Նոր կառավարութիւն, նոր շրջան

ՀՀնա­­խագահ Ար­­մէն Սարգիսեանի որո­­շմնա­­գիրով Նի­­կոլ Փա­­շինեան նշա­­նակո­­ւեցաւ վար­­չա­­­պետի պաշ­­տօ­­­նին։ Այս մա­­սին որո­­շու­­մը հրա­­տարա­­կուե­­ցաւ նա­­խագա­­հական կայ­­քէ­­­ջի վրայ, «Սահ­­մա­­­նադ­­րութեան 149-րդ յօ­­դուա­­ծի հա­­մաձայն յար­­մար գտնո­­ւած է Նի­­կոլ Փա­­շինեանի իբ­­րեւ վար­­չա­­­պետ նշա­­նակու­­մը»։

Ապա խորհրդա­­րանը կա­­տարեց իր անդրա­­նիկ նիս­­տը, ուր նա­­խագահ Ար­­մէն Սար­­գի­­­սեան անդրա­­դար­­ձաւ երկրին մատ­­նո­­­ւած բազ­­մաբնոյթ եւ խոր ճգնա­­ժամին։ Նա­­խապա­­տուու­­թիւն պա­­հան­­ջեց ճգնա­­ժամը յաղ­­թա­­­հարե­­լու եւ պա­­ռակ­­տումնե­­րը վե­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Ան նշեց որ, նոր օրէնսդիր մար­­մի­­­նը ապա­­գայի նկատ­­մամբ իրա­­տես եւ ռազ­­մա­­­վարա­­կան ծրա­­գիր­­ներ մշա­­կելու եւ գոր­­ծադրե­­լու առիթ ու­­նի։ «Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան քա­­ղաքա­­ցինե­­րը ձեզ­­մէ կ՚ակնկա­­լեն առ­­կայ խնդիր­­նե­­­րու լու­­ծումը եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի զար­­գացման ու ապա­­գային ուղղու­­թիւննե­­րը ճշդե­­լու կամք դրսե­­ւորե­­լը»։

Սար­­գի­­­սեան ապա շա­­րու­­նա­­­կեց. «Ապա­­գան պէտք է ձե­­ւաւո­­րուի հզօր, հա­­ւասա­­րակշռեալ եւ յա­­ռաջ­­դի­­­մական պե­­տակա­­նու­­թեան մը տես­­լա­­­կանով։ Ապա­­գան ան­­ջա­­­տօրէն այս կամ այն կու­­սակցու­­թեան շա­­հերը չէ, այլ հա­­մազ­­գա­­­յին կեր­­պով բո­­լորիս հա­­մատեղ պատ­­մա­­­կան յի­­շողու­­թիւնով մը ագու­­ցո­­­ւած եւ միաժա­­մանակ մեր զա­­ւակ­­նե­­­րուն եւ նախ­­նի­­­ներուն հան­­դէպ պար­­տա­­­կանու­­թիւն մըն է»։

Նիս­­տը սկսած էր Ամե­­նայ Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոս Գա­­րեգին Բ.-ի օրհնու­­թեամբ։ Վե­­հափառ Կա­­թողի­­կոսն ալ իր ելոյ­­թին մէջ անդրա­­դար­­ձաւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի յար­­ձա­­­կողա­­կան եւ ընդլայնման նպա­­տակ­­նե­­­րուն դի­­մաց Հա­­յաս­­տա­­­նի ու Ար­­ցա­­­խի հան­­րա­­­պետու­­թիւններւն դի­­մագ­­րա­­­ւած ներ­­քին ու ար­­տա­­­քին դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն։ Գա­­րեգին Բ. նշեց թէ խնդիր­­նե­­­րու լուծման հա­­մար քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րը եւ ամ­­բողջ հա­­սարա­­կու­­թիւնը պար­­տա­­­դիր են իրենց վի­­ճակած քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը ար­­դա­­­րաց­­նե­­­լու։ «Պէտք է գի­­տակ­­ցինք թէ ազ­­գա­­­յին եւ հա­­սարա­­կական զօ­­րակ­­ցութե­­նէ դուրս այ­­լընտրանք մը չու­­նինք» ըսաւ Կա­­թողի­­կոսը։

Միւս կող­­մէ խորհրդա­­րանի առա­­ջին նիս­­տը կա­­յացաւ ընդդի­­մու­­թեան, բո­­ղոք­­նե­­­րու եւ քննա­­դատու­­թիւննե­­րու մէջ։ Հա­­յաս­­տա­­­նի գլխա­­ւոր ընդդի­­մու­­թիւնը կը ներ­­կա­­­յանայ Հան­­րա­­­պետու­­թեան նախ­­կին նա­­խագահ­­նե­­­րէն Ռո­­պերտ Քո­­չարեանի գլխա­­ւորած «Հա­­յաս­­տան Դա­­շինք»ը։ Քո­­չարեան նա­­խապէս յայ­­տա­­­րարած էր, որ խորհրդա­­րանի մէջ պաշ­­տօն պի­­տի չստանձնէ։ Դա­­շին­­քի երես­­փո­­­խան­­նե­­­րը խորհրդա­­րանի առա­­ջին նիս­­տին մաս­­նակցե­­ցան ձեր­­բա­­­կալեալ չորս հա­­մակիր­­նե­­­րու դի­­ման­­կարնե­­րը կրող վեր­­նա­­­շապիկ­­նե­­­րով։

Ընդդի­­մադիր պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րը իշ­­խող կու­­սակցու­­թեան ան­­դամնե­­րու ելոյթնե­­րը խա­­փանել փոր­­ձե­­­ցին սե­­ղան­­նե­­­րը հա­­րուա­­ծելու մի­­ջոցաւ աղմկե­­լով։

Լա­­րուա­­ծու­­թեան պայ­­մաննե­­րու մէջ իսկ շուրջ վեց ժամ տե­­ւող նիս­­տի ըն­­թացքին իշ­­խող «Քա­­ղաքա­­ցիական Դա­­շինք» կու­­սակցու­­թե­­­նէն Ալեն Սի­­մոնեան խորհրդա­­րանի նա­­խագահ ընտրո­­ւեցաւ։ Ընդդի­­մադիր պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րը խորհրդան­­շա­­­կան կեր­­պով ձեր­­բա­­­կալեալ եր­­կու երես­­փո­­­խան­­նե­­­րու թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը առա­­ջադ­­րե­­­ցին եւ քո­­ւէար­­կութեան աւար­­տը առանց սպա­­սելու լքե­­ցին դահ­­լի­­­ճը։

Ձեր­­բա­­­կալեան երես­­փո­­­խան­­նե­­­րէն մէկն է «Իզ­­միրլիեան» Բժշկա­­կան Կեդ­­րո­­­նի տնօ­­րէնը, որ իր անձնա­­կազ­­մին վրայ ճնշում բա­­նեցու­­ցած էր 20 Յու­­նի­­­սի ընտրու­­թիւննե­­րու նա­­խօրեակին, իսկ Կո­­րիս քա­­ղաքի քա­­ղաքա­­պետն ալ կը մե­­ղադ­­րո­­­ւի կա­­շառ­­քով ձայ­­ներ հա­­ւաքե­­լով։

«Հա­­յաստան Դա­­շինք»ի երես­­փո­­­խան Արամ Վար­­դե­­­վանեան ըսաւ թէ երես­­փո­­­խան­­նե­­­րու ձեր­­բա­­­կալու­­մը ներ­­հակ է սահ­­մա­­­նադ­­րութեան։

Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րը ու­­նին ան­­ձեռնմխե­­լիու­­թիւն։ Իսկ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը կը պնդէ թէ անոնց ձեր­­բա­­­կալու­­թիւնը կա­­յացած էր նախ­­քան որ երես­­փո­­­խան ընտրո­­ւին։

Միւս կող­­մէ հետզհե­­տէ կը ձե­­ւաւո­­րու նաեւ նա­­խարա­­րաց խոր­­հուրդը այսպէս Մհեր Գրի­­գորեան նշա­­նակո­­ւած է իբ­­րեւ Փոխ Վար­­չա­­­պետ, Կա­­րէն Անդրէասեան Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան, Տիգ­­րան Խա­­չատ­­րեան Ելմտա­­կան, Վա­­հան Քե­­րով­­բեան Տնտե­­սու­­թեան, Վահ­­րամ Տու­­մա­­­նեան Կրթու­­թեան, Գի­­տու­­թեան, Մշա­­կոյ­­թի եւ Սպոր­­տի, Անդրա­­նիկ Փի­­լոյեան Ար­­տա­­­կարգ Իրա­­վիճակ­­նե­­­րու, Անա­­հիտ Աւա­­նէսեան ալ Առող­­ջա­­­պահու­­թեան նա­­խարար­­ներ ըլ­­լա­­­լով նշա­­նակո­ւեցան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ