«Աւանդական» եւ «Մեր Տանիք» խումբերու հաւաքոյթը՝ Արամեան Սանուց Միութեան մէջ

Նոր Տա­րուայ նա­խօրեակին՝ 26 Դեկ­տեմբեր Կի­րակի օր մեծ խան­դա­վառու­թիւն կը տի­րէր Արա­մեան Սա­նուց Միու­թեան մէջ, որ իր դռնե­րը բա­ցած էր Պոլ­սոյ գոր­ծօն եր­կու հայ ըն­կե­րային խումբե­րու՝ «Աւան­դա­կան»ի եւ «Մեր Տա­նիք»ի։ Օրուան կազ­մա­կեր­պիչն էր Արա­մեան Սա­նուց Միու­թեան ատե­նապետ՝ Սե­ւան Աթաօղ­լու, որ իրեն պէս այդ եր­կու խումբե­րու ան­դամ՝ Յ աս­մին Ռոս­տո­մեանի հետ գոր­ծակցե­լով ներ­կա­ներուն ապ­րե­ցուց ան­մո­ռանա­լի պա­հեր։

Հա­ւաքոյ­թի պա­տուա­կալ հիւրն էր «Աւան­դա­կան» պա­րախումբի հիմ­նա­դիր եւ գլխա­ւոր պա­րու­սոյց՝ Յա­կոբ Կիւ­լէչ, որ տա­րիէ մը ի վեր գոր­ծի բեր­մամբ հաս­տա­տուած էր Հա­յաս­տան։ Պր. Յա­կոբ ներ­կա­ները հրա­ւիրեց միաս­նա­բար շուրջպար կազ­մե­լու։ Կիւ­լէչ այս առ­թիւ տո­ւաւ շա­հեկան տե­ղեկու­թիւններ հայ­կա­կան պա­րարո­ւես­տի յատ­կութիւննե­րուն մա­սին։ Երաժշտու­թիւն եւ պա­րը մթնո­լոր­տը խան­դա­վառեց եւ ոգե­ւորեց խումբե­րու ան­դամնե­րը։ Մինչ այդ՝ տղա­քը պար­տէ­զը խա­ղեր խա­ղալով զո­ւար­ճա­ցան։

Օրո­ւան հիւ­րա­սիրու­թիւններն էին խո­րոված եր­շիկ եւ տաք գի­նի, նաեւ պա­նիր, խմո­րեղէն­ներ եւ անու­շե­ղէն­ներ։

Ներ­կա­ները յայտնե­ցին իրենց շնոր­հա­կալու­թիւնը հան­դի­սու­թեան կազ­մա­կեր­պիչնե­րուն եւ մաղ­թե­ցին յա­ջորդ տա­րի աւե­լի լաւ պայ­մաննե­րով կա­րենան մէկ­տեղուիլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ