Լուսանկարչական Մրցում Նիքօ Մանկինասի յիշատակին

Տիեզերա­կան Պատ­­րիար­­քա­­­րանի պաշ­­տօ­­­նական լու­­սա­­­ւորիչ Նի­­քօ Ման­­կի­­­նաս Քո­­վիտ 19-էն վա­­րակո­­ւելով մա­­հացած էր։ Գոր­­ծընկեր­­նե­­­րը իր յի­­շատա­­կը եւ վաս­­տա­­­կը պան­­ծացնե­­լու հա­­մար ձեռ­­նարկե­­ցին լու­­սանկար­­չա­­­կան մրցու­­մի մը, որ նիւթ կ՚ու­­նե­­­նար մշա­­կոյթն ու աւան­­դութիւննե­­րը։

Յատ­­կա­­­պէս այս նիւ­­թե­­­րով գոր­­ծեր ար­­տադրող լու­­սանկա­­րիչ­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող դա­­տակազ­­մը 18 Դեկ­­տեմբեր շա­­բաթ օր Ենի­­գիւ­­ղի Այա Բա­­նիա յու­­նաց եկե­­ղեց­­ւոյ յա­­րակից սրա­­հին մէջ հա­­ւաքո­­ւելով դա­­սաւո­­րեց 285 մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րէ հա­­սած 785 գոր­­ծեր։ Ընտրո­­ւեցան երեք լա­­ւագոյն լու­­սանկար­­նե­­­րը։ Յի­­շատակ­­ման ար­­ժա­­­նի երեք լու­­սանկար­­ներ, Դա­­տակազ­­մին յա­­տուկ մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նի լու­­սանկար մը եւ այն 30 լու­­սանկար­­նե­­­րը, որոնք ար­­ժա­­­նի գտնո­­ւեցան ցու­­ցադրու­­թեան։ Դա­­տակազ­­մին այս դժո­­ւարին պար­­տա­­­կանու­­թեան կո­­չուած էին Ալ­­պերթօ Մո­­տիանօ, Պերճ Արա­­պեան, Ճոշ­­կուն Արալ, Էմի­­նէ Իւլքե­­րիմ, Իզ­­զեթ Քեհ­­րի­­­պար, Մկրտիչ Ար­­ծի­­­ւեան, Եոր­­կօ Տե­­միր եւ Թուրքիոյ Լու­­սանկար­­չութեան Դաշ­­նակցու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Իպ­­րա­­­հիմ Կէօք­­սունկուր։

21 Դեկ­­տեմբե­­րին յայ­­տա­­­րարո­­ւած ար­­դիւնքնե­­րու հա­­մաձայն առաջ­­նութեան եւ երկրոր­­դութեան մրցա­­նակ­­նե­­­րուն ար­­ժա­­­նացաւ մրցու­­մին Պիթ­­լի­­­սէն մաս­­նակցող Իս­­քենտեր Սել­­չուք։ Իսկ եր­­րորդու­­թեան մրցա­­նակը նո­­ւաճեց Ահ­­մետ Թու­­րան Քուրալ։ Դա­­տակա­­զմը եւս ու­­նէր իր յա­­տուկ մրցա­­նակը եւ այդ 700-ի ընդմէ­­ջէն առանցնա­­ցուե­­ցան երեք ման­­սիոն­­ներ եւ ցու­­ցադրու­­թեան ար­­ժա­­­նի 30 գոր­­ծեր։

Առա­­ջին եւ երկրորդ մրցա­­նակ­­նե­­­րը նոյն անու­­նին վի­­ճակո­­ւեցաւ, քա­­նի որ դա­­տակազ­­մը ընտրու­­թիւններ ընե­­լու պա­­հուն ծա­­նօթ չէր իրեն ներ­­կա­­­յացուած գոր­­ծե­­­րու հե­­ղինակ­­նե­­­րուն։

«Մենք միայն գոր­­ծե­­­րը դի­­տելով ճշտե­­ցինք աս­­տի­­­ճանա­­ւորու­­մը։ Այդ պա­­հուն բնա­­կանա­­բար չէինք գի­­տեր թէ նոյն լու­­սանկա­­րիչը կը նո­­ւաճէ, թէ առաջ­­նութեան եւ թէ երկրոր­­դութեան մրցա­­նակ­­նե­­­րը» կ՚ըսէ դա­­տակազ­­մի ան­­դամնե­­րէն եւ «Ակօս»ի ծա­­նօթ լու­­սանկա­­րիչ Պերճ Արա­­պեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ