Գուզկունճուքի դատավարութիւնը կը վերսկսի

Մազլում Սե­­րին անուն ան­­ձը 23 Մա­­յիս 2020 թո­­ւակա­­նին պո­­կած էր Գուզկունճու­­քի Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ Եկե­­ղեց­­ւոյ մուտքի դրան վե­­րեւ գտնո­­ւող խա­­չը։ Յան­­ցա­­­գոր­­ծը բեր­­ման են­­թարկուած է ու ապա Գար­­թալ, 64-րդ Հիմ­­նա­­­րար Պատ­­ժա­­­կան Ատեանի մէջ դա­­տուած եւ 14 Յու­­լի­­­սին ալ աղօ­­թատե­­ղինե­­րու եւ գե­­րեզ­­մաննե­­րու վնաս պատ­­ճա­­­ռելու յան­­ցանքով դա­­տապար­­տո­­­ւած էր մէկ տա­­րի չորս ամիս ազա­­տազրկման։ Այդ որո­­շու­­մէն ետք նոր զար­­գա­­­ցում մը ապ­­րո­­­ւեցաւ յան­­ցա­­­գոր­­ծի մօր դէպ­­քի թո­­ւակա­­նին իր որդւոյն խել­­քի կա­­րողու­­թիւննե­­րուն տկար ըլ­­լա­­­լուն մա­­սին պնդու­­մով։ Մայ­­րը կը պա­­հան­­ջէր դա­­տավա­­րու­­թեան կրկնու­­թիւնը։ Դա­­տարա­­նը այս առա­­րակու­­թիւնը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով որո­­շեց դա­­տավա­­րու­­թեան կրկնու­­թիւնը։

Այս մա­­սին «Ակօս»ին բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւող փաս­­տա­­­բան Եասէ­­մին Պալ յայտնեց թէ դա­­տավա­­րու­­թիւնը պի­­տի կա­­յանայ 8 Ապ­­րիլ 2022 թո­­ւակա­­նին դար­­ձեալ նոյն դա­­տարա­­նին մէջ։ Փաս­­տա­­­բան Պալ յայտնեց թէ յան­­ցա­­­գոր­­ծը նա­­խապէս յայտնած էր թէ կը տա­­ռապի շա­­քարախ­­տէ եւ սրտի ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թե­­­նէ։ «Ան չէր ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւած շի­­զոֆ­­րեն ըլ­­լա­­­լու մա­­սին։ Թէեւ շի­­զոֆ­­րեննե­­րը ընդհան­­րա­­­պէս կը մեր­­ժեն այդ ախ­­տա­­­ճանա­­չու­­մը։ Այս պա­­հուն մե­­զի հա­­մար աւե­­լի ու­­շագրաւ է թէ ար­­դեօք զինք այդ արար­­քին մղող ու­­րիշներ ալ կա՞ն, թէ ոչ։ Որով­­հե­­­տեւ Իս­­թանպու­­լի նման քա­­ղաքի մը մէջ շատ ալ հա­­ւանա­­կան չէ նման ոտնձգու­­թիւն մը»։

Փաս­­տա­­­բանը նաեւ պար­­զեց թէ յան­­ցա­­­գոր­­ծի մայրն ալ որդւոյն շի­­զոֆ­­րեն ըլ­­լա­­­լուն մա­­սին որե­­ւէ փաս­­տա­­­թուղթ չէ ներ­­կա­­­յացու­­ցած։ «Առանց փաս­­տա­­­ցի տո­­ւեալի մը առ­­կա­­­յու­­թեան դա­­տավա­­րու­­թեան վերսկսիլն ալ օրի­­նական չէ։ Այս դա­­տը խորհրդան­­շա­­­կան իմաստ ու­­նի։ Ան միաժա­­մանակ կը պար­­զէ երկրէ ներս տար­­բեր հա­­ւատքնե­­րու ուղղեալ անար­­գանքի դի­­մաց դա­­տական հա­­մակար­­գի մեր­­ձե­­­ցու­­մը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ