Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր Ամանորի Խօսքը

«Ամէն բանի ատենը կայ ու

երկինքին տակ եղող ամէն գործին ժամանակը»

(Ժողով. 3.1)

«Նոր» եւ «նո­րու­թիւն» անո­ւանու­մը կրող ամէն ինչ յու­զումնա­լից ակնկա­լու­թիւններ կը ստեղ­ծէ մեր մէջ։ Սա­կայն այդ յու­զումնե­րը չեն պճնո­ւիր միշտ լա­ւատես գոյ­նե­րով եւ չեն գո­յաց­ներ յու­սա­լիր եւ ու­րախ թրթռա­ցումներ մեր հո­գինե­րուն մէջ։ Յոյս եւ եր­կիւղ, հա­ւատք ու տա­րակոյս միաս­նա­բար կը ներ­կեն ապա­գայի հո­րիզո­նը, ուստի պրկում մը կը յա­ռաջաց­նեն մար­դուն սիր­տին մէջ՝ միշտ վստա­հու­թիւն որո­նող։

Նոր տա­րին դի­մաւո­րելը պճնա­զարդ կա­ղան­դի ծա­ռերով, խրախ­ճանքի սե­ղան­նե­րով եւ լու­սա­ւորո­ւած փո­ղոց­նե­րով, սրահ­նե­րով ու գոյնզգոյն նո­ւէր­նե­րով մեր սիր­տի բո­ղոքն է ան­ցած տա­րինե­րուն դէմ, որոնք չեն ար­դա­րացու­ցած լիու­լի մեր ակնկա­լու­թիւննե­րը կեան­քի նկատ­մամբ։ Մենք կը փա­փաքէինք մեր կեան­քը աւե­լի երա­զային ու հէ­քեաթա­յին որակ մը ու­նե­նար։ Երա­նի, թէ կեան­քը մե­զի նկատ­մամբ աւե­լի ճոխ ու առա­տաձեռն վա­րուէր, աւե­լի հանգստա­ւէտ պայ­մաններ շնոր­հէր մե­զի ե՚ւ անստո­ւեր օրեր՝ ընդմիշտ կա­տարեալ առող­ջութեամբ, յա­ջողու­թեամբ եւ խա­ղաղու­թեամբ. փա­փաք­ներ, որոնք ամ­փո­փու­մը կը կազ­մեն ամա­նորի մեր բո­լոր բա­րեմաղ­թանքնե­րուն։ Մեր երկրա­յին դրախ­տը պա­հան­ջե­լու պա­հերն են ահա՚ նոր տա­րին դի­մաւո­րելու հա­մար սար­քո­ւած բո­լոր տօ­նակա­տարու­թիւննե­րը։

Դրախ­տէն վտա­րուած ու այս աշ­խարհի ճամ­բա­ներուն վրայ ու­ղե­կորոյս մար­դիկս կը փնտռենք մեր դրախտնե­րը եւ յոյս ու­նինք որ միշտ գա՚լ տա­րի աւե­լի եւս պի­տի մօ­տենանք անոր։ Գե­րեզ­մաննե­րը փաս­տերն են, որ այս աշ­խարհի մէջ մնա­յուն դրախտ մը չու­նինք. հա­զիւ մի քա­նի ովա­սիս­ներ՝ պահ մը շունչ առ­նե­լու։ Մենք՝ Քրիս­տո­նեաներս ուխտա­ւոր­ներ ենք ճա­նապար­հի լծո­ւած՝ մեր կորսնցու­ցած դրախ­տը վե­րագտնե­լու։ Դրախ­տը այն տեղն է, ուր մարդն իր արար­չին, բնու­թեան եւ իրա­րու հետ հա­մերաշ­խութեամբ կը վա­յելեն կեան­քը երա­նու­թեան մէջ։ Բա­ցի ան­մա­հու­թե­նէն, մնա­ցեալ բո­լոր բաղ­կա­ցու­ցիչնե­րը դրախ­տին կա­րելի է հայ­թայթել այս աշ­խարհին մէջ, թե­րեւս ոչ միշտ, այլ որոշ ըն­տիր պա­հերուն միայն։ Այդ պա­հերուն քա­նակը եւ որա­կը բարձրաց­նե­լու մէջ է թաք­նո­ւած ապ­րե­լու արո­ւես­տին գաղտնի­քը։

2022 թո­ւակա­նը իր նա­խորդնե­րուն նման պի­տի հրամցնէ մե­զի դրախ­տա­վայել ժա­մանակ­ներ։ Եթէ մենք հրա­ժարինք փնտռե­լէն «վարդ առանց փու­շի», այս նոր տա­րին ալ օրհնա­բեր տա­րի մը պի­տի ըլ­լայ մե­զի հա­մար եթէ հաշ­տո­ւած ենք Աս­տուծոյ, մար­դոց եւ բնու­թեան հետ ու իրա­զեկ դար­ձեր ենք այն իրա­կանու­թեան, որ 365 օրո­ւան իւ­րա­քան­չիւրը շնորհք մըն է մե­զի տրո­ւած՝ նո­ւէր մը ան­փո­խարի­նելի ար­ժէ­քով օծուն, նե­րառեալ՝ իր մա­տու­ցած դժո­ւարու­թիւննե­րով։

Գի­տենք, բո­լորս ալ կը տես­նենք որ 2022-ի հո­րիզո­նին վրայ դի­զուած են սեւ ամ­պեր եւ կը լսենք ամպրոպ­նե­րու ձայ­նը, որ դող ու սար­սափ կը պատ­ճա­ռէ մեր սիր­տե­րուն։ Ու­րեմն ճիշդ ժա­մանակն է կոչ ուղղե­լու Հա­ւատ­քին, Յոյ­սին եւ Սի­րոյն, որոնք մկրտու­թեան մեր ժա­ռան­գութիւնն են մե­զի աւան­դո­ւած՝ կեան­քի ըն­թացքին գոր­ծա­ծելու հա­մար։ Պի­տի համ­բե­րենք։ Փո­թորիկ­նե­րը ի վեր­ջոյյյ պի­տի հան­դարտին, անձրեւ­նե­րը պի­տի դադ­րին, ծիածա­նը պի­տի յայտնո­ւի կա­պոյտ երկնա­կամա­րին վրայ, գար­նան եւ արե­ւաշող օրե­րու աւե­տիսը բե­րելով մե­զի։ Այո՚, այդ նոյն սեւ ամ­պե­րուն մէ­ջէն տես­նել խոստմնա­լից կա­պոյտ հո­րիզո­նը ու սպա­սել համ­բե­րու­թեամբ եր­ջանկա­բեր ապա­գային՝ միայն Հա­ւատ­քով եւ Յոյ­սով կա­րելի կը դառ­նայ։

Մեր խի­զախ աղա­ղակը պի­տի ըլ­լայ նոր տա­րուայ սպառ­նա­շունչ երե­սին. «Բո­լոր խնդիր­նե­րէն եւ մար­տահրա­ւէր­նե­րէն մեծ Աս­տո­ւած մը ու­նինք, որ մեր Երկնա­ւոր Հայրն է, խնա­մող ամե­նուն»։ Անոր արար­չա­գործ ձեռ­քե­րուն պի­տի յանձնենք մեր ապա­գան եւ բո­լոր դժո­ւարու­թիւննե­րը, որ­պէսզի ուժ եւ իմաս­տութիւն շնոր­հէ մե­զի՝ կուրծք տա­լու կեան­քի բո­լոր փո­թորիկ­նե­րուն առանց ընկճո­ւելու եւ յու­սա­հատո­ւելու։

Այս հա­ւատ­քը ու­նե­ցող­նե­րուն հա­մար Նոր Տա­րին ան­պայման շնոր­հա­ւոր պի­տի ըլ­լայ. քա­նի որ անոնք գի­տեն շաղ­կա­պել անձրեւ­նե­րը ծիածա­նին հետ, վարժ են վար­դը իր փու­շին հետ բռնել եւ հո­տոտել, սո­րուած են քրտին­քով հաց ու­տել ու բա­րեւել արե­ւը գի­շեր­նե­րով միասին։ Եթէ նոր տա­րին մե­զի պի­տի չյար­մա­րի, թող մենք անոր յար­մա­րինք, Պօ­ղոս Առա­քեալի ձայ­նակցե­լով. «Ես սո­րուած եմ բա­ւարա­րուիլ ին­չով որ կրցած եմ։ Գի­տեմ ապ­րիլ զրկան­քով, գի­տեմ ըլ­լալ առա­տու­թեան մէջ։ Ամէն բա­նի մէջ ամէն կեր­պով խե­լամիտ եմ՝ թէ՚ յա­գենա­լու մէջ, թէ՚ զրկանք կրե­լու։ Ամէն բա­նի կա­րող եմ շնոր­հիւ Անոր՝ որ զօ­րացուց զիս» (Փի­լիպ. Դ.11-14)։

Եթէ այս շնոր­հա­լի կե­ցուած­քը կրնանք ցու­ցա­բերել այս նոր տա­րուան ըն­թացքին, այդ ժա­մանակ է, որ մա­քուր խղճով, մար­դա­վայել զգա­ցու­մով եւ ան­կեղծու­թեամբ կրնանք ըսել.

Շնոր­հա­ւոր Նոր Տա­րի։

Ձեր բո­լորին կը մաղ­թեմ եր­ջանկու­թիւն եւ առող­ջութիւն, երկնա­ռաք լիակա­տար օրհնու­թեամբ։

Աղօ­թարար՝

Սա­հակ Բ.

Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ