Մահուան 36-ամեակին յիշատակուեցաւ Ռուհի Սու

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Ռուհի Սու Մշա­կոյ­թի եւ Արուես­տի Միու­թիւն»ը Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետա­րանի մշա­կոյ­թի բաժ­նի աջակ­ցութեամբ մա­հուան 36-ամեակին առ­թիւ յի­շատա­կեց ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րու մեծ վար­պետ Ռու­հի Սուն։

1912 թո­ւակա­նին Վա­նի մէջ ծնած Ռու­հի Սու հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­ժան պայ­մաննե­րու մէջ ծնո­ղազուրկ մնա­ցած բիւ­րա­ւոր որ­բե­րու նման ապաս­տան գտաւ Ատա­նայի որ­բա­նոցի մը մէջ։ Այդ տեղ նախ­նա­կան ու­սում ստա­նալէ ետք յա­ճախեց Ան­գա­րայի ման­կա­վար­ժա­կան դպրո­ցը եւ ապա աւար­տեց Ան­գա­րայի Պե­տական Կոն­սե­րուա­տորիան։ Իբ­րեւ բամբ պա­րիթոն եր­գիչ 1942-էն սկսեալ բազ­մա­թիւ դե­րեր ստանձնեց Ան­գա­րայի օփե­րայի բե­մին վրայ։ 1943-էն սկսեալ Ան­գա­րայի ռա­տիոյի մէջ օփե­րայի ոճով մեկ­նա­բանեց ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րը եւ այսպէ­սով ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացաւ։ Վրայ հա­սան անոր ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րու մշա­կումնե­րը ձայ­նապնակ­նե­րու ձե­ւով հրա­պարա­կու­մը։ Իրա­րու յա­ջոր­դե­ցին Եու­նուս Էմ­րէ, Գա­րաճաօղ­լան, Փիր Սուլթան Ապ­տալ, Քէօրօղ­լու եւ Տա­տալօղ­լու ձայ­նապնակ­նե­րը, որոնք ար­դիւնքն էին եր­կա­րատեւ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու։ Ապա հրա­պարա­կեց Նա­զըմ Հիք­մե­թի, Օր­հան Վե­լիի եւ նման­նե­րու բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րէն յօ­րինումներ։ 1876-ին հիմ­նեց «Տոսթլար» երգչա­խումբը, որու ըն­կե­րակ­ցութեամբ ձայ­նագրեց եւս երեք սկա­ւառակ­ներ։ Ռու­հի Սու 1950-ական թո­ւական­նե­րուն բան­տարկո­ւեցաւ իր հա­մայ­նա­վար գա­ղափար­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ։ Հինգ տա­րուայ բան­տարկու­թեան ըն­թացքին եւս յօ­րինեց նոր եր­գեր ներշնչո­ւելով ար­գե­լանո­ցի ապ­րումնե­րէն։ 1985-ի 20 Սեպ­տեմբե­րին մա­հացաւ ան­բուժե­լի մնա­ցած հի­ւան­դութեան հե­տեւան­քով։

Իր մա­հէն ետք թէ այ­րին Սը­տըքա Սու եւ թէ որ­դին Ըլ­կըն հրա­պարա­կաւ ար­տա­յայ­տո­ւեցան Ռու­հի Սո­ւի հայ ծա­գու­մի մա­սին։ Մայր ու որ­դի առանց փաս­տա­ցի տո­ւեալ ու­նե­նալու, լոկ կեն­սագրու­թեան պայ­մաննե­րուն հե­տեւե­լով հա­մոզո­ւած էին թէ Ռու­հի Սու մեծ հա­ւանու­թեամբ որ­բա­ցած հայ մըն էր եւ երեք տա­րեկա­նի յի­շողու­թիւնը չէր ար­տօ­ներ որ ինք այս մա­սին յստակ գի­տակ­ցութիւն մը ու­նե­նայ։ Վեր­ջա­պէս պէտք չէ մոռ­նալ որ ինք ճշդած էր սե­փական անու­նը եւ ազ­գա­նու­նը։

20 Սեպ­տեմբե­րի ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն Ռու­հի եւ Սը­տըքա Սու յի­շատա­կուե­ցան Զին­ճիրլի­քու­յույի գե­րեզ­մա­նատան մէջ, իրենց դամ­բա­րանին վե­րեւ։ Իսկ նոյն երե­կոյեան Ճե­մալ Ռե­շիտ Ռէյ հա­մեր­գասրա­հին մէջ կա­տարո­ւած յի­շատակ­ման հան­դէ­սին թա­տերա­կան դե­րասան Օր­հան Այ­տըն կեն­սագրա­կան գի­ծերով ծա­նօթա­ցուց Ռու­հի Սուն։ Բա­րի գալստեան եւ ող­ջոյնի ու­ղերձով մը ար­տա­յայ­տուեցաւ «Ռու­հի Սու Մշա­կոյ­թի եւ Արո­ւես­տի Միու­թեան» ատե­նապետ Ըլ­կըն Սու, Իս­թանպու­լի Քա­ղաքա­պետա­րանի մշա­կոյ­թի բաժ­նի անու­նով Ֆի­կեն Այ­հան Գա­րագել­լէ եւ Շեն­կիւլ Ալ­թան Արսլան։ Ապա բեմ եկաւ քա­ղաքա­պետա­րանի ժո­ղովրդա­կան երաժշտու­թեան խումբը, որ կա­տարեց նա­խապէս Ռու­հի Սո­ւի կող­մէ եր­գուած ինը ժո­ղովրդա­կան եր­գեր։ Միջ­նա­րարէն ետք բե­մը յանձնո­ւեցաւ «Տոսթլար» երգչա­խումբին եւ յի­շատակ­ման հան­դէ­սը վե­րածո­ւեցաւ գե­ղարո­ւես­տա­կան խնճոյ­քի մը։ Հալուք Փոլաթ մա­կանին ներ­քեւ «Տոսթլար» երգչա­խումբը շատ յա­ջող կա­տարու­մով մեկ­նա­բանեց Ռու­հի Սո­ւի եր­գա­ցան­կէն գոր­ծեր։

Էմին Իկիւս, Ալեք­սանտրա Կրա­ւաս, Էր­տեմ Օրալ եւ Շու­շան Քա­լաթաշ հա­մեր­գի հիւր մե­նակա­տար­ներն էին։ Ալեք­սանտրա Կրա­ւաս մեծ յա­ջողու­թեամբ մեկ­նա­բանեց յոյն մե­ծանուն եր­գա­հան Մի­քիս Թէոտորաքի­սի յօ­րինումնե­րէն մէ­կը։ Իսկ Շու­շան Քա­լաթաշ մեծ ոգե­ւորու­թիւն ստեղ­ծեց «Մայ­րօ» մե­ներ­գով։ Յա­ջող կա­տարում մը ըլ­լա­լով կ՚ար­ժէ յի­շել նաեւ Էր­տեմ Օրա­լի քրտե­րէն «Զա­րէ» եր­գը։ Հա­մեր­գը իս­կա­պէս վե­րածո­ւած էր երաժշտա­կան խնճոյ­քի մը շնոր­հիւ բարձրո­րակ երաժշտա­կան կա­տարումնե­րու։

Յա­ջորդ օր «BBC» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան թրքե­րէն բա­ժինը երբ կը նկա­րագ­րէր յի­շատակ­ման հան­դէ­սը, կ՚ակ­նարկէր նաեւ մեծ վար­պե­տի հայ ծա­գու­մին եւ անով կը բա­ցատ­րէր պե­տու­թեան այս վաս­տա­կաշատ երա­ժիշ­տի հան­դէպ կի­րար­կած հա­լածան­քը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ