Հայ Կա­թողի­կէ Հա­մայնքին Առաջ­նորդ Ար­հի. Գերպ. Տ. Լե­ւոն Արք.-ի սրտի խօս­քը Ս. Ծննդեան Եւ Աս­տո­ւածա­յայտնու­թեան Տօ­ներուն առ­թիւ

«Ասիկա իմ զա­ւակս է։ Ասի­կա իմ միսս է։ Ինձմէ առ­նո­ւած է, իմ աչ­քերս ու­նի, իր բեր­նին ձե­ւը իմ բեր­նիս ձե­ւը ու­նի։ Ին­ծի կը նմա­նի։ Աս­տո­ւած է եւ ին­ծի կը նմա­նի»։ Այս խօսղքե­րուն հե­ղինա­կը, որու ինքնու­թիւնը քիչ ետք պի­տի յայտնենք, այսպէս կը շա­րու­նա­կէ իր խորհրդա­ծու­թիւնը՝ «Ո՛չ մէկ կին ու­նե­ցած է եր­բեք ճա­կատա­գիրը՝ իր Աս­տո­ւածը միայն ինքն իրեն հա­մար ու­նե­նալու. Աս­տո­ւած մը փոք­րիկ՝ զոր կա­րելի է գրկել, համ­բոյրնե­րով ողո­ղել. Աս­տո­ւած մը՝ տա­քուկ, որ կը ժպտի ու կը շնչէ, որուն կա­րելի է դպչիլ եւ որ կ՚ապ­րի։ Եւ այդ պա­հերուն է որ պի­տի ու­զէի նկա­րել Մա­րիամը՝ եթէ նկա­րիչ ըլ­լա­յի, եւ պի­տի ջա­նայի դրսե­ւորել իր միան­գա­մայն գո­րովոտ հա­մար­ձա­կու­թեան եւ վե­հերոտ վա­րանու­մին ար­տա­յայ­տութիւ­նը, մինչ կ՚եր­կա­րէ իր ձեռ­քը՝ շօ­շափե­լու հա­մար այս Աս­տո­ւածա­մանու­կին մոր­թը, որու ծան­րութիւ­նը կը զգայ իր ծունկե­րուն վրայ եւ որ կը ժպտի իրեն»։

Այս ցնցիչ տո­ղերուն հե­ղինա­կը Ի. դա­րու շատ ծա­նօթ մէկ գրողն է, անաս­տո­ւած, ֆրան­սա­կան կրօ­նազուրկ գո­յու­թե­նապաշ­տութեան խորհրդա­նիշը հան­դի­սացող մտա­ւորա­կան, փի­լիսո­փայ Ժան-Փօլ Սարթր։ Իսկ գրու­թեան ծա­գու­մին հան­գա­մանքնե­րը նոյ­նիսկ աւե­լի անակնկալ եղած են քան հե­ղինա­կին ինքնու­թիւնը։ Տա­րեթիւն է 1940։ Սարթր կը գտնո­ւի Թրի­րի կեդ­րո­նաց­ման նա­ցիական ճամ­բա­րին մէջ եւ իր ճա­կատագ­րա­կից­նե­րուն հա­մար կը գրէ պատ­մուածք մը, զոր կը հաս­ցէագ­րէ հա­ւասա­րապէս «հա­ւատա­ցելա­ներուն եւ ան­հա­ւատ­նե­րուն» եւ զոր կը վեր­նագրէ Բա­րիոնա կամ Որոտ­ման Որ­դին։ Ապա հե­ղինա­կը զայն կը վե­րածէ թատ­րերգու­թեան, զոր կը բե­մադ­րէ կա­լան­քի տա­րինե­րուն, ինք ալ ստանձնե­լով Բաղ­դա­սար մո­գի դե­րը։ Գոր­ծը եր­կար տա­րիներ կը մնայ ան­տիպ եւ ան­ծա­նօթ, մին­չեւ որ կը հրա­տարա­կուի ու բե­մադ­րո­ւի յետ աւե­լի քան վաթ­սուն տա­րինե­րու։

Ցնցիչ են Սարթրի նման, անաս­տո­ւած խոր­հե­լակեր­պի խորհրդա­նիշ դար­ձած մտա­ւորա­կանի մը կող­մէ ար­տա­բերո­ւած, գրի առ­նուած վե­րոյի­շեալ խօս­քե­րը։ Գի­տենք, որ կա­լան­քի այդ դա­ժան պայ­մաննե­րուն մէջ, ինք նպա­տակ ու­նէր հա­մախմբե­լու, միաւո­րելու նա­ցիական բռնու­թեան դէմ՝ իրեն բախ­տա­կից բո­լոր կա­լանա­ւոր­նե­րը, հա­ւատա­ցեալ թէ ոչ։ Բայց Սարթրի՝ որ­քան ցնցիչ, նոյնքան եւ աւե­լի զգա­յուն, խո­րազ­գած, գո­րովա­լիր խօս­քե­րը ուժգնօ­րէն մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ կը դնեն հա­ւատ­քի հար­ցը, իր մեր­կա­պարա­նոց ան­խուսա­փելիու­թեամբ, շատ բարդ ու մա­նուա­ծապատ կե­ցուած­քը իբ­րեւ ամե­նաթունդ ան­հաւա­տը ներ­կա­յացող մար­դուն ան­գամ՝ հա­ւատ­քի առ­ջեւ, Աս­տուծոյ առ­ջեւ, Խոր­հուրդին առ­ջեւ։ Ինքն իսկ Սարթր խոս­տո­վանած է՝ թէ «շատ բարդ ու շատ դժո­ւար» եղած է իր «յա­րաբե­րու­թիւնը Աս­տուծոյ հետ»։

Քրիս­տո­սի Ծնունդն ու Յայտնու­թիւնը ամե­նայար­մար առի­թը կ՚ըն­ծա­յեն բո­լորիս հա­մար՝ դնե­լու մենք մեզ Հա­ւատ­քին դի­մաց, Խոր­հուրդին դի­մաց, Աս­տուծոյ դի­մաց։ Առի­թը՝ քննե­լու մենք մեզ վերստին, խոր­հե­լու վերստին մեր գո­յու­թիւնը, մեր կեան­քը, մեր ինքնու­թիւնը, եւ դի­տելու այս բո­լորը Աս­տուծոյ, Քրիս­տո­սի հա­յելիին ընդմէ­ջէն։

Յի­սու­սի Ծնունդն եւ Յայտնու­թիւնը թող կան­չեն մեզ բո­լորս գրկե­լու, համ­բոյրնե­րով ողո­ղելու այդ Աս­տո­ւածա­յին Մա­նու­կը, որու երե­ւու­մը աշ­խարհի վրայ՝ նշեց պատ­մութեան զե­նիթը, կանգնեց փրկու­թեան Նշա­նը, կեան­քի եւ խա­ղաղու­թեան գրա­ւակա­նը ըն­ծա­յեց։

22 Դեկ­տեմբեր 2021

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ