Թող միշտ վառ մնայ Յոյսի Աստղը

Բանահիւսութեան եւ գրականութեան ամենափայլուն օրի­նակը պէտք է հա­մարո­ւի մա­նուկ Յի­սու­սի Ծննդեան դրո­ւագը։ Ծնունդ մը, որ իրա­կանա­ցած է մսու­րի մը մէջ, փայ­լած է Բեթ­ղե­հեմի աստղը եւ երեք մո­գեր հե­տեւե­լով այդ աստղի ուղղու­թեան վե­րահա­սու եղած են գե­րազանց աւե­տիսին։

Այս պա­հուն նշա­նակու­թիւն չու­նի թէ աշ­խարհաս­փիւռ քրիս­տո­նէու­թիւն եւ հայ հա­ւատա­ցեալ­ներ տար­բեր թո­ւական­նե­րուն կը նշենք Սուրբ Ծննդեան խոր­հուրդը, բայց մէկ է՝ բո­լորս ալ Ամա­նորը կը թուարկենք Փրկչի ծնունդով։ Տա­րես­կիզբը վեր­ջա­պէս փրկչա­կան օրա­ցոյ­ցի առա­ջին օրը կ՚աւե­տէ։ Մեկ­նա­կէտ մը՝ որ աւե­լի քան 2000 տա­րիներ է որ յոյ­սով կը լցքա­ւորէ հա­մայն մարդկու­թիւնը։

Ի զուր չէ որ քրիս­տո­նէական գրա­կանու­թեան մէջ Բեթ­ղե­հեմի աստղը յա­ճախ կը յի­շուի նաեւ «յոյ­սի աստղ» ածա­կանով։ Ու­րեմն այս Նոր Տա­րի ալ թող միշտ վառ մնայ յոյ­սի աստղը մեր դի­մաց, որ­պէսզի յա­ջողինք մեր բո­լոր բա­րի նպա­տակ­նե­րուն։

Շնոր­հա­ւոր Ամա­նոր բոլորին

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ