Հայաստանի հողարդիւնաբերութեան աճը

Եւրա­սիոյ Տնտե­­սական Միու­­թե­­­նէ ներս Յու­­նո­­­ւար- Յու­­նիս 2021 շրջա­­նի հո­­ղամ­­շա­­­ման ար­­դիւնա­­բերու­­թեան աճը ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած է 0,6 տո­­կոսով։ Հա­­յաս­­տան ան­­դամ եր­­կիրնե­­րու մէջ ապա­­հովեց գիւ­­ղատնտե­­սական բեր­­քի մե­­ծագոյն աճը 6,4 տո­­կոսով։

Յանձնա­­խումբի տո­­ւեալ­­նե­­­րու հա­­մաձայն նոյն շրջա­­նին Ղա­­զախս­­տան 3,2, Ղրկզիս­­տան 1,5 եւ Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութիւ­­նը 0,2 աճ ար­­ձա­­­նագ­­րած են։

Եւ­­րա­­­սիա Տնտե­­սական Միու­­թիւնը հիմ­­նո­­­ւած է 29 Մա­­յիս 2014-ին Պե­­լառուս, Ղա­­զախս­­տան եւ Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութեան նա­­խագահ­­նե­­­րուն ստո­­րագ­­րած հա­­մաձայ­­նագրով մը։ Հա­­յաս­­տան կազ­­մին ան­­դա­­­մակ­­ցե­­­ցաւ 9 Հոկ­­տեմբեր 2014-ին։

Միւս կող­­մէ կը նշո­­ւի թէ 2021-ի առա­­ջին կի­­սամեակին Հա­­յաս­­տա­­­նի տնտե­­սական աշ­­խոյժու­­թիւնը 5 տո­­կոսով գե­­րեզան­­ցած է նա­­խորդ տա­­րուան նոյն տա­­րեշրջա­­նը։

Յու­­նո­­­ւար- Յու­­նիս ամիս­­նու ըն­­թացքին Հա­­յաս­­տա­­­նի ար­­տա­­­ծու­­մը 23,3 եւ նե­­րածումն ալ 7,9 տո­­կոսով աճած է։ Նոյն շրջա­­նին ԱՄՆ տո­­լարի դի­­մաց հայ­­կա­­­կան դրա­­մի ար­­ժէ­­­քը եղած է 522, 08

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ