Մահ Էտվին Մինասեանի

Քանի մը շաբաթ առաջ էր հեռախօսով խօսած էինք։ Չէր միացուցած բջիջայինի տեսախցիկը։ Պէտք էր գուշակէի, լաւ չէր։ Առողջութիւնը որ հարցուցի պատասխանել չ՚ուզեց։ «Թող այդ խնդիրը» ըսաւ։ Ձախէն աջէն Արցախեան պատերազմէն, Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգէն, Պայտընի ընտրութենէն խօսեցանք երկար երկար։ Ձայներէն կը հասկնայի բուժքոյրերուն վազվզուքը։ Չէի համարձակած հարցնելու վերջապէս քու միջոցով ծանօթացած Պուրճ Համուտցի եղբայրդ Կարօ Ղազարեան իմաց տուաւ. «Քիչ առաջ կորսնցուցինք Էտվինը»։ Թերեւս ձեզմէ շատեր չճանչնան Էտվին Մինասեանը։ Պոլսահայ մըն էր։ Երիտասարդ տարիքին Թուրքիոյ մէջ հիմնական ուսումը աւարտելով իրաւաբանութիւն ուսանելու համար ԱՄՆ գացած երիտասարդներէն էր։ Գործի դատերու մէջ մասնագիտացած փաստաբան մըն էր։ Լոս Անճելըսի մէջ հիմնած էր «Մինասեան Իրաւաբանական Գրասենեակ»ը։ Հրանդ Տինքը ինք հրաւիրած էր Լոս Անճելըս։ Առանց պահ մը իսկ քովէն հեռանալու Միացեալ Նահանգներու մէկ ծայրէն միւսը իր ինքնաշարժով ճամբորդած էին։ Համոզուած էր Հրանդ Տինքի սփիւռքահայութեան եւ պոլսահայութեան միջեւ կանխակարծիքները փառատելու պայքարին։ Ինք էր որ դաշնակցականները եւ հնչակեանները Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան երդիկին տակ մէկտեղած եւ հակադրուած երկու խմբակցութեան միջեւ երկխօսութիւն հաստատած։ ԱՄՆ եկած թուրք ուսանողներուն ալ պահապան հրեշտակն էր Էտվին Մինասեանը։ Եէքթան Թիւրքեըլմազէն Իւմիթ Քուրթ բոլորին հասած է։ Տուն չունեցողին տուն, կահոյք չունեցողին կահոյք ապահոված է։ Քաղաքական դաշտի վրայ հաշտարար մըն էր ան։ Դաշնակցական, հնչակեան, թուրքիացի, լիբանանցի կամ հայաստանցի հայոց միջեւ ընդմիշտ միջնորդութիւն կատարեց։ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի մէջ բոլորին համակրանքը վայելած անձնաւորութիւն մը եղաւ։ Իր գլխաւորած Պոլսահայ Միութիւնը բազմաթիւ միջոցառումի անբաժան տարրը դարձած էր։

Իբրեւ փաստաբան ստանձնած էր մեծ նշանակութիւն ունեցող դատերու պաշտպանութիւնը։ Անգամ ստանձնած էր «Ուպեր»ին աշխատող հիդիկ վարորդի մը պաշտպանութիւնը։ Ընկերութիւնը կը բողոքէր հնդիկ վարորդին իր ազգային տարազով աշխատելուն դէմ։ Իսկ Էտվին Մինասեան կը պնդէր թէ գործի ընդունման պահուն ստորագրած համաձայնութեան մէջ նման պայման մը չէ նշուած։ Այդ պաշտպանութիւնով շահած էր դատը։

Կ՚ըսէր թէ հայկական սփիւռքի բոլոր միութիւնները պէտք է միանան թրքահայոց երդիկին տակ, քանի որ ան կը ներկայացնէ բոլորին հայրենիքը։

Իր մահով որբացած է Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութիւնը։ Շատերուն կրնայ երկար թուիլ, բայց ես կ՚ափսոսամ որ մահուան գոյժը ստանալէս անմիջապէս ետք հազիւ այսքան սեղմ տողերով արտայայտուեցայ իր մասին։ Կ՚ապաւինիմ Էտվին աղբարիկի ներողամտութեան։

ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ