Ցուցադրութիւն Վան Լէոյի լուսանկարներուն

Եգիպտո­սի մայ­րա­քաղաք Գա­հիրէի մէջ կը ցու­ցադրո­ւին Եգիպ­տա­հայ լու­սանկա­րիչ Վան Լէոյի գոր­­ծե­­­րը։ Քա­­ղաքի Ամե­­րիկեան Հա­­մալ­­սա­­­րանի Թահ­­րի­­­րի հա­­մալի­­րի «Ֆիւ­­չըր Կա­­լերիս Հոլ»ի մէջ կա­­յացող ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը բաց պի­­տի մնայ մին­­չեւ 22 Փետ­­րո­­­ւար 2022։

Ցու­­ցադրո­­ւած լու­­սանկար­­նե­­­րը կը նկա­­րագ­­րեն Գա­­հիրէի ըն­­կե­­­րական կեան­­քը Բ. Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Պա­­տերազ­­մէն մին­­չեւ 1990-ական տա­­րեթի­­ւերուն հաս­­նող ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի մը ընդմէ­­ջէն։

Վան Լէոյի ոսպնեակի մի­­ջոցաւ ան­­մա­­­հացած են քա­­ղաքի գի­­շերա­­կին կեան­­քը։ Թատ­­րո­­­նի ու քա­­պարէի աշ­­խարհէն դէմ­­քար, բազ­­մազգի Գա­­հիրէի օտար բնա­­կիչ­­ներ եւ հա­­սարակ ժո­­ղովուրդը։ Լու­­սանկա­­րիչը իր բո­­լոր հա­­ւաքա­­ծոն ժա­­ռան­­գած էր Գա­­հիրէի Ամե­­րիկեան Հա­­մալ­­սա­­­րանին։

Լէօ Վան Պո­­յաճեան ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան յա­­ջոդող տա­­րինե­­րուն Գա­­հիրէ ապաս­­տա­­­նած ըն­­տա­­­նիքի մը զա­­ւակն էր, որ 1941 թո­­ւին Գա­­հիրէի մէջ հիմ­­նած էր իր լու­­սանկար­­չա­­­կան աշ­­խա­­­տանո­­ցը։ Ան իր գոր­­ծունէու­­թեան տա­­րինե­­րուն լու­­սանկա­­րած է Թա­­հա Հիւ­­սէ­­­յին, Տո­­րիա Շե­­ֆիքի նման ազ­­գա­­­յին կեր­­պարներ ու Էօմեր Շե­­րիֆ, Ֆա­­թեն Հա­­մամ, Սա­­միյա Ճե­­մալի նման շար­­ժանկա­­րի աստղեր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ