Սուրբ Յակոբը մեր տան մէջ

ՍՕՍԻ ԱՆԹԻՔԱՃԸՕՂԼՈՒ

Ներկայիս բո­լորը տա­րեդարձ կը տօ­նեն։ Նո­­րաձե­­ւու­­թիւն մըն է այս։ Ան­­ցեալին միայն երա­­խանե­­րուն տա­­րեդար­­ձը կը տօ­­նուէր։ Չա­­փահաս­­նե­­­րը ու­­նէին անո­­ւան տօ­­նախմբու­­թիւն։ Սո­­վորա­­բար սուրբե­­րէ ներշնչո­­ւած անու­­նե­­­ր կրող­­նե­­­րը եկե­­ղեցա­­կան օրա­­ցոյ­­ցին տո­­ւեալ սուրբի հա­­մար նշած օրը կը տօ­­նէին սե­­փական տան մէջ իրենց հա­­րազատ­­նե­­­րով։ Մեր ըն­­տա­­­նիքէ ներս սուրբ անուն մը կրո­­ղը մեծ հայրս Յա­­կոբն էր։ Դեկ­­տեմբեր ամ­­սու կէ­­սերուն շա­­բաթ օրո­­ւան կը զու­­գա­­­դիպէր Սուրբ Յա­­կոբի անո­­ւան յի­­շատա­­կու­­մը։ Այդ օր մեծ եռու­­զեռ կը տի­­րէր մեր տու­­նէն ներս։

Սուրբ Յա­­կոբը հա­­յոց սի­­րելի սուրբե­­րէն է, այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռով ալ ան­­ցեալին յա­­ճախա­­կի էին Յա­­կոբ անու­­նը կրող այ­­րե­­­րը։ Ար­­դա­­­րեւ այդ օր ան­­պայման շնոր­­հա­­­ւորա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւններ կը տրո­­ւէին Յա­­կոբ­­նե­­­րուն։

Առա­­ւօտուն եկե­­ղեցի­­ներէն ներս ալ կը յի­­շատա­­կուէր Սուրբ Յա­­կոբը։ Այ­­սօր քա­­ղաքի հայ բնակ­­չութիւ­­նը նօս­­րա­­­ցած է, Յա­­կոբ անու­­նը ըն­­կե­­­րու­­թեան մէջ կորսնցու­­ցած է իր յա­­ճախա­­կիու­­թիւնը՝ սա­­կայն նո­­րէն ալ աւան­­դութիւ­­նը կը շա­­րու­­նա­­­կուի։

Երբ ու­­սումս սկսայ շա­­րու­­նա­­­կել օտար վար­­ժա­­­րանի մէջ, ին­­ծի հա­­մար զո­­ւար­­ճա­­­լի գիւ­­տի մը վե­­րածո­­ւած էր հա­­յերէն ան­­ձա­­­նուննե­­րու օտար լե­­զու­­նե­­­րու մէջ փո­­խադարձնե­­րը յայտնա­­բերել։ Օրի­­նակի հա­­մար մեր Յա­­կոբը այդ լե­­զու­­նե­­­րու մէջ Ժագ կ՚ըլ­­լար, Ճեք կ՚ըլ­­լար, Ժա­­գոբ կ՚ըլ­­լար կամ ալ Իակօ։

30-ական տա­­րիք­­նե­­­րուս էի, երբ առա­­ջին ան­­գամ այ­­ցե­­­լեցի Սպա­­նիոյ ծա­­նօթ ուխտա­­վայր Սան­­թիակօ Տէ Քոմ­­փոսթէ­­լան։ Են­­թադրե­­ցի թէ սպա­­նացի­­ներուն Իակօն եւ մեր Սուրբ Յա­­կոբը նոյն անձն են։ Շու­­տով նկա­­տեցի որ սպա­­նացի­­ներու Իակօն Յի­­սու­­սի առա­­քեալ­­նե­­­րէն մէկն էր եւ մեր Սուրբ Յա­­կոբը Մծբնցի հայ կամ ասո­­րի ծա­­գու­­մով սուրբ մը։ Ու­­րա­­­խացած էի իմա­­նալով թէ մեծ հօրս անո­­ւանա­­կից սուրբը մեր այս կող­­մե­­­րէն, այժմու Մար­­տին քա­­ղաքի Նու­­սա­­­յիպին, հա­­յերէ­­նով Մծբին գա­­ւառէն է։ Ան ազ­­նո­­­ւական ըն­­տա­­­նիքի մը զա­­ւակ որ­­պէս ծնած էր կա­­րաւան­­նե­­­րու ճա­­նապար­­հին գտնո­­ւող Մծբին։ Գ. Դա­­րու վեր­­ջե­­­րուն քրիս­­տո­­­նէու­­թիւնը հետզհե­­տէ կը տա­­րածո­­ւէր այդ շրջան­­նե­­­րուն մէջ։ Կարգ մը աղ­­բիւրներ կը պնդեն թէ հայ մըն է ան, իսկ ու­­րիշներ ալ կը պնդեն թէ ասո­­րի է։ Մէկ կէտ յստակ է հա­­յոց Սուրբ Յա­­կոբը եւ ասո­­րէից Մոր Եաքո­­բը նոյն անձն են։ Դար­­ձեալ յստակ տե­­ղեկու­­թիւնով գի­­տենք թէ ան ստա­­ցած է լաւ ու­­սում եւ երի­­տասարդ տա­­րիքին ճգնած է ու եր­­կար տա­­րիներ ապ­­րած քա­­րայ­­րի մէջ։ Սնա­­նած էր բոյ­­սե­­­րով ու միր­­գե­­­րով։

Տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին բազ­­մա­­­թիւ հրաշքներ վե­­րագ­­րո­­­ւած են իրեն ու երբ օրա­­կար­­գի եկած է Մծբի­­նի նոր եպիս­­կո­­­պոս մը նշա­­նակե­­լու խնդի­­րը, ժո­­ղովուրդը մատ­­նա­­­ցոյց ըրած է երի­­տասարդ ճգնա­­ւորը։ Ան այսպէ­­սոգվ կը վե­­րադառ­­նայ քա­­ղաքակրթու­­թեան եւ Մծբնի մէջ կը հիմ­­նէ աշ­­խարհի հնա­­գոյն ու­­սումնա­­րան­­նե­­­րէն մէ­­կը՝ Մծբնի ակա­­դեմիան։ Կը կա­­ռու­­ցէ նաեւ Մծբնի առա­­ջին եկե­­ղեցին, որուն շի­­նու­­թիւնը կ՚աւար­­տի 320 թո­­ւին եւ կը նշո­­ւի, իբ­­րեւ Մի­­ջագետ­­քի հնա­­գոյն եկե­­ղեցի­­ներէն մէ­­կը։ Եկե­­ղեցին այ­­սօր ալ մա­­սամբ կան­­գուն է եւ գրան­­ցո­­­ւած է ՈՒ­­ՆԷՍՔՕ-ի հա­­մաշ­­խարհա­­յին մշա­­կոյ­­թի ժա­­ռան­­գութեան ցան­­կին։

Սուրբ Յա­­կոբ Մծբնա­­յի անու­­նին կը հան­­դի­­­պինք նաեւ 325 թո­­ւակա­­նին գու­­մա­­­րուած Նի­­կիոյ վե­­հաժո­­ղովի ար­­ձա­­­նագ­­րութիւննե­­րուն մէջ։

Նո­­յան Տա­­պանին ջրհե­­ղեղէն ետք Արա­­րատ լե­­րան կա­­տարին խարսխած ըլ­­լա­­­լը առա­­ջին պնդող­­նե­­­րէն է Սուրբ Յա­­կոբը։ Թե­­րահա­­ւատնե­­րուն ապա­­ցու­­ցե­­­լու հա­­մար քայլ առ քայլ շրջած է Արա­­րատ լե­­ռը եւ յայտնա­­բերած է Նո­­յան Տա­­պանին վե­­րագ­­րո­­­ւած իրեր, որոնք այ­­սօր կը ցու­­ցադրո­­ւին Էջ­­միած­­նի մայ­­րա­­­վան­­քի տա­­ճարին մէջ։

Սուրբ Յա­­կոբ կը վախ­­ճա­­­նի չոր­­րորդ դա­­րու կէ­­սերուն եւ կը թա­­ղուի իր կա­­ռու­­ցած եկե­­ղեցին։ Երբ Պար­­սիկներ 363 թո­­ւին կ՚ար­­շա­­­ւեն Մծբի­­նը կը բա­­ցուի Սուրբ Յա­­կոբի դամ­­բա­­­րանը եւ մա­­սունքնե­­րը նախ կը փո­­խադ­­րո­­­ւին Եթե­­սիա ապա Պո­­լիս ու կը ցրուին աշ­­խարհաս­­փիւռ հայ եկե­­ղեցի­­ներուն։ Այ­­սօր նե­­րառեալ ԱՄՆ-ն եւ Գա­­նատա­­յի կարգ մը եկե­­ղեցի­­ներ աշ­­խարհի զա­­նազան հայ եկե­­ղեցի­­ներուն մէջ կը պահ­­պա­­­նուին Սուրբ Յա­­կոբի մա­­սունքնե­­րը։

Գա­­լով Սուրբ Յա­­կոբի անո­­ւանա­­կից մեծ հօրս, ան բո­­լորո­­վին տար­­բեր տի­­պար մըն էր։ Աշ­­խարհա­­կան ու­­րա­­­խու­­թիւննե­­րով տո­­գորո­­ւած՝ զո­­ւար­­ճանքը, կե­­րու­­խումը, եր­­գը, երաժշտու­­թիւնը սի­­րող անձնա­­ւորու­­թիւն մըն էր։ Սորբ Յա­­կոբի անո­­ւան տօ­­նախմբու­­թիւններն ալ իր այդ բնա­­ւորու­­թիւնը դրսե­­ւորող ոգե­­ւորու­­թիւնով կը տօ­­նուէր։

Մեծ հայրս Յա­­կոբ Կա­­լիպո­­լեցի դա­­տաւոր եւ Ապ­­տիւլհա­­միտի Ար­­քա­­­յական Գան­­ձի Նա­­խարար Գաս­­պար Էֆեն­­տիի եւ Իս­­կուհի Չը­­նարեանի որ­­դին իբ­­րեւ ծնած է 1886-ին։ Լաւ ու­­սում ստա­­ցած է, երի­­տասարդ կեան­­քին ձեռ­­նարկած է առեւ­­տուրին եւ ամուսնա­­ցած է Ռո­­տոս­­թո­­­ցի Ակո­­բովիչ ըն­­տա­­­նիքի գե­­ղանի դստեր Ման­­նի­­­կի հետ։ Ամուսնու­­թեան առա­­ջին տա­­րինե­­րը ապ­­րած են Կա­­լիպո­­լի եւ 1915-էն ետք ալ Պո­­լիս։ Հան­­գիստ կեանք մը վա­­յելած են։ Ու­­նե­­­ւոր են եւ Սուրբ Յա­­կոբի Տօ­­նակա­­րու­­թիւննե­­րուն մաս­­նակցող­­նե­­­րու թի­­ւը կը յի­­շուի հա­­րիւրնե­­րով։ Այդ ըն­­դունե­­լու­­թիւննե­­րէն միակ գիտ­­ցածս։ Օրո­­ւայ գլխա­­ւոր ու­­տեստն է, լո­­րու մի­­սով փի­­լաւը, որ մեծ մօրս իւ­­րա­­­յատ­­կութիւ­­նը կը հա­­մարո­­ւէր։

Իմ յի­­շած տա­­րինե­­րուն այ­­լեւս հա­­րուստ ըն­­տա­­­նիք մը չէինք հա­­մարուեր։ Հե­­տեւա­­բար անո­­ւան տօ­­նակա­­տարու­­թիւններն ալ աւե­­լի հա­­մեստ էին։ Անո­­ւան տօ­­նակա­­տարու­­թիւննե­­րու յա­­տուկ սո­­վորու­­թիւնն է, որոշ ժա­­մուն միաս­­նա­­­բար սե­­ղան չէին նստեր, քա­­նի որ օր­­նի­­­բուն այ­­ցե­­­լու­­ներ կ՚ըլ­­լա­­­յին եւ պէտք էր բո­­լորին հիւ­­րա­­­սիրել։ Ար­­դա­­­րեւ բո­­լոր ու­­տեստնե­­րը սե­­ղանին դրո­­ւած էին եւ եկո­­ղը պնա­­կը լեց­­նե­­­լով տար­­բեր ան­­կիւն մը կը քա­­շուէր։ Այսպէ­­սով կը վե­­րանար նաեւ սե­­ղանին վրայ ով, որո՞ւ քով կամ ով, որո՞ւ դի­­մաց նստիի նման ձե­­ւակեր­­պութիւննե­­րը։

Եկող­­նե­­­րը հրա­­ւիրեալ­­ներ չէին։ Հե­­տեւա­­բար պատ­­րաստու­­թիւննե­­րը որոշ քա­­նակու­­թեան մը հա­­մաձայն չէին ըլ­­լար։ Անո­­ւանա­­տիրոջ յար­­գանք ցու­­ցա­­­բերել ցան­­կա­­­ցող ամէն ոք կրնար դու­­ռը թա­­կելով ներս մտնել։ Այսպէ­­սով ըն­­կե­­­րային տար­­բեր խա­­ւերուն պատ­­կա­­­նող մար­­դիկ հե­­տաքրքրա­­կան կեր­­պով կողք կող­­քի կը նստէին։ Օրի­­նակ մեր տան մէջ հայ հա­­սարա­­կու­­թեան վե­­րին խա­­ւերէն ան­­ձեր, դաշ­­նա­­­կահար մօրս արո­­ւես­­տա­­­գէտ բա­­րեկամ­­նե­­­րը, լրագ­­րող հօրս գրոց-բրոց ըն­­կերնե­­րը, մեծ հօրս գոր­­ծա­­­տեղիէն աշ­­խա­­­տող­­ներ, տան աղա­­խինի ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րը բո­­լորն ալ շնոր­­հա­­­ւորու­­թեան կու գա­­յին եւ նոյն մե­­ծարան­­քը կը վա­­յելէին։ Ըն­­կե­­­րու­­թեան աւե­­լի հա­­մեստ խա­­ւերէն եկող մար­­դիկ կը խրտչէին ու կը նա­­խընտրէին դրան մօտ աթո­­ռի մը եզ­­րին տե­­ղաւո­­րուիլ։ Իսկ տնե­­ցինե­­րը անոնք կ՚առաջ­­նորդէին աւե­­լի հան­­գիստ բազ­­կա­­­թոռ­­ներ։ Ես ման­­կա­­­կան իմ դի­­տար­­կումով կը նկա­­տէի թէ կարգ մը տիկ­­նայք ու պա­­րոնայք շատ ալ ու­­րախ չէին ըլ­­լար մեր այս հիւ­­րա­­­մեծա­­րու­­թե­­­նէն։

Ման­­կա­­­կան յի­­շողու­­թեանս մէջ դրոշ­­մո­­­ւած են Սուրբ Յա­­կոբի օրե­­րու կարգ մը տի­­պար­­նե­­­րը։ Անոնցմէ մէկն էր խենդ Պեր­­ճուհին։ Ամէն տա­­րի ան­­պայման կ՚այ­­ցե­­­լէր եւ եր­­կիւղա­­ծու­­թեամբ մեծ հօրս ձեռ­­քը կը համ­­բուրէր։ Խենդ կը կո­­չէին, որով­­հե­­­տեւ այդ տա­­րինե­­րու կանացի կեր­­պա­­­րը գե­­րազան­­ցող վարք մը ու­­նէր։ Պճնա­­սէր էր։ Կը սի­­րէր մարմնի գի­­ծերը բա­­ցայայ­­տող հա­­գուստներ հա­­գուիլ եւ ար­­դիսդի մը նման դի­­մայար­­դա­­­րուիլ։ Այ­­սօ­­­րուայ նման կը յի­­շեմ շրթունքնե­­րը ներ­­կած կար­­միր ռու­­ժը։ Կը զգա­­յի թէ բա­­զում բամ­­բա­­­սանքներ կը խօ­­սուէին, որոնք յան­­կարծ կը լռէին իմ ներ­­կա­­­յու­­թիւնը նկա­­տելով։ Իսկ ան միշտ ու­­րախ ու զո­­ւարթ էր։ Դռնէն ներս մտնե­­լով «Յա­­կոբ Քե­­րայ­­րը՜ս» ըսե­­լով կը ճչար ու մեծ հօրս նախ ձեռ­­քը, ապա այ­­տե­­­րը կը համ­­բուրէր։ Ըն­­տա­­­նիքին մէջ բո­­լորս կը սի­­րէինք Խենդ Պեր­­ճուկը։ Ան­­գամ մը կը յի­­շեմ դրան զան­­գը լսե­­լով ես փու­­թա­­­ցած էի բա­­նալու եւ ապա աղա­­ղակած «Խենդ Պեր­­ճուհի դան­­դի­­­կը եկա՜ւ» ըսե­­լով։ Պեր­­ճուհին նախ զո­­ւարթ քրքջաց ապա զգու­­շա­­­ցուց. «Տես եթէ այսպէս խօ­­սիս քե­­զի ալ խենդ կ՚ըսեն»։ Պեր­­ճուհին յա­­ճախ կ՚առար­­կէր իմ հա­­գուստ կա­­պուստիս։ «Աղ­­ջիկ ի՞նչ է այս հա­­գուածդ։ Մայ­­րա­­­պետ պի­­տի ըլ­­լա՞ս։ Գնայ կար­­միր ժա­­պաւէն մը բեր որ մա­­զիդ կա­­պեմ» կ՚ըսէր։ Եր­­բեմն ալ ծնող­­նե­­­րուս կը խրա­­տէր. «Սա աղջկան ականջնե­­րը ծա­­կեցէք։ Առանց օղի աղ­­ջիկ կ՚ըլ­­լա՞յ»։

Հե­­տաքրքրա­­կան հիւ­­րե­­­րէն մէկն ալ Մըյ­­մըյ Ժի­­րայրն էր։ Հա­­կապատ­­կերն էր Խենդ Պեր­­ճուկին։ Ընկճո­­ւած էր, ապեր­­ջա­­­նիկ։ Կի­­նը լքած էր զինք եւ Ժի­­րայր չէր կրցած այդ հա­­րուա­­ծէն ձեր­­բա­­­զատո­­ւիլ։ Շուրջին­­նե­­­րը ձանձրաց­­նե­­­լով կը պատ­­մէր թէ ինչպէս կը փոր­­ձէր կնոջ իր հան­­դէպ սէ­­րը կամ ու­­շադրու­­թիւնը։ Դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով ծուռ կը կա­­պէր փող­­կա­­­պը սպա­­սելով թէ կի­­նը պի­­տի նկա­­տէ ու շտկէ։ Գի­­շեր­­նե­­­րը դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով վեր­­մա­­­կը բաց կը թո­­ղուր եւ քնա­­ցած ձե­­ւաց­­նե­­­լով կը սպա­­սէր որ կի­­նը անդրա­­դառ­­նայ ու վրան ծած­­կէ։

Ման­­կա­­­կան յի­­շողու­­թեան մէջ ին­­ծի ու­­րա­­­խու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռող պատ­­կերնե­­րէն մէկն ալ հիւ­­րե­­­րուն միաս­­նա­­­բար «հիփ, հիփ, հիփ Հուրրա՜» գո­­ռալով բա­­ժակ բարձրաց­­նելն էր։ Ապա եր­­գեր կ՚եր­­գո­­­ւէին։ Բո­­լորին ծա­­նօթ ու­­րախ եր­­գեր։ Ափ­­սոս այդ եր­­գե­­­րը սրբո­­ւած են յի­­շողու­­թե­­­նէս։ Միայն կը յի­­շեմ «Լա­­րից թմբրա­­լալան», ուր բո­­լորը միաձա­­նօրէն կը մաս­­նակցէին «Հա՜, Հա՜ Հա՜» պո­ռալով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ