Սահակ Բ. Պատրիարք կ՚ապաքինի

Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ Պատրիարք Սրբազան Հայրը ընդհանուր առողջապահական քննութեան ենթարկուած ըլլալով, ստամոքսին վրայ ստուգուած հիւսուածքը 18 Օգոստոս 2021, չորեքշաբթի ներքնադիտարկման ու վիրաբուժական միջամտութեամբ վիրահատութեան ենթարկուած է, որ յաջողութեամբ պսակուած է։ Յաջող վիրահատութեան գործողութենէ ետք Պատրիարք Սրբազան կը բոլորէ ապաքինման շրջանը եւ Պատրիարքարանէն հասած լսումներու համաձայն շուտով կը վերադառնայ իր պաշտօնին։ Պատրիարք Սրբազանի մատնուած այս անակնկալ վիրահատութենէ ետք գլխաւորութեամբ Վեհափառ Սրբազան Գարեգին Բ.-ի հոգեւոր եւ աշխարհական զանազան շրջանակներ փութացին իրենց արագ ապաքինման բարեմաղթանքները փոխանցելու։ Մենք եւս կը ձայնակցինք այդ մաղթանքներուն եւ կը յուսանք զինք շուտով տեսնել իր գահակալած աթոռին վրայ ամբողջապէս վերահաստատուած առողջութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ