«Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը»

«Վեր­ջին 300 տա­րինե­րու ամե­նաազ­դե­ցիկ հա­յը» Տար­բե­րակ21 առ­ցանց հան­դէ­սին (www.darperag21.net) կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած փոր­ձագրա­կան (essay) մրցոյթ է, որուն կրնան մաս­նակցիլ պատ­մա­բանու­թեան, քա­ղաքա­գիտու­թեան, ըն­կե­րաբա­նու­թեան, մշա­կու­թա­բանու­թեան եւ այլ գի­տու­թիւննե­րու 25-էն 40 տա­րեկան ու­սա­նող­ներ եւ մաս­նա­գէտ­ներ աշ­խարհի բո­լոր կող­մե­րէն։ Մրցոյ­թը յաղ­թող գրու­թեան հե­ղինա­կը կամ հե­ղինակ­նե­րը պի­տի ստա­նայ(ն)յ 150 ամե­րիկեան տո­լարի մրցա­նակ. եր­կու այլ գրու­թիւննե­րու պի­տի շնոր­հո­ւին յա­տուկ գնա­հատան­քի մրցա­նակ­ներ՝ իւ­րա­քան­չիւրը 75 ամե­րիկեան տո­լարի չա­փով։ Մրցոյ­թին ներ­կա­յացո­ւած այլ գրու­թիւննե­րու հե­ղինակ­նե­րը, որոնց գոր­ծե­րը կը հրա­պարա­կուին Տար­բե­րակ21 հան­դէ­սին մէջ, կը ստա­նան 30 ամե­րիկեան տո­լարի պա­տուե­գին։

Ա. Թե­ման.

Մրցոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րը իրենց յօ­դուած­նե­րուն մէջ հիմ­նա­կանին մէջ պէտք է պա­տաս­խա­նեն հե­տեւեալ հար­ցե­րուն.

1Ով է այն ան­ձը, որ մե­ծագոյն ազ­դե­ցու­թիւնը ձգած է հայ ժո­ղովուրդի 18-րդէն 21-րդ դա­րերու պատ­մութեան վրայ։

2Ին­չին մէջ կը կա­յանայ այդ ազ­դե­ցու­թիւնը՝ պատ­մա­կանօ­րէն։

3Ին­չով կ՚ար­տա­յայ­տո­ւի այդ ազ­դե­ցու­թիւնը՝ այժմէակա­նօրէն։

Բ. Առար­կան.

1Յօ­դուած­նե­րու առար­կայ կրնան դառ­նալ էթ­նիկ-ազ­գա­յին պատ­կա­նելու­թեան առու­մով իրենք զի­րենք հայ հա­մարող՝ 18-րդէն 21-րդ դա­րու տար­բեր ոլորտնե­րու գոր­ծիչներ, որոնց միտքն ու գոր­ծունէու­թիւնը սեր­տօ­րէն կա­պուած են հայ ժո­ղովուրդի պատ­մութեան՝ վեր­ջի­նիս բնա­պատ­մա­կան տա­րած­քին մէջ թէ անոր­մէ դուրս։

2Բա­ցի անձնա­ւորու­թիւննե­րէ, յօ­դուած­նե­րու առար­կայ կրնան դառ­նալ նաեւ որո­շակի ոլորտ կամ գոր­ծա­ռոյթ ներ­կա­յաց­նող հա­ւաքա­կան կեր­պարներ (ինչպէս օրի­նակ՝ «հայ եկե­ղեցա­կանը», «հայ շի­նակա­նը», եւայլն)։

Գ. Պայ­մաննե­րը.

1Յօ­դուա­ծը ներ­կա­յաց­նել հա­յերէն կամ անգլե­րէն։

2Յօ­դուա­ծը ներ­կա­յաց­նել շա­րուած՝ Microsoft Word-ով։

3Ծա­ւալը՝ մօ­տաւո­րապէս 1000 բառ (ոչ՝ աւե­լի), ծա­նօթագ­րութիւննե­րը կամ յա­ւելո­ւած­նե­րը՝ չհա­շուած։

4Տա­ռատե­սակը՝ Sylfaen, չա­փը՝ 12 կէտ, բո­լոր էջե­րը՝ տո­ղերու կրկնա­կի տա­րածու­թեամբ, բո­լոր կող­մե­րէն՝ 1 inch լու­սանցքնե­րով։

5Յօ­դուա­ծին վրայ չնշել հե­ղինա­կի կամ հե­ղինակ­նե­րու անուններ։

6Յօ­դուա­ծէն ան­ջատ բայց անոր հետ նոյն նա­մակով ու­ղարկո­ւած բա­ցատ­րա­կան էջի մը վրայ նշել հե­ղինա­կին կամ հե­ղինակ­նե­րուն անուննե­րը, յօ­դուա­ծին վեր­նա­գիրը, բնա­կու­թեան հաս­ցէն, հե­ռաձայ­նի թի­ւը եւ իմէյլ հաս­ցէն։

7Այն յօ­դուած­նե­րը որոնք չեն հա­մապա­տաս­խա­ներ այս պայ­մաննե­րուն կրնան մրցոյ­թէն դուրս մնալ։

Դ. Պայ­մա­նաժա­մը

1Յօ­դուած­նե­րը պէտք է ու­ղարկել մին­չեւ 28 Յու­նո­ւար, 2022։

2Յաղ­թողնե­րը պի­տի յայ­տա­րարուին 28 Փետ­րո­ւար, 2022-ին։

3Տար­բե­րակ21 հան­դէ­սը իրեն կը վե­րապա­հէ մրցոյ­թին ներ­կա­յացո­ւած որե­ւէ յօ­դուա­ծի հրա­պարա­կում՝ իր կայ­քին մէջ։

Ե. Ու­ղարկում

Յօ­դուա­ծը եւ անոր բա­ցատ­րա­կան էջը, առան­ձին՝ MS Word-ի մէջ շա­րուած, միեւ­նոյն նա­մակով ու­ղարկել editor@darperag21.net հաս­ցէին, մին­չեւ 28 Յու­նո­ւար, 2022։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ