ՀՀ Անկախութեան 30-ամեակ

21Սեպտեմ­բեր 2021-ին Հա­յաս­տան տօ­նեց հիմ­նարկու­թե­նէն այս կողմ ամե­նադ­ժո­ւար ան­կա­խու­թեան տա­րեդար­ձը։ Պե­տու­թիւնը դի­մագ­րա­ւելով մեծ ալե­կոծումնե­րը 1991-ին հաս­տա­տուած եր­րորդ հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թիւնը նշեց ամ­րագրե­լով ապա­գայի հան­դէպ հա­ւատը։ Օրո­ւայ առ­թիւ ար­տա­սանո­ւած ճա­ռերու մէջ ու­շագրաւ էր այս երե­ւոյ­թը, որ իր կար­գին կը պար­զէր նաեւ պե­տու­թիւն հաս­կա­ցողու­թեան բեռ­ցո­ւած մեծ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։ Ճիշդ ալ այս պատ­ճա­ռաւ տօ­նակա­տարու­թեան մեկ­նա­վայ­րը եղաւ Եռաբ­լուրը։ Պե­տական աւա­գանին օրուայ յի­շատակ­ման ըն­դա­ռաջ յար­գանքի տուրք մա­տու­ցեց հա­յոց պե­տակա­նու­թեան հա­մար իրենց կեան­քը նո­ւիրա­բերած նա­հատակ­նե­րու յի­շատա­կին։ Վար­չա­պետ Փա­շինեանի, Նա­խագահ Սար­գի­սեանի 30-ամեակի պատ­գամնե­րուն մէջ յա­րատե­ւօրէն շեշ­տո­ւեցաւ նա­հատակ­նե­րու, անոնց այ­րի­ներու, որ­դի­ներու եւ ծնո­ղաց հան­դէպ պե­տու­թեան պար­տա­կանու­թիւննե­րը։

Այս առ­թիւ նա­խագահ Սար­գի­սեան յետ մա­հու շքան­շաններ բաժ­նեց, Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մին հե­րոսա­ցած զի­նուոր­նե­րուն։ Նաեւ շքան­շաննե­րով գնա­հատեց զա­նազան մար­զե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան բար­գա­ւաճ­ման ծա­ռայած մարդկանց։

Ան­կա­խու­թեան 30 ամեակի տօ­նակա­տարու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հան­րա­պետու­թեան Հրա­պարա­կին վրայ բազ­մա­հազար ժո­ղովուրդի մաս­նակցու­թեամբ կա­յացած գե­ղարո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիրով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Երկրորդ Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ պաշ­տո­նավա­րող եպիս­կո­պոս­նե­րու, Հա­յաս­տա­նի թե­մակալ առաջ­նորդնե­րու եւ առաջ­նորդա­կան փո­խանորդնե­րու հետ այ­ցե­լեց «Եռաբ­լուր» զի­նուորական պան­թէոն՝ յար­գանքի տուրք մա­տու­ցե­լու հայ­րե­նիքի ան­կա­խու­թեան եւ ան­սա­սանու­թեան հա­մար իրենց կեան­քը ըն­ծա­յաբե­րած հա­յոր­դի­ներու յի­շատա­կին.

Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսի նա­խագա­հու­թեամբ Պան­թէոնի մէջ կա­յացաւ հո­գեհանգստեան արա­րողու­թիւն։ Հո­գեւո­րակա­նաց դա­սը աղօթք բարձրա­ցուց առ Աս­տո­ւած քա­ջոր­դի­ներու հո­գինե­րուն խա­ղաղու­թեան հա­մար.

Նո­րին Սրբու­թիւնը ու եկե­ղեցա­կան­նե­րը առանձնա­բար այ­ցե­լեցին նաեւ ազ­գի հե­րոս զա­ւակ­նե­րու շի­րիմ­նե­րը՝ բե­րելով իրենց խո­նար­հումը ու աղօթ­քը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ