Կանոնագիրը կը յստականայ յառաջիկայ ամիսներուն

«Ակօս»ի նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի Անգարա Չանքայա ապարանքին մէջ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպման լուրին։ Այդ հանդիպումէն ետք պաշտօնական յայատարութիւն մը չէր կատարուած։ Այս մասին Շիրինօղլու պատասխանելով «Ակօս»ի թղթակից Միհրան Մանուկեանի հարցումներուն յայտնեց թէ հանդիպման համար ինք է որ ժամադրութիւն խնդրած է նախագահէն։ «Իրականութեան մէջ փափկավարական այցելութիւն մըն էր մեր կատարածը։ Այս առթիւ իրմէ լսեցինք որ առկախուած համայնքային ընտրութիւնները դասաւորող կանոնագրին համար բծախնդիր աշխատութիւն կը տարուի։ Կը կարծեմ թէ յառաջիկայ երեք կամ հինգ ամիսներու ընթացքին այդ աշխատութիւնները կը ձեւաւորուին եւ նոր կանոնագրի վրայ կարծիքի փոխանակումները կը սկսին։ Իմ կարծիքով նոր կանոնագիրը շրջանային բնոյթ պիտի ունենայ փոխանակ անցեալի թաղային սահմանումին։ Մեր զրոյցի ընթացքին միւս համայնքներու մասին կարծիքի փոխանակում մը չէ եղած։ Հաւանաբար իրենց ներկայացուցիչներն ալ որոշ բանակցութիւններ կը տանին պատկան մարմիններու հետ» ըսած է Պետրոս Շիրինօղլու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ