Գաղթականներու նոր հոսք Վանի ճամբով

Երբ գոր­ծազրկու­թե­նէ տա­ռապող Թուրքիոյ մէջ ըն­կե­րային լա­րուա­ծու­թեան նիւթ կը դառ­նան Սու­րիայէն եկած փախստա­կան­նե­րու գո­յու­թիւնը, այժմ աֆ­ղանստան­ցի­ներու զան­գո­ւածա­յին գաղթ մը կ՚ապ­րո­ւի երկրի արե­ւելեան սահ­մաննե­րու վրայ։ Իւ­րա­քան­չիւր օր բազ­մանդամ խումբե­րով Իրա­նի սահ­մա­նէն ներս կը թա­փան­ցեն աֆ­ղանստան­ցի գաղ­թա­կան­ներ, որոնք 20-25 օրո­ւայ հե­տիոտն ճամ­բորդու­թիւնով հա­սած են Վան։ Ու­շագրաւ է որ անոնք ընդհան­րա­պէս չեն հան­դի­պիր սահ­մա­նապահ զօր­քե­րու ար­գելքին։ Այս ալ մտա­ծել կու տայ թէ սոյն նիւ­թի շուրջ իշ­խա­նու­թիւնը գաղտնի հա­մաձայ­նութիւն մը կնքած է ԱՄՆ-ի հետ, որ կը տենչայ այդ երկրէ ներս իրեն հետ գործակցող տարրերու անվտանգութիւնը ապահովել երկրէն դուրս ելլելու միջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ