«Մէկ Ձայնով» 26 վկայութիւններ

Մայրը եւ որդին ժամացոյցի մը սլաքներու տպաւորութիւնը կը թողուն իմ մօտ։ Կարճ սլաքը որ կը յառաջանայ, մայրն է կարծես,
իսկ որդին իբրեւ երկար սլաք կը շրջի, կը շրջի ու կը կպչի մօրը։

Տղամաղդկանց զինծառայութեան յուշերուն նման է կիներու յղութեան յուշերը, անվերջանալի։ Ոմանք կը գովաբանեն այդ շրջանը։
Մինչդեռ այդ երկար ժամանակի հատուածին մէջ ինչ սարսափազդու վախեր, մտահոգութիւններու կ՚ապրուին։

«Ակօս»ի մեր սիրելի գործընկերներէն Ռիթա Էնտեր իր յղութեան շրջանին լսեց նաեւ ուրիշներու յղութեան պատմութիւնները եւ
հեղինակեց «Մէկ Ձայնով» անուն գիրքը։ Ահա մեր զրոյցը ստորեւ։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Ինչպէ՞ս որո­շեցիր նման գիր­քի մը ձեռ­նարկել։

Իմ յղու­թեան մեծ մա­սը ան­ցաւ քա­րան­թի­նի պայ­մաննե­րուն մէջ։ Փո­ղոցը կեան­քը կար­ծես կանգ առած էր։ Նո­ւազած էին գոր­ծերս։ Աւե­լի եր­կար կը մտմտա­յի ընդհան­րա­պէս յղու­թեան եւ յատ­կա­պէս ալ իմ յղու­թեան մա­սին։ Նիւ­թի հետ առնչո­ւած գիր­քեր կը կար­դա­յի, որոնք ընդհան­րա­պէս կը ծան­րա­նային առող­ջութեան ու խնամ­քի նիւ­թե­րուն։ Կը զգա­յի որ երե­ւոյ­թը այսքա­նով սահ­մա­նուած չէ։ Խօ­սելու ար­ժա­նի այլ երե­սակ­ներ ալ ու­նի։ Այսպէս ծա­գեցաւ նման փոր­ձա­ռու­թիւն ապ­րած այլ կա­նանց հետ խօ­սելու գա­ղափա­րը։ Իմ նա­խորդ աշ­խա­տու­թիւննե­րէն ալ օրի­նակ առ­նե­լով ու­զե­ցի այս մա­սին աւան­դութիւններն ալ պրպտել։ Տար­բեր մշա­կոյթնե­րէ ներս յղու­թեան եւ ծննդա­բերե­լու հետ առնչո­ւած աւան­դութիւննե­րը եւ սո­վորոյթնե­րը իմա­նալ ու­զե­ցի։ Գիր­քը իմ այդ հե­տաքրքրու­թեան պտուղն է։

Զրու­ցե­ցիր մէկ մարմնի մէջ եր­կու կեանք պա­րու­նա­կող ան­ձանց հետ։ Անոնց ապ­րած դժո­ւարու­թիւննե­րը ինչպէ՞ս տպա­ւորե­ցին քեզ։

Ան­շուշտ որ կո­րուստնե­րը կամ այ­րե­րու բռնու­թիւննե­րը կամ ու­րիշ մէկ օրի­նակին յղու­թեան ըն­թացքին բեր­ման են­թարկուիլը յու­զիչ պատ­մութիւններ էին։ Բայց իբ­րեւ լսող իմ յու­զումս ի՞նչ կը նշա­նակէ այդ տա­ռապան­քը ապ­րողնե­րուն դի­մաց։ Զիս ամե­նաշատ տպա­ւորող խոր­հուրդը մէկ մարմնի մէջ եր­կու կեանք ապ­րիլն էր, որ կ՚ապա­ցու­ցէր կին արա­րածի ու­ժե­ղու­թիւնը։

Քա­նի՞ կի­ներուն հետ զրու­ցե­ցիր։ Բո­լորին հետ ծա­նօթա­ցա՞ր։ Ինչպէ՞ս կապ հաս­տա­տեցիր իրենց հետ։

Գիր­քին մէջ 26 կի­ներուն հետ զրու­ցած եմ, որոնցմէ 13-ը ար­դէն նա­խապէս ալ ծա­նօթ էին։ Իսկ ան­ծա­նօթ­նե­րը հարց ու փոր­ձով գտայ։ Պա­տահա­կան ընտրու­թիւններ չէին։ Օրի­նակի հա­մար լազ կնոջ մը յղիու­թիւնը կամ ման­կա­բար­ձի մը յղիու­թիւնը ին­ծի հա­մար յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նէին։ Սե­ռային խտրա­կանու­թեան նիւ­թե­րով աշ­խա­տող կին մը դար­ձեալ իմ ու­շադրու­թեան կի­զակէ­տին եղաւ։ Հա­մարեա բո­լորին հետ հա­մացան­ցի մի­ջոցաւ տե­սալ­սո­ղական դրու­թեամբ զրու­ցե­ցինք։ Իսկ քա­նի մը օրի­նակ­նե­րու հետ միայն հե­ռախօ­սով բա­ւարա­րուե­ցանք։

Գիր­քին մէջ յատ­կա­պէս կը հարցնես տար­բեր սո­վորոյթնե­րու եւ աւան­դոյթնե­րու մա­սին։ Օրի­նակ ին­ծի հա­մար շատ հա­ճելի էր Սրբու­հի Վար­վա­ռայի օրը։ Կրնա՞ս քիչ մը ման­րա­մաս­նել։

Այս աւան­դութեան մէջ գլխա­ւոր դե­րակա­տարն է ցո­րենի հաս­կը։ Ցո­րենը առա­տու­թեան կող­քին ծննու­դա­բերու­թեան ալ խորհրդա­նիշն է։ Սրբու­հի Վար­վա­ռան կը յի­շատա­կուի 17 Դեկ­տեմբե­րին։ Եթէ կ՚ու­զես շա­րու­նա­կու­թիւնը փո­խան­ցեմ զրու­ցա­կիցիս պա­տու­մով. «Տա­րածուն հա­մոզում է թէ Սրբու­հի Վար­վա­ռան ապ­րած է Լի­բանա­նի շրջա­կայ­քը։ Բա­ւական վի­ճելի կեր­պար մըն է։ Հայ­րը կռա­պաշտ մըն էր։ Քրիս­տո­նէու­թեան հա­կումներ ու­նե­ցող դուստրը բան­տա­րակած էր աշ­տա­րակի մը մէջ։ Սրբու­հի Վար­վա­ռա աշ­տա­րակէն փախ­չե­լով կ՚ան­հե­տանայ ցո­րեանի հաս­կե­րուն մէջ։ Սա­կայն հրաշ­քը հոն է, որ այդ ցո­րենի ար­տը նա­խապէս գո­յու­թիւն չու­նէր, յան­կարծա­կի բու­սաւ ու աճե­ցաւ, որ­պէսզի Վար­վա­ռա ան­հե­տանայ հաս­կե­րու մէջ»։

Զիս տպա­ւորող պա­տումնե­րէն մէկն ալ առա­ջին յղու­թիւնը վի­ժու­մով աւար­տած կնոջ մա­սին է։ Այդ վի­ժու­մը շատ ազ­դած է իր վրան եւ երկրորդ յղու­թեան ըն­թացքին մին­չեւ ծննդա­բերու­թիւն չէ կրցած իւ­րացնել իր զա­ւակը։ Կրնա՞ք պատ­մել այս մա­սին։

Մայ­րա­կան ֆա­շիզ­մը ինչպէ՞ս կը բնու­թագրէք հար­ցուցած էի։ Ինքզինք կա­տարեալ մայր ըլ­լա­լով տես­նող կարգ մը կի­ներու ամէն ին­չի մի­ջամուխ ըլ­լա­լը ես կը բա­ցատ­րեմ մայ­րութեան ֆա­շիզմ եզ­րով։ Միշտ թերութեան մը կը վե­րագ­րեն։ Հա­մոզո­ւած են որ զաւ­կիդ հան­դէպ բա­ւակա­նին սէր, ու­շադրու­թիւն եւ խնամք չես ցու­ցա­բերեր։ Նոյ­նիսկ յա­ճախ կը շեշ­տեն զաւ­կիդ որ­քան տկար, լալ­կան, կամ անա­ռակ ըլ­լա­լը։ Յու­սամ չես հան­դի­պիր իրենց, բայց ան­կա­րելի է, ընդմիշտ հոն են։ Զա­ւակդ պա­տուաստի կը տա­նիս կամ մրգա­վաճա­ռէն գնում պի­տի ընես եւ կամ հան­րա­շար­ժող պի­տի ճամ­բորդես անոնք միշտ կող­քիդ են։ Պատ­րաստ են քեզ սաս­տե­լու եւ խրատ­ներ տե­ղաց­նե­լու։ Այս հաս­տա­տումնե­րը ընե­լէն ետք մեկ­նա­բանեց նաեւ նման վար­քի ետին կանգնած հա­սարա­կական իրո­ղու­թիւնը։ Կա­նանց իշ­խա­նու­թեան մի­ջոց­նե­րը խիստ սահ­մա­նափակ ըլ­լա­լուն այս նիւ­թի մէջ առիթ մը գտած կ՚ըլ­լան։ Օրի­նակի հա­մար սա­պէս կ՚ըսեն. «Դուն փաս­տա­բան ես։ Բազ­մա­թիւ գիր­քե­րու հե­ղինակն ես։ Բայց մայ­րութիւ­նը բո­լորո­վին տար­բեր բան է։ Դուն եկուր ին­ծի հար­ցուծ թէ ինչ է մայ­րութիւ­նը»։ Իրենք մղող պայ­մաննե­րը գիտ­նա­լուս, բար­կա­նալ ալ կա­րելի չէ։ Անոնք ալ այս բնա­գաւա­ռին մէջ զի­րենք յա­ջողած կը զգան։

Գիր­քիս մա­սին գրա­խօսա­կան մը շա­րադ­րած ըն­կե­րաբան Արուս Եու­մուլ անդրա­դար­ձած էր այս երե­ւոյ­թին եւ գրած էր հե­տեւեալը. «Յղի կնոջ մար­մի­նը են­թա­կայ է ու­րիշնե­րուն խոր­հուրդնե­րուն եւ խրատ­նե­րուն՞ նոյնիսկ դպչելուն։ Կի­ներու վե­րագ­րո­ւած աւան­դա­կան մեր­ձե­ցու­մի հա­մաձայն յղի կի­նը պէտք է հրա­ժարի իր եսէն։ Թուրքիոյ մէջ իւ­րա­քան­չիւր կին կ՚առե­րեսո­ւի այս իրո­ղու­թեան հետ»։

Զրու­ցա­կից­նե­րէդ մէ­կուն «Ամէն ծննդա­բերու­թիւն իրեն յա­տուկ է։ Նոյ­նիսկ ման­կա­բարձ բժիշ­կը ան­գամ չի գի­տեր ինչպէս ծննդա­բերու­թիւն պի­տի ընես» խօս­քը ին­ծի հա­մար ծննդա­բերու­թիւնը բա­ցատ­րող լա­ւագոյն նա­խադա­սու­թիւնը եղած է։ Քու լա­ւագոյն նա­խադա­սու­թիւնդ ո՞րն է։

Չեմ կրնար իս­կոյն պա­տաս­խա­նել նման հար­ցումի մը։ Բայց ես ալ այդ նա­խադա­սու­թե­նէն տպա­ւորո­ւած էի։ Ներ­կա­յիս բնա­կան եղա­նակ­նե­րով ծննդա­բերե­լու մա­սին լուրջ ճնշում մը կայ եւ այդ ճնշու­մը բա­նեց­նողնե­րը միայն մաս­նա­գէտ­նե­րը չեն։ Ցան­կա­ցած մարդ այս մա­սին կար­ծիք յայտնե­լու իրա­ւասու կը տես­նէ զինք։ Ան­շուշտ որ բնա­կան ծննդա­բերու­թիւնը շատ յա­տուկ երե­ւոյթ մըն է, բայց պա­հը ինչ կը թե­լադէ չենք կրնար կան­խա­տեսել։ Ու­րիշ զրու­ցա­կիցի խօս­քով կը պա­տաս­խա­նեմ. «Ինչ որ ալ ըլ­լայ յղու­թեան եւ ծննդա­բերու­թեան հա­ճոյ­քը կ՚ապ­րինք»։

Յղու­թիւնը ինքնին շատ տպա­ւորիչ շրջան մըն է։ Պատ­րաստու­թեան շրջան մը։ Իսկ ին­չի՞ պատ­րաստու­թիւն։ Ար­դեօք մայր ըլ­լա­լու պատ­րաստո­ւիլ կա­րել՞ է։ Զրու­ցա­կիցս, որ ինք ալ գիր­քի մը հե­ղինակն էր իր ստեղ­ծած կեր­պարնե­րէն Զե­լիհան օրի­նակ բե­րելով հե­տեւեալը ըսաւ. «Զե­լիհա Հա­լէպ­չէի դէպ­քե­րու ըն­թացքին կ՚անդրա­դառ­նայ որ յղի է։ Ան­շուշտ մեզ նման չի տա­րուիր ար­դեօք երա­խայ մը բե­րելու պատ­րա՞ստ եմ մտածելու։ «Յղի եմ» կ՚ըսէ ու վերջ։ Այդ պա­հուն ար­դէն երա­խայ մը ու­նի կռնա­կին կա­պած, երկրորդ մը ձեռ­քէն բռնած, եր­րորդ մը գիր­կը եւ չոր­րորդը ար­դէն ան­կա­խաբար իր առ­ջեւ կը քա­լէ։ Ծիծ տո­ւած ժա­մանակ յղիանա­լը բա­ւակա­նին դժո­ւար բան մըն է։ Բայց իրենց հա­մար դժո­ւարու­թիւնը մեր ըն­կա­լու­մէն տար­բեր է։ Այդ կի­ներէն ոմանք նոյ­նիսկ մէկ ան­գամ բժշկա­կան քննու­թեան չեն են­թարկո­ւիր։

Այս մա­սին ու­րիշ վկա­յու­թիւն մը բե­րած էր նկա­րահան Էլ­մաս Արուս։ Ան ալ իր յղու­թեան շրջա­նին Մար­տին վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ նկա­րահա­նած ժա­մանակ խիստ տպա­ւորո­ւած էր 23 կամ 24 տա­րեկան թո­ւացող կի­նէ մը։ «Կը հարցնեմ քա­նի տա­րեկան եմ –չեմ գի­տեր-» կը պա­տաս­խա­նէ։ Քա­նիերորդ երա­խադ է կը հարցնեմ։ Աչք մը կը նե­տէ շուրջին­նե­րուն եւ ապա կը պա­տաս­խա­նէ։ Կը շա­րու­նա­կեմ հարցնել, բժիշ­կի գա­ցած է։ -Ո՛չ- կ՚ըսէ ու փոր­ձա­ռու կնոջ մը անու­նը կ՚ըսէ, ան օգ­նած է ծննդա­բերե­լուն։ Քա­նի տա­րեկա­նիդ ամուսնա­ցար հար­ցումն ալ ան­պա­տաս­խան կը մնայ։ Ոչ կնու­թեան, ոչ յղու­թեան եւ ոչ ալ ապ­րած կեան­քին կը գի­տակ­ցի։ Իրեն վե­րագ­րո­ւած պար­տա­կանու­թիւններ կան այս աշ­խարհի վրայ, որոնք պի­տի կա­տարէ։ Հարս ես պի­տի աշ­խա­տիս, կին ես պի­տի գո­հաց­նես ամուսնոյթ սե­ռային պա­հանջնե­րը, եւ մայր ես պի­տի խնա­մես զա­ւակ­ներդ։ Այս բո­լորին մէջ իրենց յա­տուկ ոչինչ կայ»։

Բա­ցի այս ինքնու­թեան կո­րուստէն, կայ նաեւ ան­ցանկա­լի յղու­թեան երե­ւոյթներ։ Կ՚ու­զէի այդպէս օրի­նակ մըն ալ տե­ղադ­րել գրքին մէջ, բայց հո­գեվի­ճակս այդքան ալ յար­մար չէր։ Միւս կո­ղէ կան օրա­ցոյ­ցի հա­մաձայն յղիացող­ներ։ Նախ­քան ծննդա­բերե­լը խնա­մող­նե­րու փնտռտու­քին մտած­ներ։ Ար­դեօք անոնք աւե­լի պատ­րա՞ստ են։ Վստահ չեմ։ Չեմ կար­ծեր։

Գիր­քին մէջ կը հան­դի­պինք ման­կա­բարձ բժշկու­հիի, կամ նո­րածին­նե­րու խնամ­քը ստանձնած բուժքոյ­րե­րու։ Ար­դեօք անոնք ի՞նչ փոր­ձա­ռու­թիւններ ապ­րե­ցան։ Իրենց գի­տելիք­նե­րը դիւ­րաւ կրցա՞ն կի­րար­կել։

Ձեր նշած երկու զրու­ցա­կիցս ալ գի­տակից ու փոր­ձա­ռու մայ­րեր էին, հե­տեւա­բար դիւ­րաւ կրցան ան­տե­սել շուրջէն եկած թե­լադ­րանքնե­րը։ Բժշկու­հին յղու­թեան առա­ջին օրէն սկսեալ միշտ լաւ տրա­մադ­րո­ւած է։ Իսկ բուժքոյ­րը որոշ դժո­ւարու­թիւններ ապ­րե­ցաւ։ «Առա­ջին զա­ւակիս հետ, երբ հի­ւան­դա­նոցէն տուն եկայ որոշ տա­տանցումներ ապ­րե­ցայ։ Մօ­տաւո­րապէս երեք ամիս տե­ւեց այս նոր կեան­քի յար­մա­րուիլս։ Ես ինքս ցուցմունքներ կ՚ընէի նոր ծննդա­բերած կա­նանց։ Հե­տեւա­բար գի­տէի բո­լոր այդ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Ին­ծի հա­մար ան­սովոր եղա­ծը զաւ­կիս հետ ամ­բողջ օր մը անցնելն էր։ Հի­ւան­դա­նոցն ալ նոյն բա­ները կ՚ընէի, բայց աշ­խա­տապահս կ՚աւար­տէր եւ ազատ կը մնա­յի։ Իսկ այս նոր դրու­թեան մէջ ազատ մնա­լու հնա­րաւո­րու­թիւն չկար։ Ծննդա­բերու­թեան 20-րդ օրն էր մօրս դի­մեցի եւ ըսի որ պէտք է աշ­խա­տան­քի եր­թամ ու ամուսնոյս հետ սի­նեմա գա­ցի։ Երեք ամիս վեր­ջը դադ­րած էի ծիծ տա­լէ եւ իս­կա­պէս աշ­խա­տան­քի վե­րադար­ձայ»։

Վեր­ջին ան­գամ կ՚ու­զեմ հարցնել ընդհան­րա­ցած աւան­դութիւննե­րու մա­սին։

Այս զրոյցնե­րէն պար­զո­ւեցաւ թէ ամե­նաընդհա­նուր աւան­դոյթը քա­ռասունքի սո­վորու­թիւնն է։ Բո­լոր կրօն­նե­րը կամ ազ­գութիւննե­րը կը յար­գեն 40 օրը։ Աչ­քի ու­լունքը եւս ընդհան­րա­ցած երե­ւոյթ մըն է։ Բայց ին­ծի հա­մար ալ յայտնու­թիւն եղած սո­վորոյթներ կա­յին։ Նո­րածի­նին սե­նեակը դա­նակ մը դնել, պոր­տը դրան շե­մին ծե­փել, նո­րածի­նը մեղ­րով օծել, նոր ծննդա­բերած կի­նոջ անձրե­ւի ջու­րով լո­ւացո­ւիլը…։ Ջու­րը ինքնին խորհրդա­նիշ մըն է ար­դէն։ Մօր ար­գանդին մէջ ջու­րի մէջ աճած նո­րածի­նը ջու­րով կը դի­մաւո­րուի, ջու­րով կ՚օծո­ւի։ Մկրտու­թե­նէն ետք աւա­զանի արա­րողու­թիւնն ալ յա­տուկ նշա­նակու­թիւն մը ու­նի։ Գնչուական սո­վորոյ­թով մը 20 օրեայ նո­րածի­նին նո­ւագա­ծու­նե­րու ըն­կե­րակ­ցութեամբ բաղ­նիք տա­րուի­լը եւս հե­տաքրքրա­կան էր։ Սե­ֆարատ հրեանե­րը «քա­շատու­րա» կո­չուած սո­վորու­թիւն մը ու­նին։ Յղու­թեան հին­գե­րորդ կամ եօթե­րորդ ամ­սուն եր­կուշաբ­թի կամ հինգշաբ­թի օր մը գա­լիք երա­խային հա­մար սպի­տակ լա­թէ շո­րեր կը կա­րուի։ Հա­զիւ այդ արա­րողու­թե­նէ ետք է որ երա­խային հա­մար գնումներ կը կա­տարո­ւին։

Որ­դիս ծննդա­բերու­թե­նէն քա­նի մը օր ետք թլփա­տուե­ցաւ եւ աղօթքնե­րով անուանա­կոչո­ւեցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ