Տիէկօ Ռոսսի Մարաշլեան «Ֆեներպահչէ»ի շապիկով

«Ֆեներպահչէ» ֆութպոլի ակումբը այս տարի իր կազմին մէջ կ՚ունենայ հայազգի ֆուիթպոլիստ մը Տիէկօ Ռոսսին։ Ուրուկուէյցի 23 ամեայ մարզիկի հայրը Իտալացի է, իսկ մայրը հայ։ Ան որդեգրած էր նաեւ մօրենական կողմի ազգանունը եւ պաշտօնապէս կը կոչուի Տիէկօ Մարթին Ռոսսի Մարաշլեան։

2007 թուականէն ի վեր Լոս Անճէլըսի ֆութպոլի ակումբին մաս կազմած Ռոսսի կ՚անդամակցի նաեւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին։ Խոստումնալից մարզիկը նախորդ խաղաշրջանին 19 մրցումներու մէջ վեց կոլերու հեղինակն էր։

Այս նոր փոխանցումէն ետք Թուրքիոյ Մարմնամարզական Մամուլի եւ սոցցանցերու մէջ կը հանդիպինք Տիէկօ Ռոսսիի դէմ արշաւի մը նախափորձերուն։ Գրառումներ կը կատարուին անոր հայոց ցեղասպանութեան նիւթով ներգրաւուածութեան մասին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ