Անի պատմական քաղաքի մասին գիրքը թրքերէնի կը թարգմանուի

Իս­թանպուլ Հիմ­նարկի Ընդհա­նուր Տնօ­րէն Փէ­րիհան Եիւ­ճէլ եւ Քարս Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Ատե­նապետ Վէ­տաթ Աք­չա­յէօզ, 23 Օգոս­տոս 2021, Եր­կուշաբ­թի այ­ցե­լեցին Պատ­րիար­քա­րան եւ յա­նուն Ամե­նապա­տիւ Սրբա­զան Պատ­րիարք Հօր ըն­դունո­ւեցան Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ Դի­ւանա­պետ Գերպ. Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­շեանի կող­մէ։ Հան­դիպման ներ­կայ եղան Դի­ւանա­պետի Օգ­նա­կան Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Աբղ. Սե­րով­բեան, Հայ­Ճար Միու­թեան Ատե­նապետ Կիւ­լի­զար Ար­թուչ, Ալին Փոն­թիօղ­լու եւ Գէորգ Էօզ­քա­րակէօզ։

Վէ­տաթ Աք­չա­յէօզ նախ ներ­կա­յացուց իր “New discoveries in Ani” աշ­խա­տու­թիւնը, որ անգլե­րէնով լոյս տե­սած է քա­նի մը տա­րի առաջ։ Գիր­քի հե­ղինա­կը, փա­փաքն ու­նե­ցած է սոյն աշ­խա­տու­թիւնը թրքե­րէնի թարգմա­նել եւ հան­րութեան տրա­մադ­րութեան յանձնել։ Այս ուղղութեամբ կապ հաս­տա­տած էր Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ հետ, խնդրե­լով Աթո­ռոյ աջակ­ցութիւ­նը եւ իր գիր­քէն օրի­նակ մը յանձնեց։ Զրոյ­ցի ըն­թացքին գա­ղափա­րի փո­խանա­կում տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ Դի­ւանա­պետ Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ կա­րելիու­թեանց սահ­մաննե­րուն մէջ ան­շուշտ թէ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը կա­րող էր իր ներդրու­մը բե­րելու մշա­կու­թա­յին նման աշ­խա­տու­թեան։

Զրոյ­ցի աւար­տին, Հայ­Ճա­րի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը “Balyanlar” հա­տորը նո­ւիրե­ցին հիւ­րե­րուն եւ սոյն աշ­խա­տու­թեան մա­սին տե­ղեկու­թիւններ փո­խան­ցե­ցին։ Այ­ցե­լու­թեան աւար­տին, հիւ­րե­րը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­ցին եւ մեկ­նե­ցան Պատ­րիար­քարանէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ