ՀՏՓ-ի կողմնորոշումը ճակատագրական է

Մօտ հինգ տա­­րիէ ի վեր իբ­­րեւ քա­­ղաքա­­կան պա­­տանդ Էտիր­­նէի բան­­տին մէջ պա­­հուած Սե­­լահատ­­տին Տե­­միր­­թաշ «թո­­ւիթըր»եան գրա­­ռումնե­­րով ան­­գամ մը եւս կը զբա­­ղեց­­նէ Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան օրա­­կար­­գը։

Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան նա­­խագահ Քե­­մալ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լո­­­ւի «Քրտա­­կան հար­­ցի լուծման գոր­­ծընթա­­ցին մէջ Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան Կու­­սակցու­­թիւնը կրնանք խօ­­սակից ճանչնալ» ըսած էր։

Տե­­միր­­թաշ փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ ըրաւ հե­­տեւեալ յայ­­տա­­­րարու­­թիտւնը.

«Որ­­քան որ գի­­տեմ ՀՏՓ նե­­րառեալ քրտա­­կան խնդի­­րը կը խոս­­տա­­­նայ ստանձնել Թուրքիոյ բո­­լոր հար­­ցե­­­րու լու­­ծումը։ Այս կամ­­քի դրսե­­ւորումն ալ զինք կը դարձնէ քա­­ղաքա­­կան նիւ­­թե­­­րու բնա­­կան խօ­­սակից։ Իսկ երկխօ­­սու­­թեան վայրն ալ բնա­­կանա­­բար Թուրքիոյ խորհրդա­­րանն է։ Կու­­սակցու­­թիւնը բո­­լոր կող­­մե­­­րու յստակ եւ թա­­փան­­ցիկ մաս­­նակցու­­թիւնը գնա­­հատե­­լու քա­­ղաքա­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թեան տէր է։ Վա­­ղուց սպա­­ռած բա­­նավէ­­ճերը վերսկսի­­լը հար­­ցե­­­րու լուծման չեն նպաս­­տեր»։

ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան նախ­­կին հա­­մանա­­խագահ Սե­­զայի Թե­­մել­­լի Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լո­­­ւի խօս­­քե­­­րուն ակ­­նարկե­­լով ըսած էր թէ լուծման հա­­ցէն եւ են­­թա­­­կան Իմ­­րա­­­լըի բան­­տարկեալն է։ Թե­­մել­­լիի այս խօս­­քե­­­րը նոր բա­­նավէ­­ճերու ծնունդ տո­­ւին թէ ընդդի­­մադիր շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ եւ թէ նոյն ինքն Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան Կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րէն ներս։ Թե­­մել­­լի այս տա­­րաբ­­նոյթ յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րէ վերջ նոր գրա­­ռու­­մով մը յայ­­տա­­­րարեց թէ իր ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը ան­­հա­­­տական բնոյթ ու­­նին։

Հարկ է նշել թէ ՀՏՓ կը շա­­րու­­նա­­­կէ ճա­­կատագ­­րա­­­կան դեր ու­­նե­­­նալ իշ­­խող քա­­ղաքա­­կան ու­ժի եւ ընդդի­մադիր շրջա­նակ­նե­րու մի­ջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ