Կը շարունակուի կիներու հալածանքը

ՏՈՑ. ՏՈՔԹ. ԷՐՍՈՅ ՍՈՅՏԱՆ

11Սեպ­­տեմբեր 2001-ին ԱՄՆ-ի մէջ քա­­ղաքա­­ցիական ինքնա­­թիռ­­նե­­­րով կա­­տարո­­ւած ահա­­բեկ­­չա­­­կան յար­­ձա­­­կու­­մէն ետք սկսած էր Աֆ­­ղանստա­­նը ար­­շա­­­ւելու ոդի­­սակա­­նը։ Այդ ար­­շա­­­ւան­­քը նա­­խորդ շա­­բաթ աւար­­տին հա­­սաւ երկրէն խոյզս տա­­լու հա­­մար ինքնա­­թիռ­­նե­­­րուն խու­­ժած մարդկանց այդ նոյն ինքնա­­թիռ­­նե­­­րէն իյ­­նա­­­լու պատ­­կերնե­­րով։ Թա­­լիպ­­նե­­­րը գրա­­ւեցին եր­­կի­­­րը եւ հաս­­տա­­­տեցին իրենց վար­­չութիւ­­նը։ Բա­­ցի Բեն­­շի­­­րի հո­­վիտէն ամ­­բողջ եր­­կի­­­րը թա­­լիպ­­նե­­­րուն հնա­­զան­­դած կ՚երե­­ւի։ Տե­­ղական աղ­­բիւրնե­­րու հա­­մաձայն բա­­նակի մատ­­նո­­­ւած ան­­ճա­­­րակու­­թեան գլխա­­ւոր պատ­­ճա­­­ռը զի­­նուոր­­նե­­­րու սնունդի պա­­շարի ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թիւնն է։ Նաեւ կ՚ըսո­­ւի թէ բազ­­մա­­­թիւ զի­­նուոր­­ներ մեր­­ժած են Թա­­լիպա­­նի դէմ կռո­­ւիլ, քա­­նի որ անոնց մէջ ու­­նին արիւ­­նա­­­կից ազ­­գա­­­կան­­ներ։ Մեծ յոյ­­սեր ակնկա­­լուած մար­­շալ Ռա­­շիտ Տոս­­թումի որ­­դին, երբ կ՚այ­­ցե­­­լէր զօ­­րամա­­սեր զի­­նուոր­­նե­­­րը լման եր­­կու օր ոչ ըմ­­պե­­­լի ջուր ու­­նէին, ոչ ալ ու­­տե­­­լու հաց։ Նաեւ կը նշո­­ւի թէ թա­­լիպ­­նե­­­րու յա­­ջողու­­թեան մէջ կա­­րեւոր բա­­ժին ու­­նե­­­ցած է Փա­­քիս­­տա­­­նի զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը։

40 մի­­լիոն բնակ­­չութիւ­­նով Աֆ­­ղանստա­­նի ժո­­ղովուրդի կէ­­սը կը բաղ­­կա­­­նայ փեշ­­տուննե­­րէ, որոնք ազ­­գա­­­կան­­ներ են Փա­­քիս­­տա­­­նի ուրտու­­նե­­­րուն։ Երկրի վար­­չութիւ­­նը փեշ­­տունե­­րու ձեռքն է։ Նա­­խորդ բո­­լոր նա­­խագահ­­նե­­­րը փեշ­­տուն էին։ Երկրի տնտե­­սու­­թիւնն ալ իրենք է որ կը հսկեն։ Փեշ­­տուննե­­րու մի­­ջոցաւ կը ձե­­ւաւո­­րուի Փա­­քիս­­տա­­­նի ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը Աֆ­­ղանստա­­նի վրայ։ Գա­­հըն­­կեց կա­­ռավա­­րու­­թեան հա­­մակիր­­նե­­­րը ամի­­սէ մը ի վեր սոց­­ցանցե­­րու վրայ հա­­կափա­­քիս­­տա­­­նեան ար­­շաւներ կը կազ­­մա­­­կեր­­պեն։ Ինք եւս փեշ­­տուն Փա­­քիս­­տա­­­նի վար­­չա­­­պետ Իմ­­րան Խան ող­­ջունած է Թա­­լիպա­­նի յա­­ռաջըն­­թա­­­ցը վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րը մեկ­­նա­­­բանե­­լով ստրկու­­թեան շղթա­­ներու փա­­ռատու­­մը 1994 թո­­ւին Մոլ­­լա Էօմե­­րի կող­­մէ հիմ­­նուած եւ 2002 թո­­ւակա­­նէն ի վեր դաշ­­տա­­­յին պա­­տերազ­­մի ձեռ­­նարկած թա­­լիպ­­նե­­­րու շար­­ժումին կա­­րեւո­­րագոյն աջա­­կիցն է Փա­­քիս­­տա­­­նի լրա­­քաղու­­թեան ծա­­ռայու­­թիւնը։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ տե­­ղացի­­ներ «Պա­­տերազ­­մը ե՞րբ կ՚աւար­­տի» հար­­ցումին կը պա­­տաս­­խա­­­նեն «Փա­­քիս­­տան երբ որ ու­­զէ» ըսե­­լով։

Երբ Թա­­լիպան սկսաւ ամե­­րիկա­­ցի զի­­նուոր­­նե­­­րը սպան­­նել, լա­­րուա­­ծու­­թիւն տի­­րեց ԱՄՆ-Փա­­քիս­­տան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մէջ։ Այդ լա­­րուա­­ծու­­թեան իբր հե­­տեւանք Փա­­քիս­­տան մեր­­ձե­­­ցաւ Չի­­նաս­­տա­­­նին։ Այսպէս վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րը կը դի­­տուին նաեւ որ­­պէս Չի­­նաստա­­նի ազ­­դե­­­ցու­­թեան տա­­րած­­քին Աֆ­­ղանստանն ալ նե­­րառե­­լու երե­­ւոյթ։ Վեր­­ջա­­­պէս Չի­­նաս­­տան աշ­­խարհի վրայ թա­­լիպ­­նե­­­րու իշ­­խա­­­նու­­թիւնը ճանչցող առա­­ջին պե­­տու­­թիւնն է։ Չի­­նաս­­տան եւ Փա­­քիս­­տան Աֆ­­ղանստա­­նին Իրա­­նէ ետք ամե­­նամեծ ծա­­ւալով ներդրում ըրած եր­­կիրներ են։ Անու­­րա­­­նալի իրո­­ղու­­թիւն է նաեւ թա­­լիպ­­նե­­­րու վա­­յելած ժո­­ղովրդա­­կանու­­թիւնը։ Այդ իրո­­ղու­­թեան ետին կա­­րելի է տես­­նել տա­­պալած իշ­­խա­­­նու­­թեան զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րը եւ երկրի ըն­­կե­­­րային յատ­­կութիւննե­­րը։ Եր­­կու ամիս առաջ զրու­­ցած էի հա­­կաթա­­լիպ աֆ­­ղան երի­­տասար­­դի մը հետ՝ որ ինք ալ կը հաս­­տա­­­տէր թէ թա­­լիպ­­նե­­­րը վատ են, բայց ժո­­ղովուրդի կող­­մէ կը գնա­­հատո­­ւին գո­­ղու­­թեան ար­­գելք ըլ­­լա­­­լուն պատ­­ճա­­­ռաւ։ ԱՄՆ-ի գրաւ­­ման տա­­րինե­­րուն պաշ­­տօն ստանձնող բո­­լոր գոր­­ծիչնե­­րը մին­­չեւ իրենց ծու­­ծը մատ­­նո­­­ւած էին կա­­շառա­­կերու­­թեան։ Նոյ­­նիսկ կը գո­­ղանա­­յին օտար եր­­կիրնե­­րէ եկած օգ­­նութիւննե­­րը։ Այդ մի­­ջոցին ամե­­րիկա­­ցիք իրենց ամ­­րոցնե­­րէն բա­­ցար­­ձա­­­կապէս դուրս չէին ել­­լեր։ Մէկ եռի­­լիոն Ամե­­րիկան տո­­լարը ծախ­­սե­­­ցին անվտան­­գութեան հա­­մար։ Եր­­բեք չնպաս­­տե­­­ցին երկրի զար­­գացման ընդհա­­կառակ, թան­­գա­­­րան­­նե­­­րը թա­­լանե­­լով պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին հարստու­­թիւնը փո­­խադ­­րե­­­ցին ԱՄՆ։ Ամե­­րիկա­­ցի զի­­նուոր­­նե­­­րը ահա­­բեկ­­չա­­­կան արարքներ ալ կա­­տարե­­ցին նախ­­նա­­­կան եւ ահա­­բեկիչ հա­­մարած տե­­ղացի ժո­­ղովուրդին դէմ։ Դար­­ձեալ տե­­ղացի աղ­­բիւրներ կը վկա­­յեն թէ Թուրքիոյ զի­­նուոր­­նե­­­րը հա­­մակ­­րանք կը վա­­յելէին եւ տե­­ղացի­­ները ընդմիշտ կը խու­­սա­­­փէին անոնց հետ բա­­խում ու­­նե­­­նալէ։ Աֆ­­ղանստա­­նի մէջ վերջին քա­­ռասուն տա­­րինե­­րուն ար­­դի ու­­սում չի կի­­րար­­կո­­­ւիր։ Աշա­­կերտնե­­րը կը հե­­տեւին երկշերտ ուսման ծրագ­­րի մը։ Այսպէս եթէ մին­­չեւ ցե­­րեկ կը յա­­ճախեն դպրոց, յետ­­մի­­­ջօրէին ալ դա­­սաւան­­դութիւն կը ստա­­նան կրօ­­նական մետ­­րե­­­սէնե­­րու մէջ։ Գրա­­ճանա­­չութիւ­­նը երկրէ ներս կի­­ներու մօտ մէկ տո­­կոս է, իսկ տղա­­մարդկանց մօտ 18։ Այս պայ­­մաննե­­րու մէջ անաս­­տո­­­ւած­­նե­­­րու դէմ կռո­­ւող Թա­­լիպա­­նը դիւ­­րաւ հա­­մակիր­­ներ գտաւ հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ։ Պա­­տահա­­կան չէ որ ան այս վեր­­ջերս ժո­­ղովուրդին կը ներ­­կա­­­յանայ զար­­մա­­­նալիօրէն մեղմ պատ­­գամնե­­րով։ Ան­­շուշտ այս պատ­­գամնե­­րու հա­­ւաս­­տիու­­թիւնը միայն ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին պի­­տի պար­­զո­­­ւի։ Տե­­ղական աղ­­բիւրնե­­րու հա­­մաձայն Քա­­պու­­լի մէջ ամե­­նօրեայ կեան­­քը բա­­ցի օդա­­կայա­­նի խառ­­նա­­­կու­­թիւննե­­րէն բնա­­կանոն է։ Այս պա­­հուն երկրի լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թիւննե­­րը հե­­ռուստաէք­­րաննե­­րու վրայ կը հիւ­­րընկա­­լեն Թա­­լիպա­­նի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը եւ տե­­սանիւ­­թեր կը սփռեն անոնց լու­­նա­­­փար­­քի մէջ զո­­ւար­­ճա­­­նալու պա­­հերէն։ Կա­­րելի է ըսել թէ այս բո­­լորը որոշ նա­­խապատ­­րաստու­­թեան մը հե­­տեւանքներն են։ Օրի­­նակ Շիշնկան քա­­ղաքի մէջ 15 շրջա­­նային ռա­­տիոկա­­յան կամ հե­­ռուստա­­կայան իրենց հա­­ղոր­­դումնե­­րը դադ­­րե­­­ցու­­ցած էին նախ­­քան իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թիւն։ Որոշ է որ այդ հա­­ղոր­­դումնե­­րը դադ­­րե­­­ցան սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու հե­­տեւան­­քով։ Աֆ­­ղանստա­­նի մէջ Թա­­լիպա­­նի ուղղո­­ւած մե­­ծագոյն մե­­ղադ­­րանքը կա­­նանց իրա­­ւունքնե­­րու բռնա­­բարումն է։ Ան­­ցեալին կի­­ներու աշ­­խա­­­տան­­քը, աղ­­ջիկնե­­րու դպրոց յա­­ճախե­­լը խստիւ ար­­գի­­­լուած էին։ Պա­­հան­­ջո­­­ւած պատ­­շա­­­ճու­­թեամբ չծած­­կո­­­ւած կի­­ները հրա­­պարա­­կաւ կը մտրա­­կուէին։ Այ­սօր թա­­լիպ­­նե­­­րը թէեւ կը խոս­­տա­­­նան նման ար­­գելքնե­­րու վե­­րացու­­մը, բայց ան­­մի­­­ջապէս կ՚աւելցնեն որ եր­­կի­­­րը պի­­տի ղե­­կավա­­րեն շա­­րիաթի կա­­նոն­­նե­­­րու հա­­մաձայն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ