Ծննդեան ընդունելութիւն Քաղաքապետարանի կողմէ

20Դեկտեմ­բեր եր­կուշաբ­թի երե­կոյ Հա­լիճի Հա­մաժո­ղով­նե­րու Հա­մալի­րի մէջ կա­յացած Ս. Ծննդեան տօ­նակա­տարու­թիւնը ան­նա­խադէպ երե­ւոյթ մը ըլ­լա­լով պի­տի յի­շուի պատ­մութեան էջե­րու մէջ։ Իս­թանպու­լի Մայր Քա­ղաքա­պետ Էք­րէմ Իմա­մօղ­լո­ւի հրա­ւէրով կա­յացող այս ընթրի­քին ներ­կայ գտնո­ւեցան քա­ղաքի բո­լոր քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րը եւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կամ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։ Այսպէս պա­տուոյ սե­ղանին վրայ տեղ գրա­ւեցին Յու­նաց Տիեզե­րական Պատ­րիարք Բար­թո­ղոմէոս Սրբա­զանը, Թուրքիոյ Հա­յոց Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քը, Ասո­րի Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Մոր Ֆի­լիք­սի­նոս Չէ­թին Մետ­րո­պոլի­տը, Հայ Կա­թողի­կէ հա­մայնքի վի­ճակա­ւոր Ար­հի. Տ. Լե­ւոն Ար­քեպս. Զէ­քիեանը, Ասո­րի Կա­թոլիկ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Մոնս. Օր­հան Չան­լը Քո­րեպս.ը, Հայ Աւե­տարա­նական Եկե­ղեց­ւոյ Վե­րապա­տուե­լի Գրի­գոր Աղա­պալօղ­լու, Լա­տին Եկե­ղեց­ւոյ Առաջ­նորդ Մոնս. Մաս­սի­միլիանօ Փե­լինու­րա Եպիս­կո­պոսը, Հա­թայի Մայր Քա­ղաքա­պետ, Լիւթֆիւ Սա­ւաշ եւ տանտէր Էք­րէմ եւ Տի­լէք Իմա­մօղ­լու ամո­լը։

Հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րը ար­տա­սանե­ցին իրենց սրտի խօս­քը ընդմիշտ շեշ­տե­լով պատ­մա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող այս քա­ղաքի մէջ միատեղ կե­ցու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը։ Այդ բո­լորի մէջ իր սրա­միտ ելոյ­թով մեծ տպա­ւորու­թիւն թո­ղուց Հա­յոց Պատ­րիար­քի ելոյ­թը, որ կը շեշ­տադրէր քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լո­ւի շի­նիչ յատ­կա­նիշ­նե­րը, օրի­նակ բե­րելով Եզո­պոսեան առա­կէ մը, որուն տե­ղեկա­ցած էր տա­կաւին նա­խակրթա­րանի նստա­րան­նե­րուն վրայ։

Կի­րար­կո­ւեցաւ բա­­ւական խնա­­մեալ երաժշտա­­կան յայ­­տա­­­գիր մը, որուն առա­­ջին բաժ­­նին մէջ յոյն եկե­­ղեց­­ւոյ դպիր­­ներ եւ հո­­գեւո­­րական­­ներ եր­­գե­­­ցին Ծննդեան շա­­րական­­ներ։ Յայ­­տագրի երկրորդ բաժ­­նին Վար­­դա­­­նանց Երգչա­­խումբը շատ յա­­ջող կա­­տարումնե­­րով ներ­­կա­­­յացուց լաւ մտա­­ծուած ու մշա­­կուած յայ­­տա­­­գիր մը։ Վար­­դա­­­նանցի եր­­գա­­­ցան­­կը կը սկսէր 1826-ին Ֆրանս Ժաւիէ Կրուպէրի յօրինած եր­­գով մը, որուն կը յա­­ջոր­­դէր հայ ժո­­ղովրդա­­կան երաժշտու­­թե­­­նէն յա­­ջող ընտրա­­նի մը։ Տեղ գտան եր­­կու թրքե­­րէն եր­­գեր ու ապա Գարլ Օր­­ֆի «Գար­­մի­­­նա Պու­­րա­­­նա» ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութե­­նէն «Օ Ֆոր­­թունա» հա­­տուա­­ծը եւ Արա Պար­­թե­­­ւեանի մշա­­կու­­մով «Գո­­վեայ Երու­­սա­­­ղէմ» շա­­րակա­­նը։ Վնրդա­­նանց Երգչա­­խումբի յայ­­տա­­­գիրը աւար­­տին հա­­սաւ հետզհե­­տէ նման հան­­դի­­­սու­­թիւննե­­րու խորհրդա­­նիշը դար­­ձած Էտ­­կար Յով­­հաննի­­սեանի Պա­­րոյր Սե­­ւակի խօս­­քե­­­րով Քա­­ղաքա­­մայր Երե­­ւանի հիմ­­նադրու­­թեան 2750-ամեակի ձօ­­նուած յօ­­րինու­­մով՝ «Երե­­ւան-Էրե­­բու­­նի»ով։ Այս եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րու ըն­­թացքին պա­­տուոյ սե­­ղանին վրայ կը տի­­րէր մեծ հիացում կա­­տարո­­ւած եր­­գե­­­ցողու­­թեան բարձր որա­­կին դի­­մաց։ Այսպէս այ­­լազգի հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րը իրենց հայ պա­­շտօնա­­կից­­նե­­­րուն հար­­ցումներ կ՚ուղղէին մա­­նաւանդ հե­­տաքրքրո­­ւելով թէ ար­­դեօք եր­­գիչնե­­րը ար­­հեստա­­վարժ են։ Իսկ մե­­րոնք հպար­­տութեամբ կը պա­­տաս­­խա­­­նէին թէ սի­­րողա­­կան տար­­րե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող եկե­­ղեցա­­կան երգչա­­խումբ մըն է բե­­մին վրայ, որ կ՚եր­­գէ ար­­հեստա­­վար­­ժօ­­­րէն։

Տպա­­ւորիչ էր Քա­­ղաքա­­պետ Էք­­րէմ Իմա­­մօղ­­լո­­­ւի ու­­ղերձը, որուն մէջ յատ­­կանշա­­կան եր­­կու կէ­­տեր ընդգծման ար­­ժա­­­նի են։ Ան նախ իբ­­րեւ մահ­­մե­­­տական կրօն­­քի հա­­ւատա­­ցեալ, պար­­զեց Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի հան­­դէպ իր հա­ւատքն ու սէ­րը եւ այսպէ­սով ող­ջունեց Սուրբ Ծննդեան խոր­հուրդը։ Իսկ երկրորդ կէ­տը, որ իբ­րեւ քա­ղաքա­պետ մեր­ժեց «փոք­րա­մաս­նութիւն» կո­չու­մը ու պար­զեց թէ որպէս քա­ղաքա­պետ նման քա­նակա­կան չա­փանիշ­ներ չի կրնար գոր­ծա­ծել Իս­թանպու­լի 16 մի­լիոն բնա­կիչ­նե­րէն ոեւէ մէ­կուն դէմ։ Իր հան­դէպ ցու­ցա­բերո­ւած հա­մակ­րանքի մա­սին փաս­տեր ըլ­լա­լով ներ­կա­յացող այս խօս­քե­րէ ետք շատ ջերմ ծա­փահա­րու­թիւննե­րով ող­ջունո­ւեցաւ Քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լու։

Ընդդիմադիր քա­ղաքա­պետ­ը իր այս կազ­մա­կեր­պութեամբ յա­տուկ էջ մը բա­ցած եղաւ քա­ղաքի քրիս­տո­նեայ ապ­րումնե­րուն մէ­ջ եւ ար­դա­րացուց իր աիձին հան­դէպ հա­սարա­կու­թեան հա­մակ­րանքը։

Խո­տոր ձայ­ներ

Քա­ղաքա­պետա­րանի բո­լոր նա­խաձեռ­նութիւննե­րուն դէմ նա­խապա­շարո­ւած շրջա­նակ­ներ առանց թա­փան­ցե­լու օրո­ւայ խոր­հուրդին եւ ապա­հոված գո­հու­նա­կու­թեան կը փոր­ձեն ճա­շատե­սակի բեր­մամբ մե­ղադ­րել Քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լուն։

Ինչպէս կեան­քի զա­նազան երե­ւոյթներ սե­ղանի, յատ­կա­պէս ալ խի­ճոյ­քի մե­ղանի հաս­կա­ցողու­թիւննե­րը մեծ փո­փոխու­թիւններ կ՚ապ­րին։ Նո­րաձե­ւու­թեան հա­մաձայն որ­քան որ կ՚աւել­նայ պնա­կի տրա­մագի­ծը, փո­խարէ­նը նոյնքան կը նո­ւազի անոր պա­րու­նա­կու­թիւնը։ Վեր­ջա­պէս այս տե­սակի խրախ­ճանքի սե­ղան­նե­րուն վրայ պնակ­նե­րը ոչ թէ կշտա­նալու, այլ համ­տե­սելու կը ծա­ռայեն։ Այդպէս էր նաեւ Քա­ղաքա­պետա­րանի Ծննդեան ըն­դունե­լու­թեան սե­ղանը։ Սա­կայն որոշ շրջա­նակ­ներ սոս­ցանցե­րու վրայ հրա­պարա­կելով օրո­ւայ ճա­շացու­ցա­կը, այդ մէ­կը մսխում ըլ­լա­լով նկա­րագ­րե­ցին քա­ղաքա­պետա­րանի հաշ­ւոյն։ Ակ­նարկե­ցին Քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լո­ւի թո­ւած 15 մի­լիարի հաս­նող պիւտճէի բա­ցին, հա­կասու­թիւն գտան, այդ տե­ղեկագ­րի ու ճա­շացու­ցա­կի մի­ջեւ։

Որ­պէս ակա­նատես նշենք թէ շատ յա­ջող սպա­սարկման եղա­նակով մա­տու­ցո­ւած ճա­շէն ան­յագ մնա­ցող յատ­կա­պէս երի­տասարդ տա­րիքի հրա­ւիրեալ­ներ այս ճոխ սե­ղանէն ել­լե­լով ուղղո­ւեցան դէ­պի Սիւթլիւ­ճէի ծա­նօթ «ույքու­նուք» ըամ «քո­քորել»ի նման ու­տեստներ մա­տու­ցող ճա­շարան­նե­րը։ Իսկ ոմանք ալ աւե­լի համ­բե­րատար եղան եւ իրենց թա­ղը հաս­նե­լով դի­մեցին «Վար­տար Մու­հալլէ­պիճի­սի», որ­պէսզի կուշտ փո­րով ան­կո­ղին մտնեն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ