Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի քառասունքը

Հոգե­լոյս Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեանի վախ­­ճանման քա­­ռասունքին առ­­թիւ 26 Դեկ­­տեմբեր 2021, Կի­­րակի, Շիշ­­լիի գե­­րեզ­­մա­­­նատան ըն­­տա­­­նեկան դամ­­բա­­­րանին շուրջ կա­­տարո­­ւեցաւ կա­­նոնա­­կան արա­­րողու­­թիւն։

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը նա­­խագա­­հեց հան­­դի­­­սու­­թեան, իր շուրջն ու­­նե­­­նալով Աթո­­ռոյս միաբան հայ­­րեր՝ Գերպ. Տ. Զա­­քէոս Ծ. Վրդ. Օհա­­նեանը, Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեանն ու քա­­հանա­­յից դա­­սու ան­­դամնե­­րը եւ ժո­­ղովուրդի բազ­­մութիւն մը։

Արա­­րողու­­թեան աւար­­տին խօ­­սեցաւ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը եւ ըսաւ թէ բո­­լոր մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը խառն զգա­­ցումնե­­րու մէջ են, քա­­նի ամէն մարդ վարժ էր աշ­­խոյժ Հայր Թա­­թուլ մը տես­­նե­­­լու, իսկ հի­­մա իր հո­­ղակոյ­­տին շուրջն ենք ար­­դէն։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը յի­­շեց­­նե­­­լով հո­­ղին բա­­րեմաս­­նութիւննե­­րը, ըսաւ որ հո­­ղը հրաշքնե­­րու աղ­­բիւր է եւ մեր ննջե­­ցեալ­­նե­­­րը հո­­ղին կը յանձնենք։ Իրենց բա­­րի հո­­գինե­­րը կը բնա­­կին Աս­­տուծոյ ար­­քա­­­յու­­թեան, իսկ իրենց մար­­միննե­­րը դա­­տաս­­տա­­­նի օրը յա­­րու­­թիւն պի­­տի առ­­նեն փա­­ռաւոր մար­­մի­­­նով։ Այս առու­­մով հո­­ղը ոչ թէ մա­­հուան, այլ յա­­րու­­թեան խորհրդա­­նիշ պէտք է նկա­­տել։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը խօս­­քը շա­­րու­­նա­­­կելով, ըսաւ թէ Հո­­գելոյս Հայր Սուրբը որ­­պէս ու­­սուցիչ եւ որ­­պէս Ս. Գիր­­քի քա­­րոզիչ հունտեր սեր­­մա­­­նեց սիր­­տե­­­րու մէջ եւ այսպէ­­սով ան կը շա­­րու­­նա­­­կէ ապ­­րիլ։ Ապա ան­­գամ մը եւս ցա­­ւակ­­ցե­­­ցաւ Անու­­շեան ըն­­տա­­­նիքին, որ այսպի­­սի լաւ ան­­հատ մը հաս­­ցուցին եւ մե­­զի, մեր եկե­­ղեցիին եւ Աս­­տուծոյ նո­­ւիրե­­ցին։

Հո­­գելոյս Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. յի­­շատա­­կուե­­ցաւ Վա­­քըֆ­­գիւղի մէջ

Հո­­գելոյս Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեանի քա­­ռասունքին առ­­թիւ, Գա­­ւառի Տե­­սուչ եւ Հա­­թայի եկե­­ղեցեաց Հո­­գեւոր Հո­­վիւ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեան, 26 Դեկ­­տեմբեր 2021, Կի­­րակի, Մու­­սա Լե­­րան Վա­­քըֆ գիւ­­ղի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ Ս. Պա­­տարագ մա­­տոյց։

Տէր Հայ­­րը ի ժամ Ս. Պա­­տարա­­գի խրա­­տական խօ­­սեցաւ եւ վեր առաւ Հո­­գելոյս Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեանի կեանքն ու վաս­­տա­­­կը։ Ան յի­­շեց, որ Հայր Թա­­թուլ Վար­­դա­­­պետ որ­­քան կը հե­­տաքրքրո­­ւէր գիւ­­ղով եւ դեռ քա­­նի մը ամիս առաջ քա­­նի մը օրով եկած էր գիւղ՝ հանգստա­­նալու հա­­մար։

Յա­­ւարտ Ս. Պա­­տարա­­գի հանգստեան կարգ կա­­տարո­­ւեցաւ հան­­գուցեալ Հայր Սուրբի հոգ­­ւոյն ի հան­­գիստ։ Իսկ եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թե­­­նէ ետք, հո­­գեճաշ բաժ­­նո­­­ւեցաւ հա­­ւատա­­ցեալ­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ