Ամանորը կը դիմաւորենք խղճի վէրքերով

Երբ Թուրքիա կը պատ­­րաստո­­ւի թե­­ւակո­­խել նոր տա­­րի մը, տնտե­­սական ալե­­կոծումնե­­րով հրահ­­րո­­­ւած առօ­­րեային վրայ այս ան­­գամ ալ եկած է կու­­տա­­­կուե­­լու քա­­ղաքա­­կան սրո­­ւածու­­թեան մթնո­­լոր­­տը։ Դրա­­մատու­­նե­­­րու մի­­ջեւ վե­­րահսկո­­ղու­­թեան կա­­ռոյ­­ցը դա­­տախա­­զու­­թեան դի­­մում կա­­տարե­­լով պա­­տիժ պա­­հան­­ջեց կարգ մը տի­­տեսա­­գէտ­­նե­­­րու եւ տնտե­­սագի­­տական վեր­­լուծա­­բան­­նե­­­րու դէմ։ Կա­­ռոյ­­ցը իր բո­­ղոքագ­­րին մէջ կը նշէ թէ ցան­­կագրեալ ան­­ձե­­­րը իրենց մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րով հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ խու­­ճապ ստեղ­­ծած եւ տնտե­­սական ան­­կա­­­յու­­նութեան պատ­­ճառ դար­­ձած են։ Միւս կորղմէ Ար­­դա­­­րադա­­տական Նա­­խարա­­րու­­թեան ալ դի­­մում կա­­տարո­­ւած է, որ­­պէսզի դա­­տավա­­րու­­թեան ար­­տօ­­­նու­­թիւն տրո­­ւի՝ այն ՀՏՓ-ական­­նե­­­րուն դէմ, որոնք 1915-ի դէպ­­քե­­­րը բնու­­թագրած են իբ­­րեւ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն։

Յի­­շենք որ մօտ ան­­ցեալին նման մե­­ղադ­­րանքով բարձր տու­­գանքի են­­թարկո­­ւած էր «»ԹԵ­­ԼԷ 1» հե­­ռուստա­­կայա­­նը, հա­­ղոր­­դումի մաս­­նակիցնե­­րէն մէ­­կուն ու­­ղիղ եթե­­րի ըն­­թացքին Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանին հաս­­ցէին «Տիք­­տա­­­թէօր» կո­­չելուն հա­­մար։

Յայտնի իրո­­ղու­­թիւն է, որ նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան հա­­մաշ­­խարհա­­յին քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տի վրայ հա­­մատա­­րած կեր­­պով ար­­ժա­­­նացած է այդ կո­­չու­­մին։ Նոյնպէս 1915-ի դէպ­­քե­­­րը հա­­մամշխար­­հա­­­յին գետ­­նի վրայ ան­­վի­­­ճելի կեր­­պով «ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն» կը կո­­չուին։ Ու­­րեմն Թուրքիոյ մէջ պա­­տիժ կը սահ­­մա­­­նուի տիք­­տա­­­թէօրին տիք­­տա­­­թէօր ըսող­­նե­­­րուն կամ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը փաս­­տա­­­ցի իրո­­ղու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով հա­­սատա­­տող­­նե­­­րուն դէմ։

Վեր­­ջերս հա­­լածան­­քի սլաք­­նե­­­րը ուղղո­­ւած են Իս­­թանպու­­լի Մայր Քա­­ղաքա­­պետ Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լո­­­ւին։ Նախ Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րը եւ ապա Հան­­րա­­­պետու­­թեան Նա­­խագա­­հը Իմա­­մօղ­­լուն կը մե­­ղադ­­րեն իբ­­րեւ թէ քա­­ղաքա­­պետա­­րանի անձնա­­կազ­­մին մէջ ահա­­բեկիչ­­ներ պաշ­­տօ­­­նակոչելուն հա­­մար։

Միւս կող­­մէ դա­­տարա­­նը ան­­գամ մը եւս մեր­­ժած է հան­­րա­­­ծանօթ հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի ազատ ար­­ձա­­­կու­­մը։ Նմա­­նապէս հեր­­թա­­­կան ան­­գամ մեր­­ժո­­­ւած է նախ­­կին երես­­փո­­­խան, այժմ բան­­տի պայ­­մաննե­­րու մէջ ալ­­զայմեր հի­­ւան­­դութե­­նէն տա­­ռապող Այ­­սել Թուղլու­­քը ազատ ար­­ձա­­­կելու կո­­չերը։

Իսկ 28 Դեկ­­տեմբեր երեք­­շաբթի օր ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան Պահչելիէվլերի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղը կրկին ան­­գամ յար­­ձա­­­կու­­մի թի­­րախ դար­­ձաւ։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար այս յար­­ձա­­­կու­­մը նա­­խապէս Իզ­­մի­­­րի մէջ կա­­տարո­­ւածին նման արիւ­­նա­­­լի չե­­ղաւ եւ կու­­սակցա­­կան­­ներ միջամտելով չէ­­զոքա­­ցու­­ցին յար­­ձա­­­կող ան­­ձը եւ յանձնե­­ցին ոս­­տի­­­կանու­­թեան։

Ահա­­ւասիկ քա­­նի մը օրի­­նակ­­ներ, որոնց քննար­­կումը յա­­ջորդ տա­­րի ալ պի­­տի տա­­ռապեց­­նէ շա­­տերու խիղ­ճե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ