Միջին Արեւելքի Կանանց Բ. Համագումարը

Լիբանա­նի մայ­րա­քաղաք Պէյ­րութի մէջ կա­յացաւ Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Հիւ­սի­սային Ափ­րի­կէի Կա­նանց Բ. Հա­մագու­մա­րը։

30-31 Յու­լիս թո­ւական­նե­րուն կա­յացող հա­մագու­մա­րին Լի­բանան, Իրան, Մա­րոք, Ռո­ժաւա, Թուրքիա, Թու­նիս, Բա­ղես­տին, Աֆ­ղանստան, Եգիպ­տոս եւ այլ եր­կիրնե­րէ աւե­լի քան 100 կի­ներ մաս­նակցե­ցան։ Հա­մագու­մա­րի նիս­տե­րու ըն­թացքին կա­նայք քննար­կե­ցին յատ­կա­պէս Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Հիւ­սի­սային Ափ­րի­կէի մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշրջա­նային խնդիր­նե­րը։ Հաս­տա­տեցին շա­րու­նա­կուող պա­տերազմնե­րու եւ բա­խումնե­րու ըն­թացքին կա­նանց ուղղեալ առե­ւանգման, բռնա­բար­ման եւ բռնու­թեան երե­ւոյթնե­րը։ Ակ­նարկե­ցին ժո­ղովրդա­կան շար­ժումնե­րու, յե­ղափո­խու­թիւննե­րու եւ բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու ըն­թացքին կա­նանց դե­րակա­տարու­թիւնը եւ ար­ձա­նագ­րո­ւած ձեռքբե­րումնե­րու շա­հագործման եղա­նակ­ները։

Անոնք հա­մագու­մա­րի աւար­տին յայ­տա­րարե­ցին կա­յացած որո­շումնե­րը։

Այսպէ­սով յայ­տա­րարո­ւած եղաւ Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Հիւ­սի­սային Ափ­րի­կէի կա­նանց ժո­ղովրդա­կան դա­շին­քի մը հիմ­նադրու­թիւնը։

Մար­դու իրա­ւունքնե­րու եւ ազա­տու­թիւննե­րու մի­ջազ­գա­յին չա­փանիշ­նե­րու հա­մապա­տաս­խան, ժո­ղոդ­րա­վարա­կան եւ հա­ւասա­րու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած հա­սարա­կու­թիւն մը կա­ռու­ցե­լու ռազ­մա­վարա­կան տես­լա­դաշտ մը պի­տի գո­յաց­նեն։ Այդ նպա­տակին հա­մար վե­ցամսեայ աշ­խա­տան­քի ժամ­կէ­տով պի­տի կազ­մո­ւի յանձնա­խումբ մը։ Յանձնա­խումբի պար­տա­կանու­թիւնն է հա­մագու­մա­րի առա­ջարկնե­րը կեան­քի կո­չել։ Որո­շուած է նաեւ բռնի տե­ղահա­նու­թեան, բնակ­չութեան փո­խանակ­ման, քա­ղաքա­կան բնոյ­թով մա­հափորձնե­րու, անգրա­ճանա­չու­թեան, աղ­քա­տու­թեան, գոր­ծազրկու­թեան եւ ըն­կե­րային կեան­քէ ար­տաքսման նման երե­ւոյթնե­րու դէմ պայ­քա­րող նա­խաձեռ­նութիւննե­րուն մաս­նակցիլ։

Բռնա­տիրա­կան եւ աւա­տապե­տական գա­ղափա­րախօ­սու­թեան, նա­հապե­տական աւան­դութիւննե­րու եւ կնա­մերժ բո­լոր գա­ղափա­րախօ­սու­թիւննե­րու դէմ պայ­քա­րիլ։

Յի­շատա­կել ազ­գա­յին կուռքի վե­րածո­ւած կի­ներու վաս­տա­կը։ Կրօ­նական, գա­ղափա­րական կամ ազ­գա­յին բնոյ­թի ամէն տե­սակ չա­փազան­ցութեան դէմ պայ­քարիլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ