«Փլաթի», «Եասսըատա», «Ժողովրդավարութեան ու Ազատութեան Կղզի»

ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԵՆ

Մարմա­րա ծո­վու Իս­թանպու­լի մեր­ձա­ւոր Իշ­խա­նաց Կղզի­ներու մէջ ան­մարդաբ­նակ վայր մը ըլ­լա­լով ծա­նօթ Եաս­սըատան (Տա­փակ Կղզի) վեր­ջին շի­նու­թիւննե­րէ ետք սկսած է այ­ցե­լու­ներ ըն­դունիլ։ Մենք ալ առի­թէն օգ­տուելով ու­զե­ցինք տե­ղուոյն վրայ հաս­տա­տել կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թիւնը։ Քա­նի կը մօ­տենա­յինք փոքր ու տա­փակ կղզիին վրայ հետզհե­տէ կը յստա­կանար պե­թոնա­պատ հսկայ կոյ­տեր։

Մշա­կոյ­թի եւ Զբօ­սաշրջու­թեան Նա­խարա­րու­թեան, Արեւտրա­կան Կա­ճառ­նե­րու Միու­թեան նա­խաձեռ­նութեամբ 2015 թո­ւին մեկ­նարկած էր 125 տե­ղանոց հիւ­րա­նոցի մը, 500 ժո­ղովա­կան­ներ ըն­դունե­լու յար­մար հա­մագու­մարնե­րու կեդ­րոնի մը եւ 200 հա­ւատա­ցեալ­ներ ըն­դունե­լու կա­րող մզկի­թի մը կա­ռուցման նա­խագի­ծը։

Առա­ջին հեր­թին աչ­քի կ՚իյ­նայ կղզիի բնու­թեան հետ ան­կա­պակից ծա­ռատունկ մը։ Անոնց մէջ գո­յու­թիւնը դժո­ւարաւ պա­հած քա­նի մը կարմրա­ւուն եղեւ­նի կար­ծես թէ փաս­տել կ՚ու­զեն թէ իրենք տե­ղացի­ներ են եւ մնա­ցեալը եկո­ւոր։ Կը յի­շենք թէ շի­նու­թիւննե­րու ըն­թացքին մեծ քա­նակու­թեամբ թա­փօն կղզիի շուրջ բո­լորը դէ­պի ծով թա­փած էր վնա­սելով այն տե­ղի ծո­վի յա­տակի բնա­կան պա­շար­նե­րը։

Այնպէս տպա­ւորո­ւեցանք թէ թան­գա­րանը եւ այլ մանր կա­ռոյցներ հսկայ հիւ­րա­նոցը օրի­նակա­նաց­նե­լու ջան­քեր են։ Եաս­սըատան հան­րա­յին յի­շողու­թեան մէջ դրոշ­մո­ւած է 1960 թո­ւակա­նի զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թե­նէ ետք գա­հավի­ժած կա­ռավա­րու­թեան ան­դամնե­րու դա­տավա­րու­թիւնով։ Այդ դա­տավա­րու­թեան աւար­տին է, որ վար­չա­պետ Ատ­նան Մեն­տե­րեսի եւ եր­կու նա­խարար­նե­րուն մա­հապա­տիժ վճռո­ւեցաւ։ Կղզիի ներ­կայ շի­նու­թիւննե­րը եւ վե­րանո­ւանու­մը այդ յի­շատա­կը չէ­զոքաց­նե­լու կող­քին զբօ­սաշրջու­թեան հե­տեւա­բար շա­հի ակնկա­լու­թիւնով եղած է։

Սա­կայն ինչպէս մար­դիկ, նոյնպէս տա­րածքներ ալ ու­նին իրենց ճա­կատա­գիրը։ Եաս­սըատա ամ­բողջ պատ­մութեան ըն­թացքին անի­ծեալ հա­մարո­ւած վայր մը ըլ­լա­լով կը յի­շուի։ Բիւ­զանդա­կան Կայսրու­թեան շրջա­նին այդ ժա­մանա­կուայ անո­ւանու­մով Փլա­թի Կղզին աք­սո­րավայր մըն էր։ Հոն աք­սո­րուած­նե­րու մէջ կա­րելի է յի­շել Յու­նաց Իգ­նա­տիոս եւ Հա­յոց Ներ­սէս Ա. Կա­թողի­կոս­նե­րը։ Իգ­նա­տիոս աք­սո­րի շրջա­նին կա­ռու­ցած էր վանք մը, որուն նկու­ղա­յին նրբանցքնե­րը եւ խու­ցե­րը աւե­լի ետք օգ­տա­գոր­ծո­ւեցան իբ­րեւ մե­նաս­տաններ։

Փո­խանակ նման հսկայ պե­թոնա­պատ շի­նու­թիւննե­րու կա­րելի էր հին վան­քի աւե­րակ­նե­րը, զի­նանո­ցը եւ վեր­ջա­պէս Ծո­վային Գի­տու­թիւննե­րու Ֆա­կուլտե­տի բա­ժին­նե­րը ներ­կա­յաց­նող շի­նու­թիւնով մը գո­հանալ եւ բա­ւարա­րուիլ շրջօ­րեայ զբօ­սաշրջու­թեան այ­ցե­լու­թիւններով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ