Սուրբ Աստուածածնի Տօնը Մուսա Լերան բարձունքին

Ս.Կոյս Աս­­տո­­­ւածած­­նի Վե­­րափոխ­­ման տա­­ղաւա­­րը յա­­տուկ հան­­դի­­­սու­­թիւններվ նշո­­ւեցաւ Պոլ­­սոյ զա­­նազան եկե­­ղեցի­­ներու կող­­քին Մու­­սա Լե­­րան Վա­­գըֆ­­գիւղի Սուրբ Աս­­տո­­­ւածա­­ծին գողտրիկ եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ եւս։ Այս տա­­րի, հա­­կառակ հա­­մավա­­րակի պայ­­մաննե­­րուն, Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հօր բարձր նա­­խագա­­հու­­թեամբ 15 Օգոս­­տոս, Կի­­րակի առա­­ւօտ տա­­ղաւա­­րի Ս. Պա­­տարագ մա­­տու­­ցո­­­ւեցաւ գիւ­­ղի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։

Հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռաւ այս տա­­րի թէեւ խրախ­­ճանքներ չկա­­յին, սա­­կայն կի­­րակ­­նօ­­­րեայ արա­­րողու­­թեան ներ­­կայ էին բազ­­մա­­­թիւ ուխտա­­ւոր­­ներ եւ Հա­­թայ նա­­հան­­գի զա­­նազան շրջան­­նե­­­րէն հա­­յոր­­դի­­­ներ։

Գրե­­թէ բո­­լոր ներ­­կա­­­ներ Սուրբ Հա­­ղոր­­դութիւն ստա­­ցան։ Ս. Պա­­տարա­­գի աւար­­տին, մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը թա­­փօրով առաջ­­նորդո­­ւեցաւ եկե­­ղեց­­ւոյ բա­­կը, ուր նա­­խագա­­հեց առաջ Խա­­ղողօրհնէ­­քի եւ ապա աւան­­դա­­­կան Հե­­րիսաօրհնէ­­քի արա­­րողու­­թիւննե­­րուն։ Հանգստեան աղօթ­­քով յի­­շուե­­ցան Մու­­սա Լե­­րան գիւ­­ղե­­­րու հա­­մայն հան­­գուցեալ բնա­­կիչ­­նե­­­րը։

Ապա ներ­­կա­­­ներ ստա­­ցան մին­­չեւ առ­­տու եփող հե­­րիսա­­յէն իրենց բա­­ժին­­նե­­­րը։

Կի­­րակ­­նօ­­­րեայ ոգե­­ւորիչ տօ­­նախմբու­­թեան յա­­ջոր­­դող ժա­­մերուն, Աւե­­տիս Քա­­հանա­­յի կազ­­մա­­­կեր­­պութեամբ հե­­տաքրքրա­­կան ու իմաս­­տա­­­լից զրոյ­­ցի երե­­կոյ մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ։ Գիւ­­ղի բնա­­կիչ­­նե­­­րը ի մի հա­­մախմբուեցան եւ միաս­­նա­­­կան հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­ցան Պատ­­րիարք Հօր հետ։ Հան­­դիպման ըն­­թացքին, անոնք ամե­­նայն հա­­րազա­­տու­­թեամբ գիւ­­ղին հար­­ցե­­­րը եւ կա­­րիք­­նե­­­րը Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան ու­­շադրու­­թեան յանձնե­­ցին։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, գիւ­­ղա­­­ցինե­­րուն ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը մի առ մի լսե­­լե յե­­տոյ, շեշ­­տադրեց սի­­րոյ կա­­րեւո­­րու­­թիւնը եւ իր հայ­­րա­­­կան խրատ­­նե­­­րը փո­­խան­­ցեց ներ­­կա­­­ներուն։ Յի­­շեցուց, թէ՝ գիւ­­ղը որ­­պէսզի բարձր պատ­­նէ­­­շի վրայ մնայ, անհրա­­ժեշտ է սի­­րոյ մէջ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնն ու միաբա­­նու­­թիւնը։

Ժո­­ղովուրդի հետ հան­­դի­­­պու­­մէ յե­­տոյ, Պատ­­րիարք Հօր ի պա­­տիւ սի­­րոյ սե­­ղան սար­­քո­­­ւեցաւ։ Այս առի­­թով, Պատ­­րիարք Հայ­­րը, երի­­տասարդնե­­րու հետ հա­­մախմբուեցաւ։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, առա­­ջին հեր­­թին մե­­ծապէս գնա­­հատեց երի­­տասարդնե­­րու կա­­տարած կազ­­մա­­­կերպչա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թիւնը եւ տօ­­նախմբու­­թեան առ­­թիւ ծա­­ռայու­­թիւննե­­րը։ Մաղ­­թեց, որ Աս­­տո­­­ւած ալ օրհնէ երի­­տասարդնե­­րուն աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը եւ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը։ Իրենց հայ­­րա­­­կան թե­­լադ­­րութիւններ ըրաւ եւ յի­­շեցուց, թէ՝ երի­­տասարդնե­­րու ներդրու­­մը դրա­­կան իմաս­­տով կրնայ փո­­խել Վա­­քըֆ­­գիւղի կեան­­քը։ Պատ­­րիարք Հայ­­րը մաղ­­թեց նաեւ որ յա­­ջորդ տա­­րի հա­­մավա­­րակը իր ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը թո­­ղու եւ գիւ­­ղի մէջ տօ­­նախմբու­­թիւնը առա­­ւել եւս մեծ ոգե­­ւորու­­թեամբ ու մաս­­նակցու­­թեամբ տե­­ղի ու­նե­նայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ