Սահ­մա­նային խախ­տումնե­րը եւս կը շա­րու­նա­կուին միշտ օրա­կար­գի վրայ պա­հելով նոր յար­ձա­կու­մի մը հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Թէեւ այս պա­հուն իրա­ւացի չէ լայ­նա­ծաւալ զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան մը հա­ւանա­կանու­թիւնը, բայց հա­կառա­կոր­դը կը նա­խընտրէ լա­րուած իրա­վիճա­կը յա­րատեւ դարձնե­լու իր ռազ­մա­վարու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ