Վերիվայրումներու անորոշութեան մէջ

Վերջին երեք ամիս­նե­րու ըն­թացքին Թուրքիոյ օրա­կար­գին առաջ­նա­կարգ խնդի­րը հան­դի­սացող Լի­րայի ան­կումը 18 Դեկ­տեմբեր շա­բաթ երե­կոյ յան­կարծա­կի կեր­պով կրկին ալե­կոծեց երկրի տնտե­սու­թիւնը։ Առա­ւօտո­ւայ ժա­մերուն 1 ԱՄՆ տո­լարը կ՚ար­ժէր 18,50 ԹԼ., իսկ նոյն երե­կոյեան այս ան­գամ ան­կում կրող Տո­լարը եղաւ եւ Լի­րայի ար­ժէ­քը բարձրա­ցաւ 12 ԹԼ.-ի։ Ան­շուշտ որ այս վե­րիվայ­րումը խոր շո­ւարում պատ­ճա­ռեց ու նաեւ ոմանց յան­կարծա­կի սնան­կացման պատ­ճառ դար­ձաւ։ Սոց­ցանցե­րու մէջ հան­դի­պեցանք լրա­տուու­թիւննե­րու, որոնց հա­մաձայն տու­նը ծա­խելով ստա­ցած գու­մա­րը տո­լարը վե­րածած քա­ղաքա­ցին րո­պէնե­րու տե­ւողու­թեան մէջ ու­նե­ցուած­քին 30 տո­կոսը կորսնցե­լու հար­կադրո­ւեցաւ։ Իրա­կանու­թեան մէջ կա­տարո­ւածը Կա­ռավա­րու­թեան մի­ջամ­տութիւնն էր, որ տո­կոս­նե­րը նո­ւազաց­նե­լու մի­ջոցաւ պատ­ճառ դար­ձած էր Լի­րայի ար­ժեզրկման եւ այժմ նոր կար­գադրու­թիւնով զար­տուղի կեր­պով կը բարձրաց­նէր տո­կոս­նե­րը եւ կը խոս­տա­նար հարստու­թիւնը Թրքա­կան Լի­րայով դրա­մատուն բե­րելով երաշ­խա­ւորել սա­կարա­նի ան­կումնե­րէն զերծ մնալ։

Բնա­կանա­բար հա­սարա­կու­թիւնը այս զար­գա­ցումնե­րը տես­նե­լով կար­ծեց թէ պի­տի նա­հան­ջեն նաեւ շու­կա­յի մէջ բարձրա­ցող գի­ները։ Ան­շուշտ որ չար­դա­րացաւ այդ ակ­նա­կալու­թիւնը, եթէ բա­ցառու­թիւն հա­մարենք բեն­զի­նի յա­ւելու­մը, որ պի­տի կա­յանաղ այդ գի­շեր իսկ եւ այս որո­շու­մով կանգ առաւ։ Հե­տեւցնե­լով կա­րելի է ըսել թէ տնտեական ան­կա­յու­նութիւ­նը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի Թուրքիոյ տնտե­սական կեան­քին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ